Այս բառի խոր իմաստը մեզ հասկցնելու համար ուսուցիչները, դաստիարակները ղեկավարները յաճախ կը դիմէին օրինակով

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Սիրենք Միութիւն չանենք վատութիւն)

Միութիւն;

Այս բառի խոր իմաստը մեզ հասկցնելու համար ուսուցիչները, դաստիարակները ղեկավարները յաճախ կը դիմէին օրինակով բացատրելու որպէսզի այն դրոշմուի մեր յիշողութեան եւ նաեւ ենթագիտակցութեան մէջ, այդ կընէին բարակ փայտիկներ կոտրելով, 10 փայտիկ միասին արդէն ձեռքը ցաւցնելով կը կոտրէին իսկ 100 փայտիկ անհնար էր ֆիզիկապէս կոտրել քանի որ միացած էին եւ միութիւնը զօրութիւն էր, այո էր, անցեալ կատարեալ, որովհետեւ այսօր Միութիւնը զօրութիւն չէ դժբախտաբար այսօր կը նկատենք որ նոր ուսուցիչներու, դաստիարակներու, ղեկավարներու մեծամասնութեան համար միութիւնը կընկալուի լրիւ ուրիշ ձեւ, այսօր տոլարներու տրցակներու միութիւնը կը համարուի զօրութիւն եւ անոր տէրը ամենազօրը, հետեւաբար զանց պիտի առնեմ այդ բառը երգի մէջէն «Սիրենք Միութիւն չանենք վատութիւն»

Չանենք Վատութիւն

Մեզ սորվեցուցած էին թէ պէտք է ընել բարիք եւ միայն բարիք որպէսզի կայանայ միութիւնը մարդկային բայց այսօր արեւու պէս կը փայլի այն փաստը թէ առանց վատութիւն ընելու տոլարի տրցակները չեն միանար հետեւաբար վատութիւնը դարձած է կենցաղ եւ կը համարուի բնական քանզի նպատակը միութիւնն է եւ հասնելու համար այդ միութեան պէտք է ըլլալ Ճարպիկ նոր բառարանով իսկ հին բառարանով գող եւ ստախօս․․․

Փառք ու պատիւ այն փոքրաթիւ անհատներուն որոնց համար Միութիւնը զօրութիւն է եւ վատութիւնը անթոյլատրելի հետեւաբար երգենք միասին փոքրաթիւ ընկերներ

«Սիրենք Միութիւն, չանենք վատութիւն- – – ․»

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail