20 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, բայց «պատերազմի սպառնալիքով ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ վախցնել»:
«Պատերազմը չէ աւարտած, որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ, իրավիճակի լարում ըլլալ: Ազրպէյճանը պարզապէս կ՛ուզէ կիրարկել նոյն գործիքը, որ երկար ժամանակ կիրարկած է` փորձել դուրս բերել հարցի լուծումը բանակցային հունէն», ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստան բանակցային հոլովոյթին մէջ իր դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակէ 12 մարտին Ստեփանակերտի մէջ հռչակուած սկզբունքներուն ծիրին մէջ:
«Մեր դիւանագիտական ջանքերը որոշ ուղղութիւններով եղած են շատ արդիւնաւէտ: Մեր դիւանագիտութիւնը սկսած է աւելի ու աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ», հաստատած է Փաշինեան:
aztagdaily.com/archives/442226