Իրաւական Փաստաթուղթը Պէտք Է Յստակ Ամրագրէ, Որ Բանակցութիւններու Մէջ Հայաստանը Չի Կրնար Փոխարինել Արցախը

13 ՅՈՒՆԻՍ 2019 –

Իրաւական Փաստաթուղթը Պէտք Է Յստակ Ամրագրէ, Որ Բանակցութիւններու Մէջ Հայաստանը Չի Կրնար Փոխարինել Արցախը, Այլ Պէտք Է Հանդէս Գայ Իբրեւ Անոր Անվտանգութեան Երաշխաւոր. Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախանցեալ օրուան փոփոխութիւններուն եւ նշանակումներուն, ըսաւ,- «Արցախի մէջ կը սպասուին նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, որոնք, ըստ Արցախի Սահմանադրութեան, պէտք է ըլլան միաժամանակ: Այլ հարց է, որ մեր կառոյցը Արցախի մէջ արտայայտուած է այս մասին, որ քիչ մը շուտ սկսաւ նախընտրական հոլովոյթը` իր հաւանական հետեւանքներով եւ զարգացումներով: Բայց պէտք է ըսել, որ Արցախի մէջ նաեւ քատրային այլ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ չեմ կարծեր, որ անոնք ալ անպայման պայմանաւորուած են պաշտօնական Երեւանի պահանջով, յատկապէս` երբ որոշ պաշտօնազրկուողներ, կարելի է ըսել, այսօր ինչ որ չափով պաշտօնի բարձրացում կ՛ունենան: Եւ կը կարծեմ` կարիք չկայ, որ մեր վարչապետը ըսէ` «պարի ընկերը», ասիկա խօսելու ոճ չէ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինքի կարեւորութեան հարցին` Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման առումով` նշելով, որ այդ մասին քանի մը տարի է, որ Դաշնակցութիւնը կը խօսի, բայց այս տարի քայլերը այս ուղղութեամբ արագացուցած են եւ մօտ մէկ ամիս առաջ Արցախի մէջ այս նիւթով նիստ կազմակերպած:

«Այդ դաշինքը, իրաւական փաստաթուղթը պէտք է յստակ ամրագրէ, որ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանը չի կրնար փոխարինել Արցախը, այլ պէտք է հանդէս գայ իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր: Մենք յոյս ունինք, որ, ի վերջոյ, պիտի կարենանք ստեղծել նպաստաւոր մթնոլորտ, որ պաշտօնական Երեւանը եւ Ստեփանակերտը նման փաստաթուղթ ստորագրեն»,- ընդգծեց Մանոյեան:

yerakouyn.com/2019/06/13/իրաւական-փաստաթուղթը-պէտք-է-յստակ-ամր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail