18 ՅՈՒՆԻՍ 2019 –
Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ի միջօրէին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդին` Մասիս եպս. Զօպուեանի:
Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, միւֆթին ջերմապէս շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազան հայրը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութեան ու արեւշատութեան իր մաղթանքները յայտնելով վստահեցուց, որ հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար, գործակցութեան ոգիով սատար պիտի հանդիսանան սուրիական հայրենիքի վերականգնումի աշխատանքներուն:
Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց սուրիական հանրապետութեան միւֆթիին այցելութեան առիթով` շեշտելով, որ հպարտ է սուրիական հայրենիքին, Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ համայնքին ծառայութեան նուիրուելուն համար:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ միւֆթիի գլխաւոր քարտուղար Պասել Ղըս Նասրալլա, իսլամ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեան, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներ:
yerakouyn.com/2019/06/18/սուրիոյ-միւֆթին-բերիոյ-թեմի-ազգային-ա/