ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Երիտասարդներու Երկօրեայ Նստացոյցը Վերջ Գտաւ

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՆՍՏԱՑՈՅՑ:

Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին սկսած ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներուն նստացոյցը 20 յունիսին շարունակուեցաւ եւ նոյն օրը երեկոյեան վերջ գտաւ:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած իրենց զրոյցին ընթացքին նախաձեռնութեան անդամները ըսին, թէ գիշերը ամէն ինչ հանդարտ եղած է, մինչեւ ուշ երեկոյ երգած են: Առաւօտեան անոնք իրենց ցոյցը շարունակեցին նոյն ոգով` առանց նահանջի: Անոնք դիտել տուին, որ ուշի ուշով պիտի հետեւին Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու փաթեթին` երկրորդ ընթերցումով քննարկումներուն, այնուհետեւ` քուէարկութեան:

Ազգային ժողովի դարպասներուն դիմաց անոնք իրենց տեսակէտները ներկայացուցին Ազգային ժողով եկած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Նախաձեռնութեան անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Փաշինեան իրենց հետ զրուցելով համաձայնած է` սկզբունքային տարբեր մօտեցումներ կրնան ըլլալ:

Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին գծով, որուն մէկ մասը կը յատկացնէ պետութիւնը, վարչապետը վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր յատկացումը:

«Երկիր»-ի լրագրողը հարցուցած է, որ հանդիպումը դրակա՞ն էր. «Ահազանգ»-ի անդամը պատասխանած է. «Յուսադրող չեմ նկատեր: Մէկ մէջբերում կ՛ընեմ վարչապետ Փաշինեանի հետ զրոյցէն. ան ըսաւ, թէ նախագիծը պէտք է փորձենք, տեսնենք` ի՛նչ ազդեցութիւն ունի, անկէ ետք միայն օրինագիծին վերաբերեալ վերջնական տեսակէտ կ՛ունենանք»:

aztagdaily.com/archives/442382

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail