Էրտողան. «Անհրաժեշտ Ամէն Բան Պիտի Կատարենք Մուրսիի Հարցով Միջազգային Դատարաններու Մէջ Դատելու Եգիպտոսի Իշխանութիւնները»

20 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Անոնք, որոնք Էրտողանին Եգիպտոսի հանգուցեալ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի նման ճակատագիր կը նախատեսեն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի մտայնութեան հետեւող մարդիկ են»:

«Մենք անոնցմէ չենք վախնար, որովհետեւ հագած ենք մեր պատանքները եւ այս ուղին որդեգրեցինք», ըսաւ ան:

Էրտողան նշեց. «Դժբախտաբար Մուրսին քսան վայրկեան դատարանի սրահին գետինը մահուան դէմ պայքարեցաւ, եւ պատասխանատուները չմիջամտեցին անոր օժանդակելու»:

Թուրքիոյ նախագահը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կոչ ուղղեց` «Մոհամետ Մուրսիի մահուան նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները կատարելու: Կազմակերպութիւնը անպայման անհրաժեշտը պէտք է կատարէ»:

«Պիտի հետեւինք անոր մահուան վերաբերեալ զարգացումներուն եւ անհրաժեշտ ամէն բան պիտի կատարենք եգիպտական իշխանութիւնները միջազգային դատարաններու մէջ դատելու համար», ըսաւ Էրտողան:

aztagdaily.com/archives/442238

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail