Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին Ապհայի Օդակայանը

15 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքը յայտնեց, թէ վնասազերծած է հուսիներու կողմէ Սէուտական Արաբիոյ Ապհա միջազգային օդակայանին եւ Խամիս Մաշիթ նահանգին դէմ արձակուած հինգ անօդաչու թռչող սարքեր:

Հուսիները իրենց կարգին յայտնեցին, թէ «Քասեֆ Քէյ2» օդանաւերով շարք մը յարձակումներ գործած են Սէուտական Արաբիոյ Ապհա օդակայանին դէմ` նշելով, որ ռմբակոծման պատճառով օդակայանէն թռիչքները դադրած են:

aztagdaily.com/archives/441530

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail