«Թրամփի Վարչակազմը Սուտ Տեղեկութիւններ Կը Տարածէ Օմանի Ծոցի Յարձակումին Մասին»

14 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ինտիփենտընթ».- Օմանի ծոցին մէջ, Հինշաբթի օր յարձակումի թիրախ դարձած փոխադրանաւուն ճափոնական ընկերութեան տնօրէն Եուքաթա Քատաթա 14 Յունիսին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը սուտ տեղեկութիւններ կը տարածէ յարձակումին մասին՝ շեշտելով, որ յարձակումը կատարուած է օդէն եւ ոչ թէ ծովային ականներով, ինչպէս կը պնդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փամփէօ։

Արդարեւ, յարձակումէն միայն ժամեր ետք, երբ անկարելի էր փաստերը ամբողջութեամբ քննարկել, Սպիտակ տունը բերանացի յարձակումի մը անցած էր Իրանի դէմ, Թեհրանը յարձակումին պատասխանատու համարելով։

Թեհրան անիմջապէս հերքեց եւ «անհիմն» որակեց ամերիկեան ամբաստանութիւնը՝ շեշտելով, որ բոլոր երկիրները պէտք է զգուշ ըլլան չիյնալու համար այն ծուղակը, որ լարուած է շրջանին մէջ անկայունութենէն օգտուողներուն կողմէ: «Մենք պատրաստ ենք գործակցելու՝ երաշխաւորելու համար շրջանին մէջ, ներառեալ ծովային ռազմավարական անցքերուն ապահովութիւնը», աւելցուց կառավարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մեծապէս մտահոգ ենք Օմանի ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերուն վրայ յարձակումներով, որովհետեւ անոնք զգայուն պահու մը կատարուած կասկածելի արարքներ են»:

Քրեմլին եւս յայտարարեց, թէ տակաւին կանուխ է յարձակումին պատասխանատուն ճշդելու:

Յատկանշական է նաեւ, որ յարձակումը տեղի ուենցած էր այն միջոցին, երբ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ Իրան կը գտնուէր պաշտօնական այցելութեամբ մը։

Յիշեցնենք, թէ Ուաշինկթըն անցեալ ամիս եւս նման ամբաստանութիւններ կատարած էր, սակայն այդ մասին յստակ փաստեր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու գծով Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի խոստումը տակաւին չէ իրականացած։

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.»ի յօդուածագիր Նիք Ուալշ կը գրէ, թէ կասկածներ գոյութիւն ունին, որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուծուաթիւնը սրելու այս ջանքերուն ետին կը կանգնի Սէուտական Արաբիան, որ նիւթական մեծ վնասներ կը կրէ վերջերս զգալի անկում կրած քարիւղի ներկայ գիներուն պատճառով։ Ըստ այս վարկածին, Ռիատ շրջանային տագնապ մը հրահրելով՝ կը փորձէ քարիւղի գինը արհեստականօրէն բարձրացնել։

asbarez.com/arm/348288/Թրամփի-Վարչակազմը-Սուտ-Տեղեկութիւն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail