Ռամիլ Սաֆարով «Կը Դաստիարակէ» Ատրպէյճանի Երիտասարդութիւնը, Իսկ Մե՞նք…

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019 –

“Ազատ Օր”-ի խմբագրական

«­Թուր­քը այ­սօր ան­կիրթ բար­բա­րոս է, բայց
քա­ղա­քակր­թո­ւե­լուց յե­տոյ կը դառ­նայ կրթեալ ա­ւա­զակ,
եւ այն ժա­մա­նակ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր կը դառ­նայ»։

(­Ռաֆ­ֆի)

Որ­քա՜ն ի­րա­ւա­ցի են այ­սօր, մեր մե­ծա­նուն վի­պագ­րի՝ ­Ռաֆ­ֆիի խօս­քե­րը, ո­րոնք գրո­ւած են ա­ւե­լի քան 150 տա­րի­ներ ա­ռաջ, սա­կայն դի­պուկ կեր­պով ցոյց կու տան թուրք ցե­ղի բար­բա­րոս դի­մա­գի­ծը։
21րդ ­դա­րու քա­ղա­քակր­թու­թեան աշ­խար­հին մէջ, թուրքն ու իր ցե­ղա­կից ա­զե­րին կը մնան այն­պէս, ինչ­պէս գոր­ծե­ցին ան­ցեալ դա­րե­րուն, ի­րենց ա­մէ­նէն վայ­րագ ու ոճ­րա­գործ դի­մա­գի­ծով։

Սում­կայ­թի ջար­դը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կրկնօ­րի­նա­կը ե­ղաւ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ ող­բեր­գա­կան սպին տա­կա­ւին կը յա­մե­նայ մնալ՝ ա­զե­րի սպայ Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վի ոճ­րա­գոր­ծու­թեամբ, որ իր ցե­ղի ա­մէ­նէն քսմտե­լի յատ­կու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ բե­րե­լով, կա­ցի­նա­հար ը­րաւ հայ սպայ ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նին՝ ­Հուն­գա­րիոյ մէջ։

Սա­ֆա­րով, որ ար­դէն օ­րի­նա­կո­ւած էր ­Սում­կայ­թի դա­հիճ­նե­րու ա­րարք­նե­րէն, դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի նոր ազ­գա­յին հե­րո­սը, պա­տիւ­նե­րու ար­ժա­նա­ցաւ եւ այ­սօր իր զազ­րե­լի օ­րի­նա­կով կը շա­րու­նա­կէ «դաս­տիա­րա­կել» ա­զե­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։

Կա­րե­լի չէ տար­բեր կեր­պով բա­ցատ­րել օ­րեր ա­ռաջ ե­ղած ա­զե­րի ու­սա­նող­նե­րու մար­դաս­պա­նու­թեան փոր­ձը՝ ընդ­դէմ հայ ե­րի­տա­սարդ 18ա­մեայ Ար­թու­րի, ­Ուքրանիոյ Խար­քո­վօ քա­ղա­քին մէջ։
«Ա­զատ Օր»ի ե­րէ­կո­ւան թի­ւին մէջ զայ­րոյ­թով կար­դա­ցինք լու­րը եւ սրտի ցա­ւով տե­սանք հայ ե­րի­տա­սար­դի նկա­րը հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, կոն­քի կտրո­ւածք­նե­րով եւ դէմ­քի վէր­քե­րով։

Ա­զե­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մի­տում­նա­ւոր կեր­պով ու­զե­ցին թմրե­ցու­ցիչ­նե­րով՝ հայ տղուն փոր­ձան­քի մէջ դնել, եւ երբ ան հասկ­ցաւ ա­նոնց ա­րար­քը, ա­զե­րի ու­սա­նող­նե­րը, ա­մէ­նայն պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ, ի գործ դրին ի­րենց ծրա­գի­րը՝ հայ ե­րի­տա­սար­դին սպան­նե­լու հա­մար, բարձր պա­տու­հա­նէն Ար­թու­րին վար նե­տե­լով։
Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, հոն՝ ուր մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան ար­ժէք­նե­րը ու­սու­մի ճամ­բով եւ ազ­նո­ւա­կան ա­մէ­նէն ցայ­տուն օ­րի­նակ­նե­րով կը փո­խան­ցո­ւին նոր սե­րուն­դին։ ­Հա­ւա­նա­բար, այս­պէս մտա­ծեց ան­մե­ղու­թեամբ պա­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ Ար­թու­րը, երբ փնտռեց ա­զե­րի «մատ­ղաշ ոճ­րա­գործ­ներ»ու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը՝ գի­տու­թեան կա­ճա­ռէն ներս։

Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, ­Ռաֆ­ֆիին պատ­գա­մը ցոյց կու տայ թէ, թուրք ցե­ղը, նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն քա­ղա­քա­կիրթ մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ, պի­տի շա­րու­նա­կէ մեզ նե­ղել իր ցե­ղաս­պա­նի դի­մա­գի­ծով ու էու­թեամբ։
Այս բո­լո­րը յայտ­նե­ցինք, որ­պէս­զի ան­գամ մը եւս մտա­հան ը­նենք այն ցնո­րա­կան վար­կա­ծը, թէ կա­րե­լի է հաշ­տու­թեամբ գո­յակ­ցիլ թուր­քին հետ։ ­Հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քը թող օ­րի­նա­կո­ւի վեր­ջին պա­տա­հա­րէն։ ­Բո­լոր այն ձայ­նե­րը, ո­րոնք «ֆութ­պո­լա­յին» դի­ւա­նա­գի­տու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ այ­սօր՝ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի փա­կու­ղիէն դուրս գա­լու հա­մար «զի­ջո­ղա­կան» կե­ցո­ւածք­ներ կ­՚ար­տա­յայ­տեն, թող նա­խա­պէս կար­դան եւ ու­սում­նա­սի­րեն 1926ին գրո­ւած Զա­րե­ւան­դի՝ «Կր­նա՞նք հաշ­տո­ւիլ թուր­քին հետ» գիր­քը, ո­րուն մէջ հե­ղի­նա­կը բա­ռա­ցիօ­րէն կ­՚ը­սէ. —

«Թշ­նա­մու­թիւ­նից բա­րե­կա­մու­թիւն փութ­կոտ ան­ցում­նե­րը՝ միայն կաս­կա՛ծ կա­րող են ներշն­չել: Իսկ տկա­րու­թեան ցու­ցադ­րու­մը՝ ար­հա­մար­հա՜նք միայն: Ի զու՜ր պի­տի խեղ­դենք մեր զայ­րոյթն ու ար­ցուն­քը եւ ձեռք կար­կա­ռենք թուր­քին, ի զու՜ր պի­տի ջա­նանք բա­րի դրա­ցիու­թեան ու սի­րոյ ան­ճա­րակ ֆրազ­ներ թո­թո­վել. նա ա­ւե­լի՛ ու ա­ւե­լի՛ պա­հանջ­կոտ է դառ­նա­լու՝ ան­կեղ­ծու­թեան ու հա­ւա­տար­մու­թեան դրա­կան ա­պա­ցոյց­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար: ­Պի­տի պա­հան­ջի, որ իբ­րեւ գրա­ւա­կան՝ հրա­ժա­րո­ւե՛նք մեր բո­լոր գան­ձե­լի ի­րա­ւունք­նե­րից ու մեր ու­նե­ցած հա­մես­տա­գոյն ստա­ցո­ւած­քի՛ց էլ, ու զի­ջենք մին­չե՛ւ մեր գո­յու­թեան ա­մէ­նա­յե­տին ի­րա­ւու՛ն­քը:

Եւ երբ ստրկա­ցած, իբ­րեւ ազգ՝ ոչնչու­թեան հա­ւա­սա­րո­ւած, ամ­բող­ջո­վին լի­նենք իր ոտ­քե­րի տակ՝ նա դեռ ա­պա­ցոյց­նե՛ր պի­տի ու­զի…­ ո­րով­հե­տեւ վա­խե­նա­լու է իր ոտ­քի տակ ըն­կած հա­յի փո­շու՛ց ան­գամ»:
Ե­թէ Ատր­պէյ­ճան ­Սա­ֆա­րո­վի մար­դաս­պա­նա­կան օ­րի­նա­կով պի­տի կրթէ իր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ա­նոր դի­մաց՝ ­Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ներշն­չել հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կերտ­ման հա­մար ան­հա­մար հե­րոս­նե­րու օ­րի­նա­կով։ Երբ Ար­ցա­խի սահ­մա­նին վրայ հայ զի­նո­ւոր մը իր կեան­քը կը կորսնց­նէ, հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քը պար­տի տէր կանգ­նիլ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան, որ­պէս ե­րաշ­խի­քը ­Հա­յաս­տա­նի գո­յա­տեւ­ման ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գայ զար­գա­ցու­մին։

Եր­բեք պէտք չէ հան­դուր­ժել, որ ­Հուն­գա­րիոյ կամ ­Խար­քո­վո­յի օ­րի­նակ­նե­րը կքեն մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կամ­քը, ո՛չ ալ թոյլ տալ, որ ա­նոնք կրկնո­ւին։

Պի­տի մնանք զգօն՝ թշնա­միի ա­մէն տե­սա­կի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։

yerakouyn.com/2019/06/21/ռամիլ-սաֆարով-կը-դաստիարակէ-ատրպէյ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail