14 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի առանց անուն տալու, սակայն յստակօրէն ակնարկելով իշխող կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետութեան թեկնածու եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին՝ ըսաւ. «Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստան եւ Լազիստան չկան։ Ասկէ ետք ալ պիտի չըլլան։ Եթէ կան անձեր, որոնք փափաքը ունին իրենց դիմաց տեսնելու այդ երկիրները, իրենց դիմաց մեր ազգայնապաշտ կուսակցութիւնը պիտի տեսնեն։ Բազմազանութեան, ինքնութեան ուրացումի եւ արմատներէ անջատուելու փափաք ունեցողները ապազգային դժբախտներ են։ Ասոնց հետ յաւիտենապէս պայքար պիտի մղենք»։
Յիշեցնենք, որ Տիգրանակերտի մէջ, քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ընտրական հաւաքին ընթացքին, Եըլտըրըմ յայտարարած էր. «Աթաթիւրքի կողմէ հրաւիրուած պետական ներկայացուցիչներուն մէջ կային նաեւ Քիւրտիստանի եւ Լազիստանի երեսփոխանները»։
asbarez.com/arm/348285/Քիւրտիստան-Եւ-Լազիստան-Չկան-Ու-Պիտի-Չը/