21 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 20 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի անջատ հանդիպումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։
Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցան կարծիքներու աշխոյժ փոխանակում շարք մը հարցերու շուրջ, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն:
Մամետեարով եւ Պոլթըն քն-նարկեցին երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող հարցեր, ներառեալ՝ առեւտրական կապեր եւ փոխադրական ու տնտեսական ծրագիրներ:
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, թէ Պոլթընի հետ ունեցաւ դրական, ընդարձակ ու ընդգրկուն քննարկումներ՝ Արցախի տագնապին խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, Հայաստանի ու տարածաշրջանային խաղաղութեան ու ապահովութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան վերաբերեալ:
«Միացեալ Նահանգները կարեւոր դերակատարութիւն ունի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկիր՝ Ռուսաստանի ու Ֆրանսիայի հետ միասին», գրած է նախարարը:
asbarez.com/arm/348829/Պոլթըն-Անջատ-Հանդիպումներ-Ունեցաւ-Մն