Իրանեան Ծովուժը 44 Նաւաստիներ Փրկեց. Օմանի Ծովուն Մէջ Նաւթատար Երկու Նաւեր Յարձակումի Ենթարկուեցան

15 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Եունիուզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ Օմանի ծովուն մէջ իրերայաջորդ ուժեղ պայթումներ լսուած են` նշելով, որ հում նաւթով բեռնաւորուած երկու քարիւղատար մեծ նաւեր յարձակումի ենթարկուած են:

Գործակալութիւնը աւելցուց, որ նշեալ նաւերուն վրայ մեծ հրդեհներ յառաջացած են, եւ անոնք օգնութեան կոչեր յղած են:

Հաւաստի աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ նաւերէն մէկը ընկղմած է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեծապէս մտահոգ ենք Օմանի ծովուն մէջ քարիւղատար նաւերուն դէպքէն, որովհետեւ իրապէս զգայուն պահու կատարուած կասկածելի արարք է»:

Իրանեան կառավարութիւնը իր կարգին մտահոգութիւն եւ ցաւ յայտնեց դէպքին առնչութեամբ եւ ըսաւ, թէ բոլոր երկիրները պէտք է զգուշ ըլլան չիյնալու համար այն ծուղակը, որ լարուած է շրջանին մէջ անկայունութենէն օգտուողներուն կողմէ: «Մենք պատրաստ ենք գործակցելու` երաշխաւորելու համար շրջանին մէջ, ներառեալ ծովային ռազմավարական անցքերուն անվտանգութիւնը», աւելցուց կառավարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան յարձակումի թիրախ դարձած նաւերէն 44 նաւաստիներ փրկած է:

Ամերիկեան ծովուժը իր կարգին յայտնեց. «Մենք տեղեակ ենք Օմանի ծոցին մէջ արձանագրուած դէպքէն եւ յաւելեալ տեղեկութիւն կը հաւաքենք»:

Քրեմլին յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է յարձակումին պատասխանատուն ճշդելու:

«Ռոյթըրզ» իր կարգին հաղորդեց, որ նաւերէն մէկը թորփիլով հարուածուած է:

Միւս կողմէ, ըստ «Թրէյտ Ուինտզ» օրաթերթին, 12 մայիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովափին մօտ յարձակումի ենթարկուած նորվեկիական «Ֆրոնթ Լայն» ընկերութեան քարիւղատար նաւը յարձակումի ենթարկուած է թորփիլով:

aztagdaily.com/archives/441375

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail