Անդրադարձ. Անկեղծութի՞ւն, Թէ՞ Հետեւանքէն Զգուշացում – Վահրամ Էմմիեան

24 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Վահրամ Էմմիեան

Արաբական ծոցի շրջանին մէջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան մակարդակը շատ բարձր է, սակայն երկու կողմերն ալ կը պնդեն, թէ պատերազմ չեն ուզեր:

Ուաշինկթըն անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ատոր շօշափելի փաստը տուաւ: Արդարեւ, 12 մայիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովափին մօտ քարիւղատար երկու նաւեր յարձակումի ենթարկուեցան, 13 յունիսին միեւնոյն դէպքը կրկնուեցաւ այս անգամ Օմանի ծովուն մէջ, իսկ 20 յունիսին Իրան վար առաւ ամերիկեան լրտեսական անօդաչու թռչող սարք մը:

Եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ պատերազմի ախորժակ ունենային, կրնային զայն շղթայազերծելու համար` վերոնշեալ դէպքերէն որեւէ մէկը օգտագործել իբրեւ «արդարացուցիչ դէպք յանցանաց», մանաւանդ որ ամերիկացի պաշտօնատարներ առաջին երկուքին պարագային յայտարարեցին, թէ բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, թէ անոնց պատասխանատուն Իրանի իսլամական հանրապետութիւնն է: Այդ դէպքերուն իսկական պատասխանատուն, սակայն, հաւանաբար Ուաշինկթըն – Թեհրան զինուորական բախումի մը հրահրման մէջ շահ ունեցող երրորդ կողմ մըն է` ամենայն հաւանականութեամբ Իսրայէլը: Ապա վրայ հասաւ երրորդ դէպքը, որ արդէն, բացայայտօրէն իրանեան արարք մըն էր: Ուաշինկթըն այդ դէպքերը կամ անոնցմէ որեւէ մէկը կրնար իբրեւ պատրուակ օգտագործել, բայց երեքն ալ եկան ու անցան, սակայն աղէտալի պատերազմին փողը չհնչեց:

Յստակ է, թէ Միացեալ Նահանգներ իսկապէս Իրանի հետ ուղղակի ճակատումի մը կամ առնուազն ատոր գինը վճարելու կամքը չունին: Եւ այդ է պատճառը, որ այսօր այս բոլորէն ետք կը կրկնէ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու յանկերգը: Ատիկա արդեօք անկեղծութեա՞ն, հետեւանքներէն զգուշացմա՞ն, թէ՞ հաւասարապէս երկուքին կարելի է վերագրել: Յամենայն դէպս, կը թուի, թէ Ուաշինկթըն-Թեհրան պատերազմի մը վտանգը մօտալուտ չէ, սակայն այդ վտանգին հաւանականութիւնը կրնայ հետզհետէ բարձրանալ, քանի կը մօտենայ Միացեալ Նահանգներուն մէջ նախագահական ընտրութեան ժամկէտը, մանաւանդ եթէ ընտրական քարոզարշաւի ընթացքը չըլլայ գործող նախագահին ի նպաստ:

yerakouyn.com/2019/06/24/անդրադարձ-անկեղծութի՞ւն-թէ՞-հետեւան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail