13 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ուաշինկթըն պատրաստ է Թեհրանի հետ բանակցութիւններու սկսելու իրանեան խնդիրին շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս:
«Միակ լուծումը նոր եւ աւելի լաւ համաձայնագիրն է, որ կը վերաբերի Իրանի սպառնալիքներու ամբողջ տեսադաշտին: Այդ սպառնալիքները շարադրուած են 12 պահանջներու մէջ, որոնք, ինչպէս ըսած են նախագահ Թրամփն ու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, մենք պատրաստ ենք քննարկելու: Իրանի ղեկավարները գիտեն` ինչպէս կապուիլ մեզի հետ», ըսած է Օրթակուս:
Ան նշած է, որ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրով հանգուցային հիւլէական պարտաւորութիւններու կատարումը դադրեցնելու Իրանի վերջերս հնչեցուցած սպառնալիքը «մեծ քայլ է ոչ ճիշդ ուղղութեամբ»:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է պահպանէ միասնութիւնը այդ հարցին մէջ եւ իրանեան վարչակարգէն պատասխան պահանջէ իր հիւլէական ծրագիրը ընդլայնելու սպառնալիքին համար», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
aztagdaily.com/archives/441201