18 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ – ՍՊԱՌՆԱԿԱՆ ՈՃԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ իր ղեկավարած նախարարութեան ներկայացուցչութեան բացման ժամանակ անդրադարձած է թրքական պաշտօնական այն յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց` Սուրիոյ կառավարական ուժերը յարձակումներ գործած են Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը:
«Անկարելի է, որ հանդուրժենք մեր զինուորներուն ուղղուած անհանգստութիւնները: Անոնց ցոյց պիտի տանք իրենց տեղը: Ամէն ոք թող ճանչնայ իր չափը: Չենք ընդունիր (սուրիական) վարչակարգին այս յարձակողականութիւնը», յայտարարած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Նաշրա» երէկ հաղորդեց, որ շուրջ քսան զրահապատ մեքենաներէ բաղկացած զինուորական շարասիւնը Թուրքիայէն մուտք գործած է Սուրիա` ամրապնդելու համար Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերը:
yerakouyn.com/2019/06/18/չաւուշօղլու-կը-սպառնայ-սուրիոյ/