24 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՈՑ:
Յ. Պալեան
Դ. Ատանա, Մուսա Լեռ, Յիշատակի Ապրող Հայկական Վագըֆ
Ատանա կը հասնինք երեկոյեան: Արդիական հիւրանոցը խճողուած է տեղացիներով եւ օտարականներով: Հոս ալ ուտեստները բազմազան են եւ առատ: Կը շրջինք հիւրանոցին շուրջ եւ կը քալենք բազմադարեան կամուրջի մը վրայ: Հակառակ լայն փողոցներու եւ պողոտաներու` խճողումներ կան: Հոս ոչ մէկ անակնկալ կը սպասէ մեզ: Պարզապէս պիտի գիշերենք:
Յաջորդ օր կը մեկնինք Անտիոք, որ աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներէն մին է եւ եղած է նաեւ հայոց Տիգրան թագաւորին մայրաքաղաքը: Եղած է քրիստոնէական մեծ կեդրոն: Ալեքսանտրեթի սանճաքը եւ Անտիոքը Թուրքիոյ կցուած են 1939-ին, որուն պատճառով կրկին տեղի ունեցած է հայերու գաղթ: Չորս տարեկան էի այդ գաղթին: Այդ գաղթին պատճառով ստեղծուած է Լիբանանի այսօրուած ծաղկուն Այնճար գիւղաքաղաքը:
Հանրակառքը կ՛անցնի Կիլիկիոյ ճամբաներէն: Ծանօթ անուններ կը կարդանք ուղղութիւն ճշդող ցուցանակներու վրայ. Մերսին, Փայաս, ծննդավայրս` Իսկենտերուն, Քրըք Խան, Տորթ Եոլ (Չորք Մարզպան)` հայրերուս եւ պապերուս նարնջենիներու պարտէզներով աշխարհը, Սամանտաղ, Սուէտիա…
Հայկական Կիլիկիոյ մէջ էինք, մեր Երկիրը… «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»…
Հարազատութիւն կայ օդին մէջ:
Կը հասնինք Անտիոք, նեղ փողոցներով կը յառաջանանք եւ կանգ կ՛առնենք մեծ դարպասի մը առջեւ: Հիւրանոցը հաւանօրէն եղած է նախկին իջեւան մը, այդ կ՛ըսէ նաեւ իր անունը, Hotel Savon, հաւանօրէն` Խան Սապուն, փողոցին մէջ ալ կան տեղական օճառի վաճառատուներ:
Յաջորդ օրը կը մեկնինք դէպի մեր նորագոյն հերոսապատումի աշխարհներէն Մուսա Լեռ… Կը բարձրանանք լեռնային ճանապարհով, կանաչ պարտէզներ, ձիթենիներ, նարնջենիներ: Վագըֆ գիւղաքաղաքի եկեղեցիին առջեւն ենք, ինչ որ տեսած էինք պատկերով: Չկան Մուսա Լերան գիւղերը, չկան անոնց բնակիչները: Բայց մնացած են վերջին մոհիկանները, որոնք մեզ կը դիմաւորեն: Հայրենի աշխարհի հողին կառչած մարդոց հետ այս հանդիպումը ինչպիսի՜ խառն զգացումներու ծնունդ կու տայ… Չեմ մտածեր, կը նայիմ: Եւ կրկին, յաճախանքի պէս, ինքզինքիս հետ կը խօսիմ. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Եկեղեցիին շրջափակը հազիւ մտած` կը տեսնեմ համակրելի երիտասարդ եկեղեցական մը` հայր Թաթուլ Անուշեանը, որուն արդէն հանդիպած էի Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ Հայաստան: Եկած էր Պոլսէն: Ան յատուկ արարողութեամբ կ՛օրհնէ Համահայկական խաղերու ջահի բոցը, որ հայկական դիմադրութեան այս արծուեբոյնէն պիտի տարուի Ստեփանակերտ:
Ամբողջ օրը հոն կը մնանք: Հետզհետէ կը բազմանան վագըֆցիները: Կը ճաշենք միասին: Վերակազմուած ընտանիք մը, ուրիշ բացատրութիւն կեղծ պիտի հնչէր:
Ճաշէն ետք կը ցրուինք: Կ՛երթանք ինծի միայն անունով ծանօթ Խտըրպէկ գիւղը: Այդպէս կը կոչուի նաեւ Այնճարի թաղամասերէն մէկը: Այնճարի խտըրպէկցիները յաճախ կը խօսէին իրենց հռչակաւոր հազարամեայ կաղնիին մասին: Անոր շուրջ այսօր զբօսավայրեր կան: Տօնական օր է, եկած են տեղացի դարձած նոր տէրերը: Եւ ի հարկէ արշաւախումբին անդամները` այրեր եւ կիներ, կը լուսանկարուին, կը մտնեն ծառին խորշը, կը բարձրանան անոր ժայռանման կողը: Կը վերադառնանք եկեղեցի:
Երեկոյեան պղնձեայ մեծ կաթսաներու մէջ կը պատրաստուի մատաղը: Միջին տարիքի զուարթ արտայայտութեամբ կնոջ մը հետ խօսած էի կէսօրին: Ըսելու համար, որ քիչ մը իրենցմէ եմ, հարցուցած էի, թէ «ո՞ւր է պանտրում հաց»-ը: Երեկոյեան բոլոր սեղաններու վրայ կը գտնեմ «պանտրում հաց»-ը: Միջոցին, տուն գացեր եւ պատրաստեր է… Ճառերով չբացատրուող սրտբացութիւն: Յետոյ պիտի իմանայի, որ ան սգաւոր էր, իր աղջիկը նոր կորսնցուցեր էր ամուսինը:
Երիտասարդները, նոյնիսկ եթէ լաւ չէին խօսեր հայերէնը, հայերէն կ՛երգէին: Նոյնիսկ ուրիշ քաղաք ուսանելու գացածներ կապուած կը մնան իրենց հայրենի հողին:
Ընթրիքին եկեղեցիի հաւաքոյթներու սրահը կը թնդայ հայերէն երգերով: Ցերեկը երկար է յունիսի առաջին օրը: Պատշգամին վրայ բացուող լայն պատուհաններէն կը փռուի գեղածիծաղ Կիլիկիան: Խօսակից մը ցոյց կու տայ ձորակի տուները, որոնց հայ բնակիչները մեռած են կամ` մեկնած:
Հայաստանէն եկած դասատու կար: Հալէպէն եկած եւ հոն բնակութիւն հաստատած երիտասարդ կար:
Ուշ ատեն, երբ Անտիոքի հիւրանոցը վերադարձանք, փորձեցի տպաւորութիւններս արձանագրել: Անկարելի եղաւ: Զգացումներս կը պղտորէին, եւ զիրար կը հրմշտկէին պատկերներ: Հիմա ալ պատկերները իրարու չեն յաջորդեր, միագիծ չեն: Խանգարուած է յիշողութեանս ճօճանակը:
Ե. Ջահի Բոցը` Մարտնչողներու Լեռնէն
Արշաւախումբէն հինգ հոգի պիտի բարձրանայ Մուսա Լերան գագաթը, հոն, ուր ապաստանած եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղած էին մուսալեռցիները: Պատմութիւնը ծանօթ է: Կրկին կարդալ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը», որ թարգմանուած է նաեւ օտար լեզուներու (Les quarante jours de Musa Dagh, Franz Werfel): Հանրակառքը (autobus) բոլորս կը տանի կրկին Վագըֆ, Թորոսին սրճարան-ճաշարանը, ուրկէ լեռնագնացները պիտի երթան Մուսա Լեռ: Բեռնատար մը զիրենք կը սպասէր, Թորոսը եւ իր որդին զանոնք պիտի առաջնորդէին:
Ժամ մը մնացինք Թորոսի նարնջենիներով, ձիթենիներով, սալորենիներով եւ այլ պտղատու ծառերով շրջապատուած սրճարանը:: Խումբէն մաս մը, առաւօտ կանուխ արդէն մեկնած էր Այնթապ, իսկ մնացողներս գացինք ծովափ, ուր լողաւազան կար: Այրող արեւ կար:
Եթէ տեսակ մը ուխտաւոր եղած չըլլայինք, ծովափը, ուր գացինք սպասելու լեռնագնացներուն վերադարձը, լողաւազանը, հոն եկած տեղացիները եւ զբօսաշրջիկները, ջուր ճողբացնողները, գարեջուր խմողները, մերկացած այրերը եւ կիները պարզապէս պիտի յիշեցնէին Լիբանանի, Ֆրանսայի, Յունաստանի ծովափը, յոգնելով` զուարճացողները:
Այդ ծովափին եթէ հետեւէինք, թերեւս նոյնիսկ` քալելով, կը հասնէինք Քեսապ, Գարատուրանի ծովափը: Այդ նոյն ծովափին կը գտնուէին ծննդավայրս եւ հայրերուս ու նախահայրերուս քաղաքը: Ինչպէ՞ս կարելի է, զգացումներէն անդին, չմտածել քաղաքականութեան եւ իրաւունքի մասին: Կը տարուիմ միտքերով:
Բեմերէն, մեծ ատեաններէն կը գոռան արդարութեան եւ իրաւունքի մասին. Etat de droit, droits de l՛homme, human rights, խաղաղութիւն, միջազգային ատեաններ: Այս մոլորակի վրայ ապրող բնակիչ, որուն համար կ՛ըսուի, որ երաշխաւորուած հաւասար իրաւունքներ ունի բոլորին հետ, բոլորին պէս, առանց բառերու ետին թաքնուելու, կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ո՛ւր են իմ իրաւունքներս, ոչ թէ` մեր ժողովուրդի անդամներուն այսօր որպէս շնորհ շալկած զանազան քաղաքացիութիւններու ապահովութիւնները, այլ հայ մարդու իրաւունքներս: Ամերիկացիի, ֆրանսացիի, արժանթինցիի, աւստրալիացիի իրաւունքներ ունինք, բայց մեզմէ խլուած են մեր իսկական իրաւունքները: Յաճախ կը յիշեմ յոյն գրողին խօսքը, որ իրմէ խլած են իր հայրերու կողքին թաղուելու իրաւունքը:Յոյն գրողը` Տիմիթրիոս Վիքելաս, «Լուքիս Լարաս» 1988-ին լոյս տեսած վէպին մէջ գրած է.
«Այս մատրան մէջ ամուսնացած են ծնողքս, անոնց բաղձանքն էր հոն թաղուիլ, իրարու կողքին, եկեղեցիի նախամուտի սալաքարերուն տակ: Բայց ո՛չ ծնողներս հոն գտան իրենց հանգիստը, ո՛չ ալ իմ ոսկորներս պիտի կարենան փոշի ըլլալ հայրենիքիս այդ սիրելի անկիւնը: Այսօր կ՛ապրինք եւ պիտի մեռնինք մէկս հոս, միւսը անդին, կեանքի մէջ թափառողներ, աքսորուած մահուան մէջ, սփիւռքի փոթորիկը ցնցած եւ ջարդած է սրբազան կապերը, որոնք կը միացնէին զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին»:
Այսօր փոքրացած հայրենիքէն դուրս ապրող հայ ժողովուրդը, ստուար մեծամասնութիւնը ազգին, եթէ պահ մը դուրս գայ սպառողական ընկերութեան, ընչաքաղցութեան եւ բարօրութեան իր հետապնդումէն, եւ բառ առ բառ կարդայ Տիմիթրիոս Վիքելասի խօսքերը, մեզի գինովութիւն առթող հինգ միլիոն հայու տեսական համրանքի ապագան տարբեր կ՛ըլլայ:
Երեկոյեան կրկին գացինք Վագըֆ` լեռնագնացներուն հետ հիւրանոց վերադառնալու համար:
Լեռնագնացները բեռնատարով լերան ստորոտը հասած են, ուրկէ սկսած է մագլցումը: Քարքարուտ կածաններով բարձրացած են հոնկէ վառելու համար ջահը: Հակառակ դժուարութեան եւ յոգնութեան` հասած են գագաթ: Դիմադրական քառասուն օրերու կռիւներու ընթացքին մեռածներու եւ զոհերու գերեզմանները քանդուած գտած են: Զինադադարէն ետք վերադարձողները լերան վրայ քարերով կանգնած են զիրենք փրկած «Կիշեն» նաւուն կոթողը: Այդ կոթողն ալ գտած են ականահարուած, մնացած է միայն ցռուկը:
Բերին բոցը: Նկարահանած են լեռը:
Վագըֆի փոքրիկ գերեզմանատան մէջ դամբաններ կան: Հայերէն անուններ, հայու թրքացուած անուններ: Թրքատառ անուններ:
Կրկին կ՛արձագանգէ մազոխականի հոգեմաշ մտալլկող հարցումը. ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Զ. Սիս, Լեւոնի Բերդ, Սուլուխի Կամուրջ
Կիլիկիա կրկին: Հայրենիք, ուր հայկական այրուձին պետութիւն ստեղծած էր, ապրած եւ իշխած էին թագաւորներ` Ռուբէն, Հեթում եւ Լեւոններ, կաթողիկոսներ, Ներսէս Շնորհալի բանաստեղծ-կաթողիկոս եւ շնորհալի մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին:
Ծաղր է: Սիսը կոչած են Քոզան, Լեւոն Բ. արքայի բերդը` Եիլան գալէ, Օձի բերդ:
Ի զուր չէ, որ կը գործածեմ մազոխական բառը, քանի այս բոլորը տեսնել, լսել եւ արձանագրել գիտակիցի եւ անգիտակիցի խորշերուն մէջ, առանց տարուելու այ-ֆոնի խաղով, պատժուածի եւ անզօրութեան զգացումով հոգիները կը ճմլէ:
Ատանայէն կը հասնինք Սիս` թագաւորանիստ եւ կաթողիկոսանիստ հայկական մայրաքաղաքը: Քաղաքի կեդրոնէն բերդի ստորոտը կը բարձրանանք փոքրիկ ինքնաշարժներով: Հոս ալ կան տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ: Մենք ալ հոն էինք, յիշատակներու որսորդ զբօսաշրջիկ` մեր հողին վրայ:
Քարքարուտ ճամբով կը բարձրանամ մինչեւ ամրոցի դարպասը: Ապա կը վերադառնամ պարիսպի ստորոտը, կը դիտեմ պարիսպները, հաստ քարերը, հայ շինարարի աշխատանքի վկայութիւն: Թերեւս հոն կայ նախապապերուս քրտինքը: Մլեհի մայրաքաղաքը: Առեւանգուած, իւրացուած:
Մեզ ամրոց փոխադրած թուրք վարորդին հետ կը զրուցեմ մեծ մօրմէս սորված կաղ թրքերէնովս: Վստահութեան հաստատումէ ետք կը հարցնեմ, թէ քաղաքին մէջ հայեր կա՞ն: Կ՛ըսէ, որ չկան, բայց գիւղ մը կայ, որուն բնակիչներուն եօթանասուն առ հարիւրը հայեր են: Հոն պիտի չերթանք: Անոնք հայ պիտի չտեսնեն: Նոյնիսկ եթէ ընտանեկան յիշատակներ պահեն, դատապարտուած են դանդաղ կամ արագ անհետացման: Կա՞յ փրկութեան լաստ: Մնացած են հողին վրայ: Թերեւս տէր են իրենց տան կամ այգիին: Յետո՞յ…
Կը խմբուինք եւ կ՛երթանք դէպի Լեւոն արքայի բերդը: Նոյն լքուած պարիսպները: Պատմութիւնը կանգ առած է: Անոր նոր տէրերուն համար բերդը սոսկ կոթող է, իրենց պատմութիւնը չէ, իսկ մեզմէ խլուած է տէր ըլլալու իրաւունքը: Մնացած է նկարելու, գիրք գրելու եւ յիշատակ պահելու մխիթարութիւն` լուսանկարելու եւ անցնելու իրաւունքը: Վագըֆ, Տորթ Եոլ, Ատանա, Սիս… մէկ ափի մէջ` աշխարհ մը: Նոյնիսկ եթէ կան իրենց պապենական հողին եւ այգիին կառչածներ, ի՞նչ է վաղուան խոստումը: Ըլլալ բնակիչ եւ վերջին մոհիկան` Ռոպենսոնի կղզիին վրայ: Իսկ զբօսաշրջիկը ինչպէ՞ս հայրենատէր ըլլայ: Ժամանակացոյցին վրայ չկան ո՛չ Հռոմկլան, ո՛չ ալ Սասունը…
Իսկ եթէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը յաջողի օրէնքի ուժով շրջել պատմութեան անիւը եւ վերատիրանալ իր Սսոյ կաթողիկոսի իրաւունքներուն, այդ կ՛ըլլայ անկիւնադարձ` մեր լինելութեան ճանապարհին:
Ֆրանսացին կ՛ըսէ. ով որ ոչինչ կը փորձէ ոչինչ կ՛ունենայ. qui ne tente rien, n՛a rien…
Ճանապարհը կը շարունակուի: Կը հասնինք հայ ազատագրական պայքարի խորհրդանշական թատերաբեմ Արածանիի վրայ ձգուած Սուլուխի կամուրջը:
Արածանի… բառ էր կամ քարտէսի վրայ` գիծ մը, ան մեր աչքին առջեւ փռուող հայրենի կենսատու գետ է:
Ժամանակակից պատերազմներուն բաղդատած` պարզ միջադէպ մըն է Սուլուխի կռիւը, որուն ընթացքին կը նահատակուի պայծառ դէմքով Գէորգ Չաւուշը` Տարօն աշխարհի առասպելական հերոսը: Հոս քար, ջուր, տարածութիւն` պատմութիւն են: Երեւանէն դուրս հազիւ ելած` կը հանդիպինք «Գէորգ Չաւուշ»-ի թաղի ցուցանակին եւ կ՛անցնինք: Հոս երկինքի տակ պատմութիւն կայ:
Այս կամուրջը հաւանօրէն ներծծած է Գէորգի եւ իր զինակիցներուն հեղուած արիւնը: Անոնք իրենց աչքերը փակած էին` լսելով հայրենի Արածանիի ջուրերուն կարկաչը: Այսօր կամուրջ եւ Արածանի պիտի արձանագրուին ուխտաւոր զբօսաշրջիկներու այ-ֆոններուն մէջ, ցոյց պիտի տրուին` ընկեր բարեկամի, զաւակի եւ թոռներու:
Կը մտածեմ. ինքնութեան եւ անոր պատուանդան հողի համար հայ մարդիկ կեանք զոհած էին:
Պատմութիւնը կը վերագտնէ՞ իր բնական հունը: Յափշտակող եւ առեւանգող հոգեփոխութիւն կ՛ունենա՞ն, որպէսզի մարդը չըլլայ մարդուն գայլը… homo homini lupus: Յիշել Հոպզը…
Ուխտաւոր զբօսաշրջիկները Արածանիի վէտվէտացող ջուրերուն մէջ կարմիր վարդեր կը թափեն, որոնք կը ծփան եւ կ՛երթան Գէորգ Չաւուշին յուշելու, որ եկած էինք, որ իր հետապնդած իրաւունքի դատը չէ մոռցուած: Ան պիտի ըսէ՞ ինչպէ՛ս շարունակել:
Ի՞նչ բանի խորհրդանիշ է Սուլուխի կամուրջը տասը միլիոն հայերուն համար: Անփափկանկատ հարցում մը. համաշխարհային դարձած ազգի ո՞ր տոկոսը գիտէ, որ հոս հեղուած է հայ հերոսին արիւնը, որպէսզի մենք չըլլանք սոսկ անցեալ:
Արածանիի տարած կարմիր վարդերը ծէս էին:
Ի՞նչ կը սպասէ եւ կ՛ընէ հայը ծէսէն անդին, Հայաստաններ եւ սփիւռքներ…
(Շար. 2)
yerakouyn.com/2019/06/24/աշխարհ-հայաստանի-ուխտաւոր-վաղուան-հա/