ԾԵԾԸ-Ֆալախայի մշակոյթը-մարմնակրթական եւ քաղաքակրթական անգիտակից նուաճումները- ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

ARARAD - armenagan-Zvartnots-Cathedral-Ruins-Armavir-Province-Armenia

ԾԵԾԸ-Ֆալախայի մշակոյթը-մարմնակրթական եւ քաղաքակրթական անգիտակից նուաճումները- ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Անի Աստուրեան

Ժամանակին, երբ մարդիկ քաղաքակրթութեան բովէն չէին անցած եւ արտայայտուելու տարբեր միջոցներուն տեղեակ չէին՝ իրենց մարմինները կ՛օգտագործէին թէ՛ յարձակելու, թէ՛ պաշտպանուելու համար. ոտք-սրունք-թեւ-ձեռք եւ նոյնիսկ՝ գլուխ գործի կ՛անցնէին ներքին անտաշ մղումները արտահանելու համար: Այդ հարուածները ազդեցիկ էին անշուշտ, քանի որ անմիջական արդիւնք մը կու տային. դիմացինը գետին կը փռուէր. ցաւէն կը պոռար. հաւանաբար ձեռքը վիրաւոր աչքին կը տանէր եւ հարուածողին կը պարզէր պարտուածի յստա՛կ, անառարկելի տեսարան մը:

Ճափոնական եւ չինական կռիւի արուեստի զանազան երեսները մէկ արտայայտութիւնն են այդ հարուածելու եւ հարուածուելու տեսարանին:

Ժու ժիցուն, օրինակ՝ միջնադարուն յայտնուած, շրջանի մը ղեկավարին պատիւը պաշտպանելու համար ստեղծուած, շա՛տ վայրագ կռիւի մը տեսակն էր: Դիմացինին ոսկորները կը կոտրուէին յարձակողի հարուածներուն տակ: Հետագային՝ Ժու ժիցուն վերածուեցաւ Ճիւտոյի, որ աւելի ինքզինք բարելաւելու ձեւ եւ մարմնակրթանք կը նկատուէր քան՝ դիմացինին ոսկորները կոտրելու միջոց: Ան յարձակողին հարուածը նոյն ինքն յարձակողին կը վերադարձնէր «մեղմօրէն», ճկունութեամբ:

Ամէն պարագայի՝ ճափոնցիներուն եւ չինացիներուն մարմնական այս «կռիւներ»ը ստեղծած ըլլալը խելքի եւ խորութեան նշան է: Անոնք որոշած են յարձակումը փողոցէն տանիլ ներս, մենամարտի կամ խմբամարտի համար յատկացուած յատուկ վայր մը: Անոնք նաեւ հաստատած են փոխադարձ յարգանքը պարտադրող օրէնքներ եւ կռիւը վերածած են արուեստի: Թերեւս ատոր համար է, որ միլիոնաւոր մարդիկ մե՛ծ հաճոյքով կը դիտեն վիթխարի Սումոներու մարմիններուն շփումը եւ տապալումը, ճուտոյքաներու իրարու մօտենալու, յետոյ մէկ անգամէն դիմացինը գետին նետելու «գեղեցիկ» շարժումը եւ գետին փռուածին հերոսական ջանքերը վերականգնելու, կորսուած առիթը վերագտնելու եւ անակնկալօրէն իր վրայ յարձակողը այս անգամ ի՛նք գետին փռելու…

Յստակ է ուրեմն, որ մարդ արարածը ծնած է բնածին փափաքով մը՝ դիմացինը ընկճելու եւ նոյնքան բնածին բնազդով մը՝ դիմացինէն պաշտպանուելու: Նոյնքան յստակ է սակայն, որ ժամանակի ընթացքին, դպրոցներու բացումով, գիրքերու հրատարակութեամբ եւ արուեստի տարբեր ճիւղերու մշակումով՝ անտաշ մարդը սկսած է տաշուելու եւ նրբանալու: Անոնք, որոնք իրենց բարկութիւնը չեն կրնար զսպել՝ կը ղրկուին հոգեբաններու, որպէսզի լուծեն անզուսպ բարկութեան հարցը:

Րաֆֆիի վէպերուն մէջ նկարագրուած ֆալախան շատո՜նց վերցուած է դպրոցներու պատժական միջոցներու ցանկէն: Այսօրուան դպրոցներուն մէջ ապտակող ուսուցիչը գործէն կ՛արձակուի, քանի որ ապտակը կը նկատուի երեխային հոգեխոց հասցնող ահաւոր շարժում: Գալով դպրոցական տարիքի երեխաներուն՝ եթէ ձեռք բարձրացնեն իրենց դասընկերներուն վրայ, անմիջապէս կը հեռացուին դասարանէն կամ բակէն, որովհետեւ իրենց ըրածը կոշտ ու կոպիտ, ցուլին յատուկ եւ դիմացինը վախցնելու համար եղած յարձակում է (bullying):

Աշակերտը կը նստի դպրոցին հոգեբանին դիմաց եւ ան երկա՜ր, յաճախ՝ օրե՜ր տեւող խօսակցութիւններու ընթացքին ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարկութեան զգացումը առաջնորդել այլ տեղ. դիմացինը ծեծելու փոխարէն, ինչպէ՛ս կարելի է խօսքով ու ժպիտով դիմակալել անոր անընդունելի կեցուածքը: Հոգեբանը կը սորվեցնէ դիմացինին մորթին տակ մտնել եւ զինք ալ հասկնալ: Ետքը, երբ երկու կողմերը պատրաստ են խօսելու՝ քով քովի կը բերուին եւ կը «հասկցուին»:

Դժբախտաբար, մեր օրերուն, քսանմէկերորդ դարու արհեստագիտութեան եւ զանազան բնագաւառներու զարգացման օրերուն, տակաւին կը յամենան անքաղաքակիրթ ժամանակներու տգեղ սովորութիւններ: Անոնք ամէ՛ն տեղ են՝ Ամերիկա, Միջին Արեւելք, Մերձաւոր Արեւելք, Ծայրագոյն Արեւելք… հակառակ որ, բաղդատած անցեալ դարաշրջաններու՝ մեծ համեմատութեամբ պակսած է թիւը ծեծողներու եւ ծեծուողներու, սակայն երբեմն նկատելի է, որ հոն, ուր արժէքաւոր գիրն ու գրականութիւնը, երգն ու երաժշտութիւնը, գեղագիտական բարձր մակարդակով գործերը չեն հասնիր միտքին ու հոգիին՝ մարդը կը յիշեցնէ նախամարդը եւ չի զատորոշուիր նախորդ դարերու անտաշ, անքաղաքակիրթ անհատներէն:

Եթէ կ՛ուզենք դասուիլ քաղաքակիրթ մարդոց շարքին, ապա ուրեմն՝ պէտք է թօթափենք մեր ուսերէն հնամենի սովորութիւններ եւ ասացուածքներ: Այսպէս՝ պէտք է խուսափինք մեր կարծիքին հակառակ կարծիքը ունեցողներուն սպառնալէ, թէ զիրենք ասֆալթին պիտի փռենք կամ՝ ցոյցի մը մասնակցող, մեզի պէս չմտածող անձ մը հայհոյելէ եւ հրմշտկելէ կամ՝ փողոցը քալած ժամանակ, մեր կուսակցութիւնը եւ մեր ազգային արժէքները պախարակող մարդուն «հայրական ապտակ» իջեցնելէ:

Ժամանակը շատո՜նց անցած է հայրական ապտակ իջեցնելու: Այս օրերուն, լաւ հայր կը նկատուին անոնք, որոնք համբերող են, օգնող եւ օգտակար, իրենց զաւակը կը խրախուսեն ու չեն քննադատեր անդադար: Լաւ հայր են անոնք, որոնք իրենց զաւակին խաղերուն կը մասնակցին. կը յորդորեն. լիցք կու տան. արժէքներ կը փոխանցեն: Իսկ ապտակելը արժէքային համակարգին մէջ տեղ չունի:

Կուսակցական հակամարտութիւնները վեցերորդ դասարանի պատանիներու խաղերուն պէտք չէ վերածուին. «պարո՛ն. ինքը սկսաւ». «ո՛չ՝ ինքը սկսաւ». «իմ մասիս ինչե՜ր գրեցիր «Ֆէյսպուք»ի վրայ». «դուն ալ իմ մասիս ի՜նչ սուտեր կը տարածես»: Այսպիսի բաներ լսողն ու կարդացողը կը մղուի մայրական յորդորներ տալու. «ճանի՛կ՝ կարեւորութիւն մի՛ տար. ո՞վ է որ ինքը. աննշան անձ մը. եթէ կարեւորութիւն տաս՝ դո՛ւն զինք հաստատած կ՛ըլլաս պատուանդանի մը վրայ. ձգէ՛ եւ անցի՛ր»։

Մեր ժողովուրդին անդամներէն շատ շատեր կ՛ուզեն, որ հայ ժողովուրդը դասուի քաղաքակիրթ ժողովուրդներու շարքին: Մեր ճարտարապետական կոթողներն ու խաչքարերը, մեր շարականներն ու կոմիտասեան մեղեդիները եւ մեր արուեստի գործերը կը վկայեն, որ մենք եղած ենք եւ ե՛նք քաղաքակիրթ ժողովուրդ: Մեզի կը մնայ հետեւողականօրէն շեշտել, որ ծեծն ու ապտակը, սպառնալիքները եւ անհանդուրժողականութիւնը դուրս կը մնան քաղաքակիրթ ժողովուրդները բնորոշող յատկանիշներու ցանկէն: Նկատի ունենալով, որ քաղաքական խմբակցութիւնները եւ կուսակցութիւնները ժողովուրդէն ծնունդ առած են եւ կը յաւակնին ժողովուրդին ծառայելու՝ նո՛յնը կը վերաբերի իրենց: Կուսակցական անհատներ ըլլան անոնք, թէ «ֆէյսպուք»եան էջերուն յանձնուած անուղղայ բամբասողներ, բոլո՛րն ալ մաս կը կազմեն մեր ժողովուրդին եւ ըստ այնմ պէտք է վարուին: Անոնց համար, որոնք չեն գիտեր ինչպէ՛ս պատասխանել զիրենք վարկաբեկողներուն՝ չինացի փիլիսոփայ Լաօ Ցուն գեղեցիկ եւ շա՜տ ազդու խրատ մը ունի.

“Water is fluid, soft, and yielding. But water will wear away rock, which is rigid and cannot yield. As a rule, whatever is fluid, soft, and yielding will overcome whatever is rigid and hard. This is another paradox: what is soft is strong.”

«Ջուրը հեղուկ է, կակուղ եւ տեղի տուող. բայց ջուրը կը մաշեցնէ ժայռը, որ կարծր է եւ չի կրնար տեղի տալ: Ըստ օրէնքի՝ ինչ որ հեղուկ է, կակուղ եւ տեղի տուող՝ կը յաղթահարէ այն, ինչը կարծր է եւ չծռող: Ասիկա այլ յարակարծիք մըն է. այն, ինչը կակուղ է՝ զօրաւոր է»:

Ուրեմն՝ կեցցեն ջուրն ու փափկութիւնը: Անկցի՛ն ժայռն ու կարծրութիւնը: Կեցցե՛ն խօսքն ու ժպիտը: Անկցի՛ն ծեծն ու սպառնալիքը:

Որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համակիր անհատ՝ որեւէ դաշնակցականի կողմէ հասցուած ապտակ՝ տարբեր կարծիքի տէր որեւէ մէկուն, կը նկատեմ Դաշնակցութիւնը ապակայունացնելու եւ վարկաբեկելու միտումով եղած հակադաշնակցական արարք: Իսկ Դաշնակցութիւնը՝ իր ծնունդով եւ պատմութեամբ, անհամա՛ր իր գործերով փաստած է, որ զինք ապակայունացնել փափաքողները չեն կրնար խախտել հիմնակա՛նը՝ Դաշնակցութեան գոյութեան իմա՛ստը. այդ իմաստը անձերէ եւ ղեկավարներէ անդի՛ն կ՛անցնի. անիկա հայ ժողովո՛ւրդն իսկ է:

Անի Աստուրեան

www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10219714701840651

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail