23 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ:
Նորանկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնն ի սկզբանէ կը փորձէր հանրապետութեան սահմաններն ընդարձակել: Քանի դեռ Առաջին Աշխարհամարտը չէր վերջացած, հայ ղեկավարները այդ նպատակով կը բանակցէին նոյն ինքն թուրքերուն հետ, քանի որ փաստօրէն անոնք կ’իշխէին Ատրպէյճանի եւ Անդրկովկասի նորանկախ պետութեանց միջեւ վիճելի տարածքներուն մէջ: Գերմանացիք տեղաւորուած էին Վրաստանի մէջ, իսկ Հայաստանի նեղ սահմաններուն քիթին տակ կանգնած էին թրքական զօրամասերը:
Հայկական պատուիրակութիւնը 1918-ի Յունիսի կէսերուն Հայաստանի սահմաններն ընդարձակելու նպատակով մեկնած էր Պոլիս` բանակցելու օսմանեան կառավարութեան` Երիտթուրքերու կուսակցութեան առաջնորդներուն հետ, իսկ Հայաստանի մէջ Արամ Մանուկեանը նոյն նպատակով կ’օգտագործէր թուրք զինուորականներու հետ ունեցած իր հին` մինչեւ 1915-ը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իր գործունէութեան տարիներէն եկող կապերը:
Հ. Յ. Դ.ի առաջնորդներէն Ռուբէնը (Տէր Մինասեան) կը գրէ. “Արամը, իր նախկին ընկեր` Երեւան եկած յաղթական Խալիլ փաշայէն սահմաններու ընդարձակում եւ ապրելու հնահարաւորութիւն կը պահանջէր: Խալիլ փաշան սկզբունքօրէն չէր մերժեր Հայաստանի հողերու ընդարձակման պահանջը: Ան կ’առաջարկէր, որ հայերը կանխաւ պարպեն Զանգեզուրի Մեղրիի գաւառակը, որպէսզի իրենք անմիջապէս կապուին Պաքուի հետ: Ատոր փոխարէն, ան պատրաստ էր Ատրպէյճանի հաշուին ընդարձակելու Հայաստանի սահմանները դէպի Ճիւանշիր ու Վարանդա: Ան կ’առաջարկէր զինուորական դաշինք կնքել Դաշնակիցներուն դէմ: Այս խօսակցութիւններն արդիւնք չտուին: Միակ օգուտն այն եղաւ, որ Արամի անձնական կապին շնորհիւ Խալիլ փաշան Հայաստանին շնորհեց 25 հազար փութ ցորեն` գաղթականներուն համար եւ հրահանգ տուաւ Բաշ-Գառնիի շրջանի Միլլի Ձորի թաթարներուն` հեռանալ` հայ գաղթականներուն համար տեղ բանալու նպատակով: Եկած ցորենը բաժնուեցաւ սովահարներուն, իսկ Միլլի Ձորը թաթարներէն պարպուեցաւ”:
Կովկասեան ճակատի թրքական զօրքերու գերագոյն հրամանատար Խալիլ փաշան Ալեքսանդրապոլէն Երեւան գալու եւ Արամ Մանուկեանի հետ հանդիպելու ցանկութիւն յայտնած էր Յուլիսի վերջերուն: Անոր ընկերանալու եւ միաժամանակ Հայաստան իրենց առաջին այցը տալու համար Թիֆլիսէն Երեւան մեկնիլ որոշեցին նաեւ Գերմանիոյ ու Աւստրիա-Հունգարիոյ ներկայացուցիչները` Ֆրիտրիխ Քրես ֆոն Քրեսենշթէյնը եւ Ֆանկելշթէյնը: Նոյն շոգեկառքին մէջ եղած, Թիֆլիսի ՙՀորիզոն՚ թերթի խմբագրապետ Վահան Նաւասարդեանը կը գրէ. “Այս երեքին ուղեկցելու համար Թիֆլիսէն Երեւան պիտի երթար նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Արշակ Ջամալեանը: Շոգեկառքը կանգ պիտի առնէր Ալեքսանդրապոլի մէջ, ուր կը գտնուէր Խալիլը, եւ հոն մէկ օր մնալէ յետոյ, յաղթական երկիրներու այս երեք ներկայացուցիչները Երեւան պիտի մեկնէին”:
Ալեքսանդրապոլի մէջ շոգեկառքը կանգ կ’առնէ: Ի պատիւ Գերմանիոյ եւ Աւստրիա-Հունգարիոյ ներկայացուցիչներուն` Ալեքսանդրապոլի մէջ ճաշ կու տայ Խալիլ փաշան: Անոնց կը միանայ նաեւ Ջամալեանը:
Նաւասարդեանը կը շարունակէ. “Այդ օրը գիշերեցինք կայարանը` շոգեկառքին մէջ, եւ միւս առտուն շոգեկառքը յաղթական Խալիլն առնելով` շարժեցաւ դէպի Երեւան: Խալիլի այցի մասին Երեւանի մէջ գիտէին: Արամը գիտէր նաեւ այն, որ գերմանական ներկայացուցչութիւնը անպաշտօն ձեւով փափաք յայտնած էր, որ լաւ կ’ըլլայ, եթէ Արամը, յանուն իր ժողովուրդի փրկութեան, ինքն անձամբ կայարան գայ Խալիլը դիմաւորելու: Գերմանիոյ ներկայացուցիչը կը կարծէր, թէ թրքական գազանութիւնները եթէ կարելի է մեղմել ու կանխել, ապա հնարաւոր է ընել միմիայն յաղթական զօրավարին գութը հայցելով` անոր ապաւինելով եւ անոր սիրտը սիրաշահելով”:
Վերջապէս շոգեկառքը կը հասնի Ուլուխանլու (Մասիս), ուրկէ կը սկսէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Դաժան զուգադիպութեամբ` նոյն ժամուն Ուլուխանլու կը հասնի նաեւ այն շոգեկառքը, որ Շիրակի դաշտէն 1918-ի գարնան օսմանեան զօրքերուն կողմէ դէպի Կարին քշուած հայ երիտասարդներու անդրանիկ քարաւանը Կարսէն Երեւան կը բերէր: “Տարագրուածներուն թիւը մօտ 13 հազար քանի մը հարիւր էր. կոտորուած էին բոլորը. ՙկենդանի՚ մնացեր էին միայն քանի մը հարիւր հոգի, զորս ահա կը վերադարձնէին Հայաստան` ՙհաւատարիմ՚ մնալով այդ ժամանակ Պոլիս գտնուող մեր պատուիրակներուն տրուած խոստումին: Այդ գերիները` կենդանի դիակներու սոսկալի բազմութիւն մը, մերկ ու բոկոտն, այլանդակուած ու փքուած մարմիններով եւ սարսափահար աչքերով, գետինը փռուած էին”:
Քսան վայրկեանէն շոգեկառքը կը հասնի Երեւան: Հայկական զինուորական երաժշտախումբը կը սկսի նուագել: Կայարանի մայթին վրայ, քիչ մը ներս քաշուած, կանգնած էր զօրավար Սիլիկեանը` իր ետին ունենալով շքախումբն ու պատուոյ պահակը: Դէպի ձախ կանգնած էր քաղաքին պարետը` դերասան Արշաւիր Շահխաթունին: Այդ ամբողջ խումբէն բոլորովին առանձնացած ու առջեւ եկած, շքախումբին ճիշդ մէջտեղը, փառահեղ կեցուածքով ու սեւ հագուստի մէջ, թուխ ակնոցները աչքերուն, թիկնեղ մարմնին վրայ գլուխը քիչ մը դէպի վեր թեքած, կանգնած էր Արամը:
“Ինչպէ՞ս պիտի հանդիպին այս երկու ոխերիմ մրցակիցները, որոնցմէ մէկը, իր յաղթ կամքին ու կուռ հաւատքին ապաւինած, ոչինչ խնայեց հայութեան երազը կերտելու համար, իսկ միւսը ամէն ինչ ըրաւ` այդ երազը խորտակելու համար: Եւ ահա, երբ շոգեկառքը կանգ առաւ, Արամն իր հայեացքը աջ ու ձախ նետեց եւ շոգեկառքին առջեւ ձգուած ծայրի վակոնին մէջ Խալիլին դէմքը նշմարեց: Խալիլը, նկատելով Արամը, դիւրաշարժ երիտասարդի մը նման անմիջապէս ցատկեց վակոնէն, ընդառաջ եկաւ անոր, եւ երկուքն ալ ժպտադէմ, ջերմօրէն ու բարեկամաբար իրարու ձեռք թօթուեցին եւ համբուրուեցա”,- կը շարունակէ Նաւասարդեանը:
Կայարանէն մինչեւ քաղաքին կեդրոն ուղեւորութիւնը Նաւասարդեանն այսպէս կը նկարագրէ. “Մեր քանի մը կտոր իրերը դրինք եզներ լծած սայլի մը վրայ ու ոտքով մեկնեցանք քաղաք: Մարդկայնօրէն անհնար էր այս սարսափի երկրին մէջ պահել հաւասարակշռութիւնն ու չցնցուիլ: Հայաստանն ահաւոր սովի օրերը կ’ապրէր, երբ մարդիկ սկսեր էին արդէն դիակներ յօշոտել: Պատերու տակ` սովահարներու անկենդան ստուերները ցցուած էին: Անոնք կը մարէին առանց մուրալու: Կը մարէին անտրտունջ, անձայն ու անաղմուկ”:
Կայարանին մէջ Խալիլին եւ միւս հիւրերուն ցոյց տրուած ընդունելութենէն ետք, երեկոյեան ճաշկերոյթ կու տայ քաղաքագլուխը: Յաջորդ օրը անոնք կ’այցելեն վարչապետին ու Հայաստանի Խորհուրդի նախագահին, ապա կը մեկնին Էջմիածին` տեսնուելու կաթողիկոսին հետ: Հիւրերը Մայր Աթոռ կ’ուղեկցեն Արամն ու պարետ Շահխաթունին:
Շահխաթունին կը գրէ. “Բարձրացանք Վեհափառին քով: Փառահեղ դէմքով, բազկաթոռի մէջ նստած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ը: Նախապէս մօտեցաւ եւ ներկայացաւ գերմանացի զօրավարը: Անոր հետեւեցաւ Խալիլը: Ես կը նայէի կաթողիկոսի դէմքին եւ կը զարմանայի, թէ ինչպէ՞ս անոր աչքի բարձր հայեացքը փոխուեցաւ եւ դառնութիւն ու բարկութիւն արտայայտեց”:
Վեհափառը հիւրերուն կ’առաջարկէ ճաշին մնալ, իսկ մինչեւ ճաշը, եթէ անոնք կը փափաքին, կրնան այցելել Էջմիածնի Մայր Տաճարն ու թանգարանը: Երբ լիճին ափը այցելեցին, չորս կողմը` ծառերու տակ, սարսափելի տեսքով եւ ահագին թիւով հայ գաղթականներ էին:
Շահխաթունին կը շարունակէ. “Անոնք մեր վրայ որեւէ ուշադրութիւն չէին դարձներ: Վերադարձանք վեհարան: Ճաշասենեակին մէջ սեղանապետը իւրաքանչիւրը հրաւիրեց գրաւելու իր տեղը: Կաթողիկոսը նստած էր ճակատին: Անոր աջ կողմը տեղ գրաւեց գերմանացի զօրավարը, անոր քով` աւստրիական զօրքերուն ներկայացուցիչը, ձախ կողմը Խալիլն էր, իսկ անոր կողքին` Արամը: Ճաշը լաւ անցաւ, եւ Խալիլն ու գերմանացի զօրավարը հիացած էին ափսէներուն ու սեղանի սպասեղէնին վրայ: Անոնց վրայ դրոշմուած էր Սուրբ Էջմիածնի նկարը եւ գրուած. ՙՆորին Կայսերական Մեծութիւն Նիքոլայ Բ.-էն ընծայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսին”:
Կաթողիկոսը կը հարցնէ Խալիլին. “Դուք հաւնեցա՞ք Էջմիածնին շրջակայքը, մանաւանդ լիճին տեսարանը: Տեսա՞ք անթիւ հայ գաղթականները, որոնք ձեր քաղաքացիներն եղած են: Շնորհակալ եմ, որ գոնէ այսքանն ալ մնացեր է՚: Խալիլ փաշան շատ յուզուած էր: Խօսակցութիւնը փոխելու համար, ան ըսաւ. “Ձեր կենացը կը խմեմ, Վեհափա°ռ Տէր, հրաշալի գինի է”:
Նոյն օրը օտարազգի բանագնացները Էջմիածնէն կը վերադառնան, իսկ երեկոյեան Հայաստանի Խորհուրդի նախագահին ու վարչապետին հետ երկար խօսակցութիւն կ’ունենան հայկական գործերուն մասին: Ի պատիւ հիւրերուն` կառավարութիւնը ճաշկերոյթ կու տայ, որուն ներկայ կ’ըլլան նաեւ Երեւան գտնուող ուրիշ թուրք սպաներ:
Նոյեմբերի կէսերուն, Հայաստանի զինուորական նախարարը Երեւանի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Մեհմէտ Ալի փաշայէն կը ստանայ հետեւեալ գրութիւնը. “Օսմանեան Կայսրութեան գլխաւոր սպայակոյտին պետը կը հրամայէ ինծի հաղորդել, որ Պրէսթ-Լիթովսքի սահմաններէն դուրս մնացող եւ թուրք զօրքերու գրաւած հողամասերը պէտք է պարպուին վեց շաբթուան ընթացքին` հաշուելով 24 Հոկտեմբերէն”: Հայաստանի կառավարութիւնը Դիլիջան-Լոռիի զօրամասի պետ Դրոյին կը կարգադրէ հեռացող թրքական զօրքերուն տեղը բռնել:
Հետզհետէ կը սկսի թուրքերուն նահանջը, որու գլխաւոր պատճառը միւս ճակատներուն վրայ օսմանեան բանակներուն պարտութիւնն էր: 18 Նոյեմբերին հայկական զօրքերը Ղարաքիլիսա կը մտնեն:
Նոյեմբերին, թրքական զօրքերն սկսան նահանջել Երեւանի նահանգէն, Դեկտեմբերի սկիզբին անոնք ձգեցին Երեւան-Ալեքսանդրապոլ երկաթուղին ու Ալեքսանդրապոլի բերդը: Այսպիսով, Օսմանեան Կայսրութիւնը յանձնեց Երեւանի նահանգի շուրջ 15 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքը: Հայ զինուորներու յառաջխաղացման զուգընթաց պարզ դարձաւ 19-րդ դարուն Վիքթոր Հիւկոյի բանաձեւած ՙայստեղով թուրքը անցած է՚ որակման դառն իմաստը: Տուժած հայոց խօսքերը անթիւ-անհամար էջեր լեցուցին, բայց բառերը, որքան ալ իմաստալի, չէին կրնար հաղորդել սարսափի ու աւերածութեան չափերը Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձուած հողին մէջ:
Հատուած Թաթուլ Յակոբեանի ՀԱՅԵՐԸ եւ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն
Նկարում՝ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:
aniarc.am/2019/06/23/khalil-1918-ejmiatsin/