Ակնարկ. Նախարարը, Խորհրդականը, Տնօրէնը, Հաղորդավարն Ու Թրամփի Որոշումը (Ամերիկեան Պատումն Ու Քաղաքական Իրականութիւնը)

24 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ:

Միացեալ Նահանգներ – Իրան պատերազմի բռնկման նախաշէմային իրավիճակը շրջելու որոշումը, ամերիկեան եւ ընդհանրապէս համաշխարհային մամուլին հաղորդած լրատուութիւններով բացառապէս կը վերագրուի նախագահ Թրամփի անձնական որոշումին:

Իրանեան հակաօդային ուժերու կողմէ ամերիկեան անօդաչու սարքին չէզոքացումը հակահարուածի ենթահողի պատրաստութեան առիթ տուած էր: Աւելի՛ն. հաղորդուած էր հետագային, թէ ռմբաձիգները բարձրացած էին արդէն հարուածելու իրանեան յենակէտեր, սակայն մետասաներորդ պահուն Միացեալ Նահանգներու նախագահը վիժեցուցած էր գործողութիւնը:

Այս բոլորը աւելի պատումնային բնոյթի եղելութիւններու տպաւորութիւն կը ձգեն եւ ոչ թէ կը փոխանցեն ռազմաքաղաքական որոշումներով իրականացուող դիպաշարի համոզումը:

Դժուար ընկալելի պիտի ըլլար այն, որ Միացեալ Նահանգներու թէ՛ պաշտպանութեան նախարարը, թէ՛ նախագահի անվտանգութեան հարցերու գլխաւոր խորհրդականը եւ թէ՛ արտաքին հետախուզութեան տնօրէնութիւնը միանշանակ համաձայն ըլլային համարժէք հակահարուած տալու, ռմբաձիգները ճամբայ պիտի ելլէին եւ մետասաներորդ պահուն նախագահը կասեցնէր գործողութիւնը:

Որքան ալ սահմանադրական իրաւասութիւն ունենայ երկրի նախագահը պատերազմական գործողութեան դիմելու կամ որոշում բեկանելու, այնուամենայնիւ կ՛ենթադրուի, որ զուտ անձնական հիմունքով չեն ընթանար նման որոշումներու կայացումն ու իրականացումը:

Պատումնային արարները կը շարունակուին: Նախագահ Թրամփի` «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի գործողութիւնը կասեցնելու որոշումին վրայ ազդած է հաղորդավար Թաքեր Քարլսընի որոշումը:

Հետեւեալն է բեմագրութիւնը: Պաշտօնական Ուաշինկթընի համապատասխան բաժանմունքներու ղեկավարները` պաշտպանութեան նախարար, անվտանգութեան գլխաւոր խորհրդական եւ արտաքին հետախուզութեան տնօրէն` ընդդէմ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հաղորդավարին: Վերջինիս տեսակէտը աւելի ծանր կշռած է, քան ոլորտի մասնագէտ պատասխանատուներուն կարծիքը:

Տարբեր հանգամանքներ կրնան բացատրել մետասաներորդ պահու Թրամփի որոշումը, բայց ոչ հաղորդավարի կարծիքը: Աւելի ճիշդը` անհրաժեշտ է քաղաքական տրամաբանութեամբ ընկալել հրամցուած բեմագրութիւնը: Ի սկզբանէ իրանեան յենակէտեր ռմբակոծելու որոշում գոյութիւն չունէր. Անհրաժեշտ էր սակայն յայտարարել, որ նախապատրաստութիւն կայ այդ ուղղութեամբ, թէ վարչակարգի ուժային բաժանմունքները տարակարծիք չեն գործողութեան դիմելու, եւ տնտեսական պատժամիջոցներու ենթարկուած Իրանը այս ձեւով կ՛ենթարկուի նաեւ ռազմական պատժամիջոցի: Նախագահ Թրամփի բարեխղճութիւնն է, որ կը կասեցնէ զինուորական գործողութիւնը` ոչ համարժէք զոհեր խլելու հաւանականութենէն խուսափելու համար:

Ահա նախագահ Թրամփի մարդկային երեսը, որ հեռատեսիլի հաղորդավարին կողմէ կը բացատրուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն վարկանիշի ապահովման հզօր գործօնով: Այլապէս Թրամփի կողմէ հակահարուածի իրականացումը, ըստ հաղորդավարին կը նկատուի խելացնորութիւն:

Ամերիկեան այս պատումը ներքին սպառման համար կրնայ լաւ շուկայ նուաճել եւ գուցէ նաեւ իսկապէս ազդել ընտրական վարկանիշին վրայ: Թէեւ Թրամփի ծայրայեղութիւնը նախընտրողները կրնան դրական նկատել Իրանի դէմ ուղղուած ռազմական քայլ մը:

Արտաքին քաղաքականութեան մակարդակին վրայ նախագահ Թրամփի յայտարարութիւններն ու առած քայլերը համահնչեղութեամբ չեն յատկանշուիր: Հիւսիսային Քորէայի նախագահին ուղղուած սպառնալիքներուն յաջորդած ոչ թէ հիւլէական պատերազմի առաջնորդող քայլերը, այլ քաղաքական մեղրամիս ուրուագծող հանդիպումները վարքագիծի կտրուկ շեղումներ էին, տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ:

Չէ բացառուած, այս բոլորով հանդերձ, որ մետասաներորդ պահուն սահմանափակ ռազմական գործողութիւն իրականացուի: Յանկարծակի, ինչպէս կասեցումը` յայտարարուած, ցուցադրուած նախապատրաստուած գործողութեան: Նախընթաց օրինակները նկատի ունենալով սակայն, չէ բացառուած նաեւ, որ քաղաքական մեծ առեւտրային գործարքի հետեւանքով կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուին Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւնները: Հիւսիսային Քորէայի նախադէպը այդ կը յուշէ:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/442688

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail