Լեզուի Պատմութեան Անցքեր Երկճիւղ Հայերէնի

Լեզուի Պատմութեան Անցքեր Երկճիւղ Հայերէնի
-29 Յուլիս 2015

Ֆրանսայի “Նոր Յառաջ” թերթի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
Յառաջիկայ 29-30 Յուլիս 2015ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը, կազմակերպութեամբ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հաստատութեան: Այս առիթով, Մատենադարանի ձեռագրագիտութեան եւ մայր ցուցակի բաժինի վարիչ, գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեանէն, որ Հայաստանի մէջ դասական ուղղագրութեան որդեգրումի վերաբերեալ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է, քաղեցինք 19րդ դարու վերջերուն եւ 20րդ դարու հայերէն լեզուի պատմութեան վերաբերալ տուեալներ: Յատկանշական են արեւելահայերէնի կրած գաղափարախօսական վիրահատութիւնները, որոնք դիմափոխած են անոր ներքին կառուցուածքը ու կտրած զայն նախասովետական շրջանի հայկական դասական մատենագրական աշխարհէն:

***

Ուղղագրութեան հարցը յառաջացած է 19րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ շարունակութիւնն էր այսպէս կոչուած «գրապայքարին»՝ դպրոցական դասագիրքերու հրատարակութեան առիթով, ուր առանձնապէս խնդրոյ առարկայ էին «ու», «ւ» եւ «վ» գիրերու գործածութիւնը: Արեւելահայերէնի կրաւորական ձեւը նկատի առնելով՝ գրելու երեք տարբերակ կար. «վ»ո՞վ «ուու»ո՞վ թէ՞ «ւու»ով գրել (այս վերջին ձեւը այսօր գրեթէ ընդունուած տարբերակն է): Յամենայն դէպս «ուու»ով տարբերակը քիչ մը դժուար էր թէ՛ աչքի եւ թէ լեզուի համար՝ արտասանութեան իմաստով: Բանաւէճը այստեղէն սկսած է՝ հասնելով Ղազարոս Աղայեանի դասագիրքերու «ւ»ագրութեան, որ մինչեւ օրս պարսկահայերու մօտ կը շարունակուի:

Մէկ այլ ծայրայեղութիւնը կը վերաբերի Ստեփանոս Մալխասեանցի «վ»ագրութեան: Այս պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ 1913 թուականը, երբ գիրերու գիւտի յոբելեանին առիթով Ս. Էջմիածինին մէջ Մանուկ Աբեղեան ներկայացուց իր շատ նշանաւոր զեկոյցը, որ նոյն տարին հրատարակուեցաւ «Արարատ» ամսագիրին մէջ: Այս զեկոյցին մէջ դրական առաջադրանքներ կային, մանաւա՛նդ որ աւարտին ան կ՛ըսէր հետեւեալը. «Եթէ որեւէ փոփոխութիւն մեր լեզուի երկու տարբերակները իրարմէ աւելի պիտի հեռացնէ, լաւ կ՛ըլլայ որ այդ փոփոխութիւնը տեղի չունենայ»: Սակայն քիչ ժամանակ անց, երբ Պօղոս Մակինցեան անունով անհաւասարակշիռ անձ մը դարձաւ խորհրդայնացած Հայաստանի «Լուսժողկոմ» (լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսար), ան իր մօտ հրաւիրեց Մանուկ Աբեղեանը, որ ուղղագրական բարեփոխութեան ջատագովն էր եւ անոր առաջարկեց գրի առնել եւ իրեն տալ բարեփոխութեան չորս տարբերակ: Աբեղեան գրեց այդ չորս տարբերակները, որոնցմէ չորրորդը ամէնէն ծայրայեղականն էր: Մակինցեան նախընտրեց այդ չորրորդ տարբերակը, որուն համաձայն մեր լեզուի գրութիւնը եւ արտասանութիւնը պէտք էր իրարու մօտեցուած ըլլային: Այսպէս «եւ»ը պէտք է գրուէր «յեւ» ձեւով, այսինքն երեք գիրերով, իսկ «օ» գիրը բոլորովին դուրս կը դրուէր այբուբենէն, եւ այսպէս շարունակ… Այս «ապուշութիւնները» տեւեցին մինչեւ 1940 թուական, երբ Գուրգէն Սեւակի միջոցաւ ձեւով մը այդ օրէնքին «յետսկոչում»ը տեղի ունեցաւ, որուն արդիւնքին ստեղծուած կացութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի: Իսկ անկէ առաջ ալ Աբեղեանի հետ արդէն որոշ խնդիրներ կային՝ քերականութեան նկատմամբ իր ըմբռնումներուն պատճառով:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը գործէր «Տերմինաբանական կոմիտէ» անունով կազմակերպութիւն մը, որ ուղղակիօրէն կը վաւերացնէր Մոսկուայէն եկած որոշումները: Օրինակ՝ «մանիշ» բառը պէտք էր համարել «կղերաֆէոտալական» եւ փոխարէնը «յէոդ» (iode) բառը պէտք էր գործածել, «կուսակցութիւն» բառը պէտք չէր օգտագործել, որովհետեւ ժողովուրդը կուսակցութիւն ըսելով Դաշնակցութեան (Ա. Հանրապետութիւն) կ՛ակնարկէր, նաեւ «հանրապետութիւն» եւ «խորհուրդ» բառերը արգիլուեցան: «Խորհուրդ»ը փոխարինուեցաւ «սովետ»ով, բայց այս պարագային ալ այլ «տգիտութիւն» մը մէջտեղ եկաւ՝ «սովետ»ը յատկացուած էր պետական մարմիններուն, բայց «խորհրդակցել» բառը կը մնար եւ «սովետակցել» չէր գործածուեր:

Պօղոս Մակինցեան, իր այս անհեթեթ «արարքէն» չորս տարի ետք Թիֆլիս հրատարակուող «Մարտակո»չ թերթին մէջ յայտարարեց, թէ «պէտք է հրաժարիլ Մեսրոպեան տգեղ, անկիւնաւոր գիրերէն եւ ընդունիլ լատին տառերը որպէս հայերէնի այբուբեն»: Այս արարքն ալ ծրագրուած էր Մոսկուայի կողմէ: Այդ օրերուն խորհրդային ղեկավարները կը հաւատային, թէ տեղի պիտի ունենար միջազգային յեղափոխութիւն մը, եւ կոմունիզմը աշխարհի մէջ պիտի յաղթանակէր, որուն հետեւանքով ալ բոլոր ժողովուրդները միալեզու պիտի դառնային: Բայց եւրոպական երկիրներու մէջ զանազան փորձերէ ետք, երբ անոնք անդրադարձան, թէ իրենց փափաքած միջազգային յեղափոխութիւնը տեղի պիտի չունենայ, այս անգամ Ստալին, զարգացնելով Մարքսի ուսմունքը, որոշում կայացուց, որ համայնավարութիւնը կարող է «յաղթել նաեւ առանձին երկրի մը մէջ», եւ ըստ այդմ որդեգրուեցաւ պարտադրել ռուսերէնի այբուբենը այդ «առանձին» երկիր՝ Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդներուն, անոնց կարգին նաեւ հայերուն: Ստալինի կարծիքով՝ համայնավարութիւնը կամ կոմունիզմը սովետի մէջ յաղթանակ արձանագրելու համար պէտք էր օգտագործել ռուսական տառերը…

Յարկ է նշել, թէ 1934 թուականին Նիկողայոս Մառին (Պետերսպուրկի մէջ կը գլխաւորէր Նիւթական մշակոյթի ինստիտուտ անունով կազմակերպութիւն մը) հրահանգած են ռուսերէնի գիրերը յարմարցնել հայերէնին ու վրացերէնին: Մառը յայտնած է, թէ «ատիկա հնարաւոր չէ, նկատի ունենալով որ Հայաստան ու Վրաստան դարաւոր մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներ են եւ անոնց այբուբենը փոխելով զանոնք կը հեռացնէք իրենց մշակոյթներէն»: Կ՛ըսուի, թէ ան այս հարցին կապակցութեամբ շատ ոգեւորուած ճառ մը արտասանած է իր ղեկավարած հաստատութեան գիտական խորհուրդին առջեւ եւ նոյն պահուն անհանգստացած ու աւելի ուշ ալ՝ մահացած է… Մառի դիմադրութեան շնորհիւ բարեբախտաբար հայերէնի եւ վրացերէնի գիրերը ռուսերէնով փոխարինելու վտանգաւոր գործարարքը տեղի չունեցաւ:

1977ին, երբ ընդունուեցաւ Սովետական Միութեան վերջին սահմանադրութիւնը, պէտք էր նաեւ անոր նմանողութեան հայկականը (նաեւ վրացականը) ընդունուէր, ուր հայերէնի (կամ վրացերէնի) պետական լեզու ըլլալու մասին ո՛չ մէկ ակնարկ պիտի ըլլար: Առ այդ յատկապէս Վրաստանի մէջ բողոքի զանազան ցոյցեր տեղի ունեցան, որոնց հետեւանքով ի վերջոյ նաեւ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ հայերէնը իբրեւ պետական լեզու արձանագրուեցաւ: Այլ խօսքով, Մարտ 1922ի «դեկրետ»ը (հրամանագիր), որուն նախապատրաստողը Մանուկ Աբեղեանն էր, բայց հեղինակը Պօղոս Մակինցեանը, քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէր:

Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալէ ետք հարկ էր Հայաստանի անկախութեան ժամանակ ուղղագրութեան հարցը քննարկուէր եւ համապատասխան լուծումը գտնուէր, բայց այդպէս չեղաւ, եւ տրուեցան բազմազան պատճառաբանութիւններ, որոնք բնականաբար սփիւռքահայերու եւ ընդհանրապէս ողջմիտ հայ մտաւորականներու համար ընդունելի չէին: Նշենք, թէ այդ շրջանին ուղղագրութեան հարցով բուռն բանավէճեր տեղի ունեցան՝ թեր եւ դէմ կողմերու միջեւ: Կարելի է ըսել, թէ ամէնէն եռանդուն անձնաւորութիւնը լեզուաբան-բանասէր Ռաֆայէլ Իշխանեանն էր, որ դասական ուղղագրութեան կիրառման կողմնակից էր: Անոր գաղափարին դէմ կանգնեցան տիտղոսաւոր նշանաւոր լեզուաբաններ, համալսարանական դասախօսներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով կապուած էին ազգային աւանդոյթներուն: Այդ բանաւէճը վերածուեցաւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հակամարտութեան, եւ դասականի հակառակորդները տուին նեղմիտ պատճառաբանութիւններ, թէ իրենք ինչո՞ւ պէտք է «Սփիւռքի ուղղագրութիւնը» ընդունին, մոռնալով, որ խօսքը հայերէն լեզուի ուղղագրութեան կը վերաբերի եւ այլն: Իրականութեան մէջ համալսարանական այդ ուսուցիչները աբեղեանական ուղղագրութեամբ իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն: Աւելի՛ն, անոնք նախ իրենք պէտք է սորվէին դասականը, որպէսզի յետոյ սորվեցնէին: Բայց անոնք ո՛չ սորվելու ունակ են եւ ոչ ալ ցանկութիւնը ունին… Մինչդեռ եթէ կ՛ուզենք մեր դարաւոր մշակոյթին տէր կանգնիլ եւ անոր արժանի ժառանգորդը ըլլալ, պէ՛տք է վերականգնենք մեր ուղղագրութիւնը: Պարզ օրինակը գրաբարով գրուած մեր բնագիրներն են, զորս պէտք է կարենանք վերծանել ու հասկնալ…

«Պէտք է Հայաստանում վերականգնել դասական ուղղագրութիւնը՝ կատարեալ տեսքով եւ ծաւալով, ապա ստեղծել համազգային մի մարմին, որը պէտք է իրականացնի ազգային-լեզուական քաղաքականութիւն եւ ընթացիկ խնդիրների կառավարում, որոնց շարքում՝ նաեւ ուղղագրական խնդիրների ըստ հարկի լուծում»:
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail