Արեւմտահայերէնը՝ Որպէս Հայերէն Լեզուի Միջազգային Տարբերակ/Աւետիս Ափոշեան

01 նոյեմբեր 2015

Արեւմտահայերէնը յաճախ դասուած է իբրեւ թրքահայաստանի հայոց լեզուն, բարբառը եւ կամ աւելի մասնագիտական բառերով՝ գրական տարբերակը: Սակայն այսօր կը հրաւիրեմ ձեզ դիտարկելու արեւմտահայերէնը այլ տեսանկիւնէ, զայն համարել արեւմտեան աշխարհի հայերէնականութիւնը: Պատմական իրողութիւնները կը յստակացնեն, որ գրական արեւմտահայերէնին հիմքը եղած է՝ պոլսահայերէն բարբառը, իսկ արեւելահայերէնինը՝ արարատեան բարբառը:
arevelk- arevmdahayerenmenk hay yenk lousavor

Առաջինը կը կիրառուէր Օսմանեան տարածաշրջանի հայ հանրութեան կողմէ, իսկ երկրորդը Կովկասեան Հայաստանի մէջ: Այստեղ խօսքը 18-րդ եւ 19-րդ դարերու մասին է, իսկ ինչը կը վերաբերի 20-րդ դարուն. ապա կրնանք ըսել, թէ թրքահայաստանի հայութեան գաղթն ու տարագրութիւնը, ունեցաւ իր հետեւանքները լեզուամշակութային գետնի վրայ: Հայերը սկսան հաստատուիլ Միջին Արեւելքի տարբեր պետութիւններու մէջ, այնտեղ կառուցելով փոքրիկ Հայաստաններ՝ արտացոլուած իրենց հայրենի բնօրրանի յիշատակներէն: Այդ նախնական գաղութները, պարզ է, որ ունէին իրենց դպրոցները, ուսումնական ու կրօնական հիմնարկները, որոնք մեծ ջանքեր նախաձեռնեցին աւանդական լեզուն պահպանելու առնչութեամբ: Տուեալ գաղութները յետագային դարձան հայկական ամենազարգացած կեդրոնները, ի մասնաւորի Պէյրութն ու Հալէպը, որոնք կարծես թէ ինչ-որ ձեւով բարձր կը պահէին դասական սփիւռքի ջահը:

Ահա այսպէս, 80-ականներու շեմին՝ ժամանակն էր արդէն անգամ մը եւս ճամպրուկները պատրաստել մեկնելու համար աշխարհի ամենատարբեր երկիրներ, բայց այս անգամ, ի տարբերութիւն կէս դար առաջուայ կայացած գաղթականութեանը՝ հայութիւնը առաւել ազգայնասիրութեամբ ու լեզուի լաւ տիրապետութեամբ զինուած էր:

Անոնք նոր յոյսերով ուղղուեցան դէպի Ամերիկաներ եւ Ովկիանիա, ուստի արեւմտահայերէնը հասաւ աշխարհագրական հեռաւոր տարածքներ, ու դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան անմիջական հաղորդամիջոցը: Անկախ տեղական լեզուներուն, հայերը շարունակեցին կիրառել իրենց հայերէնը, որը հանդիսացաւ հայ ժողովրդի լեզուն աշխարհի առաջատար երկիրներուն մէջ: Մէկ կողմէն շատ լաւ տարր կարելի է համարել այս երեւոյթը, իսկ միւս կողմէն ալ կը տեսնենք տասնամեակներու արդիւնքով՝ հայրենիքի հայերէնին հետ զգալի տարբերութիւններու յառաջացումը, որուն պատճառն է արեւելահայերէնի արագընթաց զարգացումը, եւ որը ժողովուրդին չմիանալու գործօն կը սեպուի հայկական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ քայլ մը ետեւ կը ձգէ «մէկ ազգ, մէկ լեզու» գաղափարախօսութիւնը իրականացնելէ:

Օսմանեան ժամանակաշրջաններէն ի վեր հայերը արտադրած են երկլեզու կամ բազմալեզու թերթեր ու զանազան գրութիւններ: Այդ թերթերէն էին Պոլսոյ «Ժամանակ»-ը, որը կը գրուէր հայերէն, օսմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, օգտագործելով հայերէնը այդ ժամանակաշրջանի միջազգային լեզուներու շարքին: Աւելի ուշ ժամանակաշրջաններուն նոյն գործունէութիւնները կայացան ֆրանսախօս ու անգլիախօս հանրութեանց մէջ…
 
Ահաւասիկ, այս նրբանկատ անցուդարձները ուսումնասիրելէ ետք, կ’եզրակացնենք թէ՝ հակառակ անոր, որ արեւմտահայերէնը պահպանած էր – եւ կը շարունակէ պահպանել – գրաբարեան աւանդական ուղղագրութիւնը, սակայն այն ամենայն ճկունութեամբ կը յարմարուեր ժամանակի լեզուամտածողութեանը՝ միջազգային գրականութեան դաշտէն ներս:

Ուստի, ներկայ ժամանակի մարտահրաւէրներէն մէկն է պահպանել զայն ու ծաղկացնել, որպէս սփիւռքի գոյատեւման կարեւորագոյն տարրերէն մին: 
 
 
 Աւետիս Ափոշեան    

http://www.arevelk.am/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail