Արցախի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումը Այլընտրանք Չունի. Մնացականեան

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԼՈՒՐԵՐ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին հարցումներուն պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց. «Վերջին շրջանի զարգացումները (լարուածութեան սրումը Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ-Խմբ.) իրենց ազդեցութիւնն են թողնում բանակցային գործընթացի վրայ: Մենք պէտք է զգուշօրէն մօտենանք եւ հաւատարիմ մնանք այն համաձայնութիւններին, որոնք ձեռք ենք բերել նախորդ ամիսներին: Եւ դա մեր այսօրուայ բանակցութիւնների շատ կարեւոր մասն էր»։ Ան աւելցուց, որ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով

նշեց, որ քննարկուող փաստաթուղթին մէջ գտնուող գաղափարները եւ դրոյթները չեն փոխուած: Ըստ անոր՝ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը անհամաձայնութիւններ ունին շարք մը դրոյթներու եւ մանրամասնութիւններու շուրջ: Անհրաժեշտ է քաղաքական կամք՝ յառաջ շարժուելու համար եւ նոյնիսկ զինադադարի խախտումները պէտք չէ խանգարեն գործընթացի յառաջխաղացքը: Ան «բաւական աշխոյժ» որակեց 20 Յունիսի միտքերու փոխանակումը՝ աւելցնելով. «Համանախագահները տրամադրեցին յաւելեալ առարկայական առաջարկներ, զորս պէտք է ուսումնասիրենք: Պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս յառաջ պիտի շարժին այս բանակցութիւնները։ Ցաւօք, ինչպէս գիտէք, կար լարուածութեան աճ»:

Մնացականեան նոյնպէս կարեւոր համարեց քաղաքական կամքի առկայութիւնը՝ առաջնակարգ նկատելով բանակցութեան համապատասխան միջավայրի ապահովումը: «Բանակցութիւնները շարունակւում են յայտնի սկզբունքների շուրջ, սակայն իւրաքանչիւր համաձայնութիւն պէտք է հիմնուի փոխզիջման վրայ՝ ի նպաստ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի բնակչութեան։ Զինադադարի խախտումները կարեւոր մարտահրաւէրներ են: Անհրաժեշտ է նուազեցնել լարուածութեան մեծացման սպառնալիքը, որի միջոցով հնարաւոր կը լինի ապահովել համապատասխան միջավայր՝ առաջ շարժուելու համար», եզրակացուց Մնացականեան:

Ըստ կողմերուն եւ միջնորդներուն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան աճի միջոցառումներու հարցը: Կողմերը համաձայնեցան շարունակել բանակցային գործընթացը։

ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը հանդիպումէն ետք տարածած իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղեցին վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը: «Ցաւով նկատելով, որ վերջերս զոհեր եղած են, համանախագահները կոչ ուղղեցին կողմերուն անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու՝ խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններ ունենալու մթնոլորտը վերականգնելու ուղղութեամբ: Կողմերուն կոչ եղաւ՝ վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը՝ խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութենէ, այդ կարգին արձակազէններէ եւ շփման գիծին ու միջազգային սահմանին տարուող ճարտարապետական աշխատանքներէ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

asbarez.com/arm/348945/Արցախի-Հակամարտութեան-Խաղաղ-Կարգաւո-2/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail