Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Օրինագիծը

12 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ որդեգրեց Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով օրակարգ բերուած օրինագիծը:

Որդեգրուած օրինագիծը կը կրէ «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա դաշինքին ուղղուած մտահոգութիւններու արտայայտում» վերնագիրը: Միաձայնութեամբ որդեգրուած օրինագիծին մէջ կ՛առաջարկուի կիրարկել Միացեալ Նահանգներու թշնամիներուն դէմ ուղղուած ՔԱԱԹՍԱ (Ամերիկայի հակառակորդներու դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման մասին օրէնք) պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նպատակայարմարութիւնը: Օրէնքը կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած ամերիկացի քաղաքացիներուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է այս որոշումին` նշելով, որ այս օրինագիծը ոչ մէկ աղերս ունի Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արմատաւորուած բարեկամական ու դաշնակցային յարաբերութիւններուն հետ եւ անընդունելի են Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ու դատական համակարգին վերաբերեալ այդ անհիմն եւ անօրինական գնահատականները:

«Միշտ կը նշենք, որ բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներու միջեւ տարակարծութիւն յառաջանալու պարագային ամէնէն ազդեցիկ ուղին երկխօսութիւնն է եւ երկիրներու գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելը: Ատոր փոխարէն ոչ մէկ կապ ունեցող եւ փոխադարձ վստահութիւն բարձրացնելուն չծառայող որոշումներ որդեգրելը, սպառնալիքի եւ պատժամիջոցներու լեզուով խօսիլ շարունակելը անընդունելի է», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

aztagdaily.com/archives/441015

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail