Ակնարկ. Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

11 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գրառումին հակազդեցութիւնը Անգարայի կողմէ` ո՛չ միայն պետական առումով, այլ նաեւ ընդհանրապէս քաղաքական-հասարակական մակարդակի վրայ մերժելի է` բռնամիջոցի ամէնէն վայրագ դրսեւորումի պետականացման հասկացողութեամբ:

Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիս դարձնելու առաջադրանքի Հայ դատի թուիթըրեան գրառումը ջղաձգութեան բարձր աստիճանաչափ արձանագրած էր Անգարայի պետական շրջանակներուն մէջ: Նախագահ Էրտողանի խորհրդականը կը սպառնար նման առաջադրանք ունեցողներուն գլուխը հեռացնել ուսերէն:

Ֆիզիքական բռնամիջոցի այս սպառնալիքը, անկախ պետական ըսելաձեւերու հետ իր ունեցած հակացուցուածութենէն, մտաբերել կու տայ բռնաոճի նմանատիպութիւն մը, դեռ երէկ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող սպանութեան եղանակներուն հետ: Խօսքը ուղղակիօրէն իսլամական ահաբեկիչներուն է, որոնք գլխատման տեսարաններ կը սարքէին եւ կը ցուցադրէին համացանցային տարբեր էջերու վրայ:

Անգարայի պաշտօնական սպառնալիքն ու իսլամական ահաբեկչութեան օգտագործած եղանակները բնականաբար կը խօսին ներշնչանքի մը մասին: Սարսափի եւ ահաբեկչութեան տարածումով ցեղային զտումներու, բռնագաղթերու կամ նման ահաւոր տեսարաններու դիմաց ինքնատեղահանման դիմելու զանգուածային տեղաշարժերու մղիչ գործօն հանդիսացող գործողութիւններ են, որոնք կ՛օգտագործուին պետական ահաբեկչական միաւորի հովանաւորչութիւնը վայելող կազմակերպութիւններու կողմէ:

Էրտողանի խորհրդականը այս բացայայտումն է, որ կը կատարէ եւ խորքին մէջ կը ստանձնէ գլխատման գործողութիւններու ներշնչանքի աղբիւր ըլլալու հանգամանալից կարգավիճակը:

Կ. Պոլսոյ վերադարձ կատարելու առաջադրանքը ունեցողներուն գլուխը ուսերէն հեռացնելու սպառնալիքը սակայն չ՛արժանանար միջազգային ակնկալուած հակազդեցութեան, անգամ մը եւս համոզելով դիպաշարին հետեւողը, որ բռնամիջոցի դէմ կատարուող յայտարարութիւններու հասցէականութիւնը խիստ քաղաքական շարժառիթ ունի, ինչպէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարգախօսին պարագայական առարկայացումները կամ ահաբեկիչ սահմանումին ընտրովի ընկալման քաղաքականացուած մօտեցումի երեւոյթը:

Սակայն նման ջղաձգութիւն ունի իր քաղաքական բացատրութիւնը: Կ. Պոլսոյ դիմագիծի վերադարձի առաջադրանքը զուտ հայկական չէ: Անիկա ըստ էութեան բազմազգեան է եւ այս պարագային յատկապէս նախ եւ առաջ` յունական:

4 յունիսին, Կիպրոսի մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենար եռակողմ հանդիպում` Երեւանի, Աթէնքի եւ Նիկոսիոյ մասնակցութեամբ: Երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում կարգախօսով հանդիպում ունեցան եւ ուղենշեցին քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու համագործակցութեան ուղիները:

Հանդիպումը ունի իր պատմականը անշուշտ: Եռակողմ համաձայնագիր գոյութիւն ունի, որուն հիման վրայ կը շարունակուին համագործակցութեան սլաքներու ճշդման այս քննարկումները:

Երեք ժողովուրդները կրած են թրքական գլխատման քաղաքականութեան ծանր հետեւանքները: Երեք երկիրները ունեցած են տարածքային կորուստներ եւ երեք երկիրները մերթ ընդ մերթ կը ստանան սպառնալիք միեւնոյն կեդրոնէն: Նոր տեղահանութեան, հրթիռակոծման, տնտեսական շրջափակման եւ այժմ գլխատման սպառնալիք:

Սպառնալիքի այս վերջին եղանակը, թէեւ հնչած հայկական կազմակերպութեան մը կողմէ կատարուած գրառումին ի հակազդեցութիւն, այսուհանդերձ ուղղուած է նաեւ հիմնականին մէջ Աթէնքին եւ Նիկոսիոյ: Երկուքն ալ Իսթանպուլին նկատմամբ ունին պատմական դիմագիծն ու էութիւնը վերադարձնելու թէկուզ պաշտօնապէս չյայտարարուած, այսուհանդերձ առկայ տեսլական-առաջադրանք:

Այս հանգամանքներուն յիշեցումով եւ յատկապէս եռակողմ հանդիպման փաստով կը բացատրուին Անգարայի վերջին ջղաձգութիւնները, որոնք խորքին մէջ ինքնախոստովանանք են ներշնչելու եւ հովանաւորելու` գլխատման գործողութիւններով յատկանշուած ահաբեկչական ժամանակակից քաղաքականութիւնը:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/440834

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail