Էրտողանի՝ Մէկ Մարդու Կառավարման Վարչաձեւը Տապալեցաւ. Կարօ Փայլան

24 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին վրայ` խօսելով Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին, ուր առաջատարի դիրքերուն է Թուրքիոյ Ժողովրդա-հանրապետական ընդդիմադիր կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

«Էրտողանի` մէկ մարդու կառավարման վարչաձեւը տապալեցաւ։ Այս գիշեր բոլորով շուրջպար պիտի բռնենք, իսկ վաղն ալ պիտի պատրաստուինք նոր ժողովրդավարութեան կառուցման»,- գրած է ան։

ԿԸՅ տուեալներով՝ Իմամօղլուն ստացած է ձայներու 54 տոկոսը: Անոր մրցակիցը՝ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմը, ստացած է ձայներու 45.1 տոկոսը:

Յիշեցնենք, որ քաղաքապետի ընտրութիւնները Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած են Մարտ 31-ին: Այն ժամանակ Իմամօղլուն շրջանցած էր Եըլտըրըմը՝ ստանալով 4,171, 000 ընտրողի ձայն: Թուրք ղեկավարի կուսակցութիւնը բողոքարկած էր արդիւնքները՝ պահանջելով չեղարկել զանոնք եւ նոր ընտրութիւններ նշանակել Պոլսոյ մէջ:

yerakouyn.com/2019/06/24/էրտողանի՝-մէկ-մարդու-կառավարման-վարչ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail