Ուաշինկթըն Եւ Լոնտոն Իրանը Պատասխանատու Կը Նկատեն Օմանի Ծոցին Մէջ Յարձակումներուն

15 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նշեց. «Ամերիկեան արժեւորումը ցոյց կու տայ, թէ Իրան պատասխանատու է Օմանի ծոցին մէջ քարիւղատար երկու նաւերուն դէմ յարձակումին համար:

Ան Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի մէջ իր երկրի դեսպանէն պահանջած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արծարծել Իրանի հարցը` Թեհրանը ամբաստանելով Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղի փոխադրումները արգելակել ջանալով, ինչպէս նաեւ անոր կոչ ուղղելով` վերադառնալու բանակցութեան սեղան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին ամբաստանեց Իրանը եւ նշեց. «Օմանի ծոցը պիտի չփակուի, իսկ եթէ փակուի, ատիկա երկարատեւ պիտի չըլլայ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ իր կարգին յայտնեց, որ Բրիտանիան կը գործէ հիմնուելով այն կարծիքին վրայ, թէ յարձակումներուն համար պատասխանատուն Իրանն է:

Ան յայտնեց, որ այդ արարքները մտահոգիչ են «եւ շատ անմիտ, անոնք տեղի կ՛ունենան այնպիսի պահու մը, երբ շրջանին մէջ իսկապէս մեծ լարուածութիւն գոյութիւն ունի»:

Հանթ աւելցուց, որ Լոնտոն իր սեփական գնահատականը կը կազմէ ողջախոհութեամբ եւ զգուշութեամբ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, թէ քարիւղատար նաւերուն դէմ յարձակումին հարցով իր երկրին դէմ ամերիկեան պնդումները «Պ»-ի խմբակին` Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընի, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի, Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայէտի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վարած խափանարարութեան դիւանագիտութեան ծիրին մէջ են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց երկու նաւերուն դէմ յարձակումին վերաբերեալ Իրանի ուղղուած ամերիկեան ամբաստանութիւնը` զայն նկատելով «անհիմն»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, թէ Իրան օգնած է աղէտեալ երկու նաւերուն եւ փրկած անոնց անձնակազմերը:

Մինչ այդ, ամերիկեան բանակը հրապարակեց տեսերիզ մը, ուր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յարձակումի ենթարկուած քարիւղատար նաւերէն մէկուն վրայ զետեղուած եւ չպայթած ական մը կը վնասազերծէ:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան բանբեր Պիլ Օրպըն յայտնեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոքր նաւ մը մօտեցած է «Քոքոքա» նաւուն, եւ նշմարուած է, թէ իրանցի զինուորները անոր վրայէն կը վերցնեն չպայթած ական մը:

Յարձակումի ենթարկուած նաւերէն մէկուն սեփականատէր ճափոնական «Քոքոքա Սանճիօ» ընկերութեան նախագահը յայտարարեց, թէ նաւաստիները յայտնած են, թէ զիրենք հարուածողը թռչող սարք մըն էր, եւ իրենք ականատես եղած են այդ իրողութեան:

aztagdaily.com/archives/441514

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail