Համահայկական հիմնադրամը սփիւռքի համար – Հայաստանը Սփիւռքի համար – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ
«Համահայկական հիմնադրամը սփիւռքի համար»
«Հայաստանը Սփիւռքի համար»
Ինձ անձնապէս չօգնեց այդ դեղատոմսը սակայն Սրտանց կը մաղթեմ որ Հայ Ազգի համար ըլլայ օգտակար
Տարիներ առաջ առողջական խնդրով դիմեցի բժիշկի ով ինձ համար շատ տարօրինակ բուժում առաջարկեց, բժիշկը ըսաւ արտաքին ոչ մէկ միջամտութիւն պիտի չընենք այլ պարզապէս երակէդ արիւն պիտի քաշենք եւ մկանէդ ներարկենք, ինձ համար իրօք որ տարօրինակ եղանակ էր, բնականաբար չմերժեցի եւ ըրի այնպէս ինչպէս բժիշկը առաջարկեց սակայն ապարդիւն․․․
Համահայկական հիմնադրամի նիւթական գոյակցութիւնը 90 տոկոսով սփիւռքէն է, պարզապէս յիշեցի բժիշկիս․․․
Սփիւռքը Հայաստանի համար է, հակառակը կատարելը վտանգաւոր է Հայաստանի ապագայի․․․
Հայկական սփիւռք ստեղծուած է որպէսզի Հայաստանը մնայ այլապէս կարիք չէր զգացուէիր սփիւռք հասկացողութեան, օրինակներ շատ կան սակայն ես կուզեմ բերել օրինակ մը իմ ծննդավայրէն Լիբանանէն, Լիբանանի մէջ կապրին մօտաւորապէս 3 միլիոն Լիբանանցի քաղաքացիներ իսկ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կապրին աւելի քան 10 միլիոն Լիբանանցիներ սակայն սփիւռք հասկացողութիւն գոյութիւն չունի, Լիբանան ոչ մէկ բարիք կը տեսնէ այդ 10 միլիոնէն եւ այդպէս է երեւի չգրուած օրէնքը, Բայց Հայ Ազգի զաւակները որոնք պարտադրաբար զրկուեցան իրենց Հայրենիքէն ստեղծեցին սփիւռք որպէսզի գեղեցիկ, պայծառ, յարմար օր մը վերադառնան եւ որպէսզի Հայրենիքը ըլլայ գեղեցիկ պայծառ եւ յարմար իրենց աջակցութիւնը յայտնեն Հայրենիքին ինչը եւ յայտնեցին ու կատարեցին եւ կը կատարէն առ այսօր․․․
Սփիւռք Հայաստան խողովակը պէտք է նմանի այն ջուրի խողովակին ով միակողմանի ջուրը կը լեցնէ աւազանի մէջ եւ լեցուածը կրկին անգամ հակառակ ուղղութեամբ չի վերադառնար որովհետեւ եթէ դադարի ջուրի հոսքը աւազանը ինքնըստինքեան կը պարպուի այն նոյն խողովակի միջոցաւ եւ ջուրը կը կորի անիմաստ․․․
Ջուրը աւազանին չհասած կորաւ տարբեր ուղղութիւններով, այդ լրիւ ուրիշ նիւթ է․․․
Եթէ Համահայկական հիմնադրամը եւ Հայաստանի պետութիւնը կուզէն օգնել սփիւռքին ապա միայն օգնեն Սփիւռքէն Հայաստան հաստատուող հայրենակիցներուն որպէսզի անոնք յանկարծ անուշադիր իրենց եղբօր հացի պատճառ չդառնան, միեւնոյն ժամանակ յատուկ մշակուած ծրագիրներով օգնեն խորհրդային Հայաստանի ժառանգներուն որպէսզի խորդ աչքով չնային սփիւռքահայերու յաջողութիւններուն, որպէսզի իրենց սրտի խորքում չըսեն «մենք այստեղ ծնած մեծացած ոչ մէկ բանի չհասանք իսկ իրենք երեկ եկան եւ մեզմէ աւելի լաւ կապրին»
(Հայկական Սփիւռքը Հայաստանի համար)
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ