Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ուսանող Թուրք Օդաչուներուն Արգիլուեցաւ «Էֆ-35»-ով Թռիչք Կատարել

12 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգին մէջ մարզուող թուրք զինուորական օդաչուները այլեւս չեն մասնակցիր «Էֆ-35» հալածիչներով կատարուող թռիչքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Փենթակոնի բանբեր Մայք Էնտրուսը:

«Նախարարութիւնը տեղեակ է, որ թուրք օդաչուները թռիչքներ չեն կատարեր…», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է. «Եթէ Թուրքիան չփոխէ իր քաղաքականութիւնը, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք Թուրքիան հեռացնել «Էֆ-35»-ի ծրագիրէն»:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարին յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Էֆ-35» հալածիչներու վրայ մարզուող թուրք զինուորական օդաչուները պէտք է մինչեւ 31 յուլիս հեռանան Միացեալ Նահանգներէն:

Այս որոշումը տրուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն լոյսին տակ: Ուաշինկթըն կը փորձէ ամէն գնով համոզել Անգարան` հրաժարելու ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումէն:

aztagdaily.com/archives/441016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail