20 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Եգիպտացի նշանաւոր գրող, հաղորդավար եւ դերասան Թամէր Ապտուլ Մընիէմ աւարտած է իր «Ալ Արման» (Հայերը) ֆիլմաշարին բեմագրութիւնը: Ան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է, թէ այս գործը թրքական ջարդերն ու Օսմանեան արիւնարբու կայսրութեան գործադրած բռնութիւնները բացայայտող առաջին վիպաշարը պիտի հանդիսանայ:
Ան յայտնած է նաեւ, որ վիպաշարը կ՚անդրադառնայ 20-րդ դարու սկիզբին Եգիպտոսի հայերուն իրավիճակին, եւ թէ շուտով այդ մասին մամլոյ ասուլիս տեղի պիտի ունենայ իր եւ վիպաշարի բեմադրիչին մասնակցութեամբ:
Նշենք, որ Թամէր Ապտուլ Մընիէմ նաեւ յօդուածագիր է եգիպտական կարգ մը լրատուամիջոցներու, որոնցմէ է «Ալ Ահրամ Ալ մասաի»ն։ Ան ստանձնած է զանազան պաշտօններ Եգիպտոսի մշակութային պետական հիմնարկներուն մէջ, գրած է ֆիլմերու եւ վիպաշարերու բնագիրներ, նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է եգիպտական ֆիլմերու, որպէս դերասան, բեմադրիչ եւ արտադրող:
horizonweekly.ca/en/եգիպտացի-գրող-թամէր-ապտուլ-մընիէմ-թրք/