«Թաքնուած խաչ» Ֆիլմին Անձնակազմը Դատի Պիտի Տայ Թրքական Ազգայնամոլական Թերթը

19 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՇԽԱՐՀ:

Իսլամացուած հայերու մասին նկարահանուած «Թաքնուած խաչ» ֆիլմին բեմադրիչները դատի պիտի տան ֆիլմը թիրախաւորած թրքական ազգայնամոլական «Yeni Akit» թերթը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gazeteduvar-ը։

Լրագրող-ուսումնասիրողներ Ալթան Սանճարի ու Սերհաթ Թեմելի նկարահանած ֆիլմը կը պատմէ Տիարպեքիրի Էղիլ շրջանի իսլամացուած հայերու մասին: «Թաքնուած խաչ»-ի շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր Յունիս 16-ին, Տիարպեքիրի քաղաքապետարանին մէջ:

Ազգայնամոլական թերթի յօդուածին մէջ՝ ֆիլմը նկարահանողներուն տրուած է «դաւաճան» պիտակաւորումը:

«PKK ահաբեկչական կազմակերպութեան համակիրները Թուրքիոյ մէջ կ՝աջակցին հայերը ցեղասպանութեան ենթարկելու մասին Թուրքիոյ ուղղուած Արեւմուտքի մեղադրանքներուն: Բեմադրիչ Ալթան Սանճար, որ կ՝ըսէ, թէ հայու թոռ է, իր նկարահանած «Թաքնուած խաչ» ֆիլմով կ՝աջակցի հայկական պնդումներուն»,- ըսուած է «Yeni Akit»-ի հրապարակման մէջ:

Սանճարը Twitter-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով յայտնած է, որ իրենք դատի պիտի տան բացայայտ կերպով զիրենք թիրախաւորած ազգայնամոլական թերթը:

«Կ՝ուզենք, որ բոլորը գիտնան, որ մեզի պատահելիք հնարաւոր բոլոր բացասական իրադարձութիւններուն մեղաւորը «Yeni akit»-ն է»,- գրած է ֆիլմին բեմադրիչը:

erakouyn.com/2019/06/19/թաքնուած-խաչ-ֆիլմին-անձնակազմը-դատ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail