Հրաժեշտ Մոնթէին – Մարգար Մելքոնեանը վերջին անգամ եղբայրը ողջ տեսած էր 1991ի ամառը

12 ՅՈՒՆԻՍ 2019 –

Մարգար Մելքոնեանը վերջին անգամ եղբայրը ողջ տեսած էր 1991ի ամառը, երբ եկած էր Հայաստան` հրաբխային ժայռի մէջ փորուած հին մատրան մը մէջ Մոնթէի ու անոր հարսնցուին գլխավերեւը խաչ պահելու:

ՙԵրբ 12 Յունիս 1993ի առտուն ընկալուչը վերցուցի եւ քրոջս ձայնը լսեցի` հասկցայ, որ անոր հեռաձայնը մեր եղբօրը` Մոնթէին կը վերաբերի: Ան մեզմէ 8000 մղոն հեռաւորութեան վրայ էր, նախկին Խորհրդային Միութեան ռազմադաշտերէն մէկուն մէջ, եւ մենք կը փորձէինք անոր տուփ մը ՙուոքի-թոքիներ՚ ղրկել:

– ՙՈւոքի-թոքիները՚ հաւանաբար պէտք պիտի չգան,- ըսաւ Մայլէն սեղմուած կոկորդով, ու յայտնեց, որ իմ միակ եղբայրն այդ օրը տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան մը ժամանակ զոհուած էր հեռաւոր Արցախի լեռներու ստորոտին:

Բայց սա առաջին անգամը չէր, որ անոր մահուան լուրը կը հասնէր ինծի: Տասնհինգ տարուայ ընթացքին լսած էի, որ զայն դիպուկահար մը սպաննած է, որ ան հրանօթային արկի պայթիւնի զոհ դարձած է, ռազմական օդանաւներու թռիչքէն յառաջացած օդային հոսանքները զայն թաղած են քարաբեկորներու տակ, եւ զայն գնդակահարած են օդանաւակայանի ոստիկանները: Այնուամենայնիւ, այս անգամ գիտէի, որ գէշ լուրն ստոյգ է: Մայլէին տուի միտքս եկած առաջին երկու հարցը. անոր մեռնիլը որքա՞ն տեւած է, եւ` զայն կռնակէ՞ն սպաննած են: Քոյրս այդ հարցումներուն պատասխանը չունէր:

Երկու օր յետոյ կանգնած էի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի փողոցներուն մէջ` Մայլէի, մօրս, հօրս եւ եղբօրս լաւ ընկերոջ հետ: Մինչ կը քալէինք դէպի կառավարական յուղարկաւորութեան վայրը, թաղման եկած մարդիկ սկսան զիս մէկ կողմ քաշել ու իրենց կասկածները յայտնել:

– Եղբայրդ դարանակալներ սպաննած են,- ըսաւ մէկը: Զայն կը սպասէին:

Ուրիշ մէկը կը հաստատէր, թէ մարդասպանն իր արարքի համար վարձատրուած է, իսկ մէկն ալ` որ հոս թուրքերուն մատը խառնուած է անպայման:

Յետոյ ներկաներէն մէկը շշնջաց, որ եղբայրս ծուղակն ինկած էր, իսկ այդ ծուղակը լարած էին ո’չ թէ թշնամիին զինուորները, այլ` իրեն մօտիկ մարդիկ:

Դաւաճանութեան մասին նման խօսակցութիւնն անհիմն չթուեցաւ: Տարիներու ընթացքին Մոնթէն հակառակած էր բազմաթիւ մարդոց կամքին. ո’չ միայն թրքական, իսրայէլեան ու ամերիկեան հետախուզական գործակալութեանց, այլեւ` ծայրահեղ ազգայնական հայրենակիցներու, ինքնակոչ ՙԳաղտնի Բանակ՚ի նախկին խմբաւորումներու, տեղական կանկսթերներու ու զօրագլուխներու, եւ ո՞վ գիտէ, թէ ուրիշ որոնց:

Ան թերեւս տասնեակներով մահացու ծուղակներէ փրկուած էր: Մոնթէի մահուան ՙպաշտօնական՚ սին վարկածը միայն խորացուց կասկածներս: Եղբայրս` հարիւրաւոր մարտերու փորձառու վեթերան, ինչպէս կ’ըսէին, սպաննուած էր լքուած գիւղի մը մէջ` թշնամիի հրասայլին ուղղութեամբ երթալով ու հակառակորդն իր մարդոց տեղը դնելով:

Եթէ Մոնթէին դաւաճաներ էին` հարց կը ծագէր. բազմաթիւ թեկնածուներէն ո՞վ կրնար ատիկա ըրած ըլլալ:

Աչքերուս առաջ նորէն սկսան ուրուագծուիլ այն պատկերները, որոնք ես տարիներ շարունակ աշխատած էի ինձմէ հեռու վանել:

Ահա’ Մոնթէն` ՙՍարo՚ կեղծանունով, Իրանեան Քիւրտիստանի մէջ աւազապարկերու մէջէն կը նայի: Ապա` դարձեալ Մոնթէն` ՙԱպու Սինտի՚ կեղծանունով, Պէյրութի մէջ` Եասէր Արաֆաթի հետ կողք-կողքի, ռումբերու տարափին տակ: Յետոյ` Մոնթէն, կալանաւոր, միայնակ` Փարիզէն դուրս գտնուող բանտի մը մութ խուցին մէջ:

Այնուհետեւ նորէն կը յայտնուի Մոնթէն, այս անգամ` ՙԹիմոթի Շոն Մաք Քորմիք՚ կեղծանունով. ան կազով ըմպելիներու շիշեր կը հաւաքէ փողոցին մէջ, Եուկոսլաւիոյ` խելայեղ ուղի բռնած նոր ղեկավար Սլոպոտան Միլոշեւիչին զօրակցող հանրահաւաքէ մը յետոյ:

Վերջապէս, հրամանատար Աւօն` Արցախի հեռաւոր լեռներուն մէջ, զրահի ծռմռուած բեկորներով ծածկուած մարտադաշտին մէջ` հեռադիտակով նայելու ատեն:

Թաղման առտուն` 19 Յունիս 1993ին, արկի պայթիւնէն ցնցակաթուած ստացած զինուոր մը մեզի հանդիպեցաւ դիահերձարանի աստիճաններուն վրայ: Ան գիշերը հոն անցուցած էր` ինքն իրեն պահակ նշանակելով ու քարէ աստիճաններուն վրայ ջղաձգօրէն քնանալով: Ան կ’ողբար ու շարունակաբար կը հայհոյէր:

Աստիճաններով բարձրացանք ու սառնութիւն շնչող կամարի մը տակ մտանք:

Մոնթէի մարմինը` զինուորական նոր համազգեստով, դրուած էր անմշակ տախտակներէ պատրաստուած ոչ-խոր դագաղի մը մէջ` մետաղեայ դարակի վրայ:

Դիահերձող կինը անոր գլուխը` յօնքերէն վեր, փաթթած էր վիրակապով` ծածկելու համար աջ քունքի խոր վէրքը. այդտեղ մէկ շաբաթ առաջ թափանցեր էր արկի բեկորը` գանգը փշրելով:

Նոյն առտուն աւելի ուշ, Մոնթէի ութը զինակից ընկերներ ինքնաձիգներն ուսերէն հանեցին` դագաղը տանելու համար: Մենք անոնց հետեւեցանք դէպի ՙՍպայի Տուն՚: Չորս ժամ շարունակ, մինչ դահլիճին մէջ տուտուկը միապաղաղ կերպով կը հնչէր, յուղարկաւորութեան եկած հազարաւոր հոգիներ, շատերը` ցնցոտիաւոր, դագաղին քովէն կ’անցնէին խումբերով: Մաշած բաճկոններով գործազուրկ բանուորներ, սովահար գիւղացիներ, ռազմահագուստով զինուորականներ. բոլորը եկած էին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու 35ամեայ զօրահրամանատարին, զոր անոնք գիտէին Աւօ անունով: Եկած էին նաեւ Հայաստանի նախագահն ու անոր նախարարները:

Համաձայն ՙԼոս Անճելըս Թայմզ՚ի` այդ կէսօրին դագաղին ետեւէն փողոցներով գացող մարդոց թիւը մօտ 100 հազար եղած էր: Տեղացի լրագրողները չափազանցուցին` մասնակիցներուն թիւը քառորդ միլիոնի հասցնելով: Բայց ո՞վ կրնար հաշուել, թէ Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ որքան մարդիկ էին հաւաքուած` դագաղը տանող զրահամեքենային հետեւելու համար: Ո՞վ կրնար հաշուել բոլոր անոնք, որոնք շարուած էին դէպի բլուրին վրայ գտնուող գերեզմանոցը տանող վեց քիլոմեթր ճամբու եզրերուն: Այն բլուրի, զոր կարծես կէտագծուած է Խորհրդային Միութեան փլատակներուն վրայ պայթած ամենադաժան պատերազմի զոհերու գերեզմանաքարերով:

Իսկ քանի՞ հազար հոգի էին անոնք, որոնք ժամեր շարունակ արեւին տակ կանգնեցան գերեզմանին շուրջը, որուն վրայ մարդու կուրծքի բարձրութեամբ մեխակներ ու կարմիր վարդեր դիզուած էին:

Բաց գերեզմանի եզրին կանգնած կղերականը թուրի նման կը ճօճէր իր սրածայր կնգուղը, մինչ սեւազգեստ ծեր կանայք կ’ողբային: Իրենց սպաննուած որդիներուն համար արդէն սգացած, չսափրուած հայրերը կրկին սգացին:

Ես պարպեցի Մոնթէի ինքնաձիգին մէջ մնացած 21 փամփուշտները` օդը կրակելով եւ գիտակցելով, թէ եղբայրս որքան դէմ կ’ըլլար նման վատնողական, աննպատակ ու վտանգաւոր ցոյցին:

Խունկի ծուխը երկինք կը բարձրանար գալարաձեւ:

Կեանքի վերջին տարիներուն, երբ զինուորական պարտականութիւններն ամբողջովին կլանած էին զինք, Մոնթէն իրեն նկարագրելը ուրիշներուն ձգած էր:

Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահներէն մէկը Ուաշինկթընի մէջ Մոնթէն ներկայացուցած էր իբրեւ ՙյանցաւոր անցեալ ունեցող ահաբեկիչ՚: Ա. Մ. Ն.ի Պետական Քարտուղարութեան աշխատակիցները զայն ազգային անվտանգութեան համար սպառնալիք նկատած էին: Հարաւային Կովկասի լեռնաբնակները զայն սուրբ յայտարարած էին` ՙմեր սուրբ տղայ՚ կոչելով, իսկ ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ի լրագրողը յիշատակած էր հայ մը, որ զայն անուանած էր ՙմեր երբեւէ ունեցած լաւագոյն աստուածը՚:

Յուղարկաւորութեանը եկած քիչ մարդոց էր սակայն յայտնի, որ ՙԱւօ՚ կեղծանունով հրամանատարը ժամանակին եղած էր հնագիտութեան բաժնի` բազմաթիւ լեզուներու տիրապետող ուսանող, որ հրաժարած էր Օքսֆորտի համալսարանին մէջ իր կրթութիւնը շարունակելէ` յանուն յեղափոխական Իրանի եւ պատերազմէն բզկտուած Լիբանանի մէջ իր հայրենակիցներու պաշտպանութեան համար կռուելու:

Մոնթէն աստանդական կեանք մը վարած էր, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրած էր բազմաթիւ կեղծանուններով ու բազմաթիւ կեղծ անձնագիրներով: Ան իր տարիներուն կէսն անցուցած էր փախստականներով բնակեցուած յետնախորշերու, փարթիզանական ռազմակայաններու, թաքստոցներու, մեկուսարաններու եւ բանտերու, հեռաւոր խրամատներու մէջ:

Անոր ճամբորդութեան մասնակցած էին բազմաթիւ մարդիկ` լաւ ու գէշ, բայց ան շատ վայրեր լքած էր արագ ու անսպասելի կերպով: Ուստի միայն տարիներ յետոյ ուսումնասիրութեանց, հարցուփորձի ու յայտնագործութեանց շնորհիւ ես ու Սեդան (Մոնթէի կինը) կրցանք հետեւիլ այն քայլերուն, զորս ի վերջոյ զայն հասցուցին ժայռոտ բարձրունքին գագաթը, ուր ան թաղուեցաւ ամառային այդ տաք օրը՚:

Հատուած ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ. ԿԱՆԱՉ եւ ՍԵՒ գիրքէն. այս բաժինին նիւթերը վերցուած են Մարգար Մելքոնեանի եւ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանի ի ՙԱվո՚ գիրքէն

aniarc.am/2019/06/12/monte-melkonian-western-armenian-text/?

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail