Եգիպտոսի Խորհրդարան. «Էրտողան Բռնապետ Է Եւ Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն Անոր Միջամտութիւնը` Մերժելի»

20 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եգիպտոսի խորհրդարանի բանբեր Սալահ Հասապալլա հակադարձեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի մահուան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն, զանոնք նկատելով «Եգիպտոսի հարցերուն լկտի միջամտութիւն»:

«Եգիպտացի ժողովուրդը 30 յունիս 2013-ի մեծ յեղափոխութիւնը զգետնող հարուածով մը վերջ տուաւ Էրտողանի երազներուն ու անոր սատանայական ծրագիրներուն եւ զինք վերածեց Եգիպտոսի, անոր ժողովուրդին ու ղեկավարին թիւ մէկ թշնամին», ըսաւ Հասապալլա:

Եգիպտոսի խորհրդարանի բանբերը Էրտողանը նկատեց «մենատէր մը եւ բռնապետ մը, որ իր ժողովուրդին ու իր քաղաքական ընդդիմադիրները կ՛անիրաւէ: Ան խալիֆայութեան պետութեան կերտման իր երազներուն ձախողութեան մատնուելէն եւ չարիքի, Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումով ներկայացուած խաւարի ու ահաբեկչութեան ուժերուն հետ դաշնակցելով Թուրքիոյ բանտերը վերածեց սպանդանոցներու»:

«Այդ անպիտան խմբաւորման տապալումէն ետք Էրտողան սուր յարձակողականի դիմեց Եգիպտոսի դէմ` արտասահմանի մէջ Եգիպտոսի պատկերը աղաւաղելու ձախող փորձով մը: Սակայն ամբողջ աշխարհը ամբողջովին կը գիտակցի, թէ Եգիպտոսը մեծ պետութիւն մըն է, որ հերոս ղեկավար նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ղեկավարութեան ռահվիրայական ու առանցքային դերակատարութիւն ունի շրջանային ու միջազգային հարցերու մէջ», նշեց Եգիպտոսի խորհրդարանին բանբերը:

aztagdaily.com/archives/442239

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail