Իրան Վար Առաւ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը – Իրանի Յեղափոխական պահակագունդ

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ վար առած է ամերիկեան լրտեսական անօդաչու թռչող սարք մը, որ թռիչք կը կատարէր հարաւային Իրանի Հորմուզղան նահանգին վերեւ:

Պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հուսէյն Սալամի նշեց, որ անօդաչու թռչող սարքին վար առնուիլը յստակ պատգամ մը կը բովանդակէ եւ օրինակ մըն է, թէ Իրան ինչպէ՛ս կը վարուի իր թշնամիներուն հետ:

Ան յայտնեց, որ Իրանը պաշտպանողները վճռականօրէն պատրաստ են դէմ դնելու անոր սահմաններուն դէմ որեւէ ոտնձգութեան, եւ զայն կատարողը պիտի վնասազերծուի` աւելցնելով, թէ Իրան որեւէ երկրի հետ պատերազմի մտադրութիւն չունի, սակայն ատոր պատրաստ է, եւ անօդաչու թռչող սարքի վար առնուիլը այդ ուղղութեամբ յստակ պատգամ մըն է:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ վար առնուած սարքը «Կլոպըլ Հոք» էր եւ փորձ կատարած էր մուտք գործել Քոհ Մուպարաք շրջանի օդային տարածք:

Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, թէ իրանեան օդային տարածքին վերեւ որեւէ անօդաչու թռչող սարք չկար, սակայն հետագային ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը ցամաք-օդ հրթիռով մը վար առնուած է, երբ թռիչք կը կատարէր Հորմուզի նեղուցին վերեւ միջազգային օդային տարածքի մէջ:

Փենթակոն իր կարգին նշեց. «Իրանի վար առած ամերիկեան օդանաւը իրանեան օդային տարածքէն 17 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր»` աւելցնելով. «Անոր ջախջախման վայրին փնտռտուքը կը շարունակուի»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չբացառեց ամերիկեան հաւանական հակազդեցութիւն` անօդաչու թռչող սարքի վար առնուելուն:

aztagdaily.com/archives/442401

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail