15 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսական դատարանները մէկը միւսին ետեւէն կը կայացնեն վճիռներ` չեղեալ նկատելով Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի բնակավայրերու միջեւ կնքուած` բարեկամութեան մասին յուշագիրները: Մասնաւորապէս, 29 մայիսին Ֆրանսայի Սերժի-Պոնտուազ համայնքի վարչական դատարանը որոշում կայացուցած էր Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի ու Արցախի Մարտունիի շրջանի Շեխեր գիւղին միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղեալ նկատելու մասին:
11 յունիսին Ֆրանսայի Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս եւ Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու իրաւաբանական վարչութիւնները ծանուցում ստացած են, որ Կրենոպլի վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է Տրոմի վարչութիւն-Արցախ, Վալանս-Ստեփանակերտ, Պուրկ լէ Վալանս-Շուշի, Պուրկ տը Փէաժ-Մարտունի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագիրները:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յիշեցուց, որ այս գործընթացին սկիզբը դրուած է դեռ տարիներ առաջ, երբ Ազրպէյճանը դատական գործ սկսաւ Ֆրանսայի մէջ եւ դատարանը բաւարարեց այդ հայցը, իսկ հիմա 3-4 համայնքի հետ կապուած Ֆրանսայի իշխանութիւններն են, որ դատական գործեր կը յարուցեն, իսկ դատարաններն ալ համապատասխան որոշումներ կը կայացնեն: «Անոնք առաջին ատեանի դատարանի որոշումներ են, եւ գոնէ քաղաքապետներէն մէկը ըսած է, որ ինք պիտի բողոքարկէ աւելի բարձր ատեաններու»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ ասիկա պիտի ազդէ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, քանի որ Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր է, Կիրօ Մանոյեան շեշտեց. «Ասիկա Ֆրանսայի` իբրեւ միջնորդ, չէզոքութեան խախտում է, քանի որ գործընթացը սկսած էր Ազրպէյճանի կողմէ, ուստի եթէ այդքան ճիշդ բան էր, թող Ֆրանսայի իշխանութիւնները իրենք ըրած ըլլային ի սկզբանէ, ըստ այդմ` ասիկա կը բաւարարէ հակամարտութեան կողմերէն մէկուն` Ազրպէյճանի տրամադրութիւնները, եւ կը խոչընդոտէ տագնապի այլ կողմի` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը: Ի վերջոյ, Արցախի մէջ ալ տեղական ինքնակառավարման մարմինները ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմիններ են, եւ իրենք կ՛ուզեն յարաբերութիւններ մշակել, ինչ որ կը խոչընդոտուի»:
Կիրօ Մանոյեան, սակայն, չի կարծեր, որ Արցախի մեկուսացման առումով այս գործընթացը Ֆրանսայէն դուրս ազդեցութիւն պիտի ունենայ առայժմ:
aztagdaily.com/archives/441511