19 ՅՈՒՆԻՍ 2019 –
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսայի կառավարութեան, աւելի ճիշդ՝ Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներուն եւ Տրոմ նահանգի եւ Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններուն միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրներու չեղարկման որոշումը ընդունելի չէ։
«Ի՞նչ սկզբունքի հիման վրայ Ֆրանսայի կառավարութիւնը դատի կանչած է տուեալ շրջաններու քաղաքապետները: Մենք կը դատապարտենք քաղաքական այս նոր դիրքորոշումը, որ կրնայ միայն Ատրպէյճանը գոհացնել։ Մենք չենք ընդունիր այն փաստը, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը այսքան վատ դիրքորոշում ունի Արցախի ժողովուրդին հանդէպ: Յստակ է, որ այս որոշումները հիմնուած են քաղաքական-տնտեսական շահերու վրայ: Մենք բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ Արցախը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ այնտեղ կեանքի ու մահուան հարց կայ: Մենք չէինք կրնար երեւակայել, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը այսքան հեռու կ՛երթայ։ Մենք չենք դադրիր Արցախին, Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի անկախութեան գործընթացին ու վերջնական փուլին Հայաստանին անոր միացման զօրավիգ կանգնելէ: Ժամանակն է, որ Հայաստան Արցախին հետ ստորագրէ ռազմաքաղաքական համաձայնագիր», շեշտեց Մուրատ Փափազեան:
Այս պարունակին մէջ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահը անհրաժեշտ նկատեց ընդգծել, որ կարելի չէ խաղաղութեան քայլեր սպասել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, երբ Ատրպէյճան պատերազմէն կը ներշնչուի եւ միայն ուժի կը դիմէ։
«Մեր ուժը մենք ենք, Սփիւռքի մէջ ամուր կը պահենք մեր դիրքերը: Իսկ նախագահ Մաքրոնին հետ զրուցելով՝ կ՛ունենանք լուրջ բացատրութիւն եւ կը շարունակենք մեր պայքարը Արցախի ժողովուրդին համար՝ միշտ անոր կողքին կանգնելով: Արցախի ժողովուրդը եւ բանակը ամուր կը պահեն մեր սահմանները: Եթէ Արցախը կորսնցնենք, Հայաստանը կը վտանգուի, իսկ Արցախը զօրացնելով՝ Հայաստանը կը փրկենք: Պէտք է միջազգային ընտանիքին Հայաստանի եւ Սփիւռքի զօրակցութիւնը ցոյց տանք՝ ուժ տալով Արցախին: Այո՛, միայն ուժ տալով, որոնք ալ ըլլան Արցախի իշխանութիւնները՝ այսօրուան, թէ վաղուան», եզրափակեց Մուրատ Փափազեան։
asbarez.com/arm/348501/%D5%96%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%BD%D5%A1%D5%B5%D5%AB-%D4%BF%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%88%D6%80%D5%B8%D5%B7%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%A8/