13 ՅՈՒՆԻՍ 2019 :
Յ․Պալեան
Ա. ԵՍ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ՄԱԶՈԽԱԿԱՆ՝ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՍ ԵՐԿԻՐԸ Կ’ԵՐԹԱՄ
Շաբաթ մըն է արդէն, որ Երեւանի փողոցները վեր-վար կը չափեմ, անտարբեր եռացող կեանքին եւ աղմկայարոյց իրարանցումներուն, զորս յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան կոչեցինք, սիրտ եւ աչք հեռացնելով միջազգային չարութեան հաստատած սահմանի միւս կողմէն:
Յուշերով ջերմացողներու կազէթի ընթերցողներուն ուղղուած պատկերազարդռըփորթաժ գրելու միտումով պիտի չերթամ Աշխարհ Հայաստան: Այդ մասին հատորներ կան, հանգիստ չխանգարող եւ շլացնող, լուսանկարիչ վարպետներու գործերով զարդարուած: Չեմ գրեր դուռ-դրացի եւ ընկեր-բարեկամ զարմացնելու եւ յուզումի պահեր ստեղծելու համար:
Առաջին անգամը չէ որ հայրերուս աշխարհը պիտի տեսնեմ: Վեց տասնամեակ առաջ գացած էի ծննդավայր քաղաքս եւ մեծ հայրերուս բնակավայր աշխարհը, գտած էի անոնց տուները, ինչպէս որ էին, մաշած եւ չվերանորոգուած: Տեսած էի ինձմէ խլուածպարտէզները: Մի՛ զարմանաք, իր տունէն արտաքսուածը ինչպէս դիմացի մայթէն կը դիտէ իր տունը եւ անզօրութեան զգացումով լաց կ’ըլլայ, այդպէս լացած էի, քարի մը վրայ նստած: Երիտասարդ էի:
Պապերուս եւ նախապապերուս աշխարհը պիտի երթամ՝ որպէս օտար, օտարական, արտօնութեամբ, պիտի ընդունուիմ որպէս զբօսաշրջիկ, տուրիստ: Ծաղր է: Մարդկային ո՞ր բարոյականը, ո՞ր միջազգային արդար համարուող օրէնքը ընդունելի կրնայ համարել, որ որպէս օտարական եւ զբօսաշրջիկ երթամ հոն՝ ուր որ են արմատներս: Մեծանուն ժողովները, մարդկային իրաւանց շատախօս պաշտպանները, խաղաղութեան դրօշակակիրները կ’անհանգստանա՞ն, եթէ լսեն, այս մրրկող ցաւս, ցաւը միլիոնաւորներու՝ Միջագետքէն մինչեւ Էյֆէլի Աշտարակ, մինչեւ Փոթոմաք եւ Ամազոն, ագեվազներու երկիր, հիւսիսի եւ հարաւի բեւեռներ…
Ուխտաւոր ըլլալու իրաւունքով, այդքա՛ն միայն, պիտի տեսնեմ հայու երկինքին նայող Վանայ ծովը, որբացած Աղթամարը եւ անոր վրայ որպէս բողոք ժամանակի աւերին դեռ դիմադրող Ս. Խաչ կաթողիկոսանիստ Արծրունի թագաւորներու գեղակերտ եկեղեցին: Ուխտի գացող զբօսաշրջիկը ի՞նչ պիտի ըսէ դարերու խորհուրդը խօսող դատարկ եկեղեցիին, ուր եղած է Հայոց Հայրիկը, որ ըսած էր,«թէ հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը», իրմէ առաջ հոն եղած են հայ թագաւորներ եւ իշխաններ: Հիմա չկան: Անոնց վառ յիշատակը կը յածի, կը յածի՞: Պիտի խօսի՞ն: Պիտի լսե՞մ: Լսեմ՝ պիտի ուրախանա՞մ, թէ՞ պատժուածի պէս պիտի տխրիմ:
Սոսկ անուններ դարձած, քարտէսի մը վրայ կէտերու վերածուած Հայաստան աշխարհը պիտի տեսնեմ ցարդ լուսանկարներով խանդավառուած անհոտ եւ անբոյր զբօսաշրջիկի պէս: Բայց բոլոր հայերուն պէս, որոնք դեռ չեն բաւականանար ծագումով հայու կամ զգացումով հայ կուշտի ինքնագոհութեամբ, ես ալ մազոխականութիւնս չեմ ընդունիր, այլապէս հոգեբոյժի պէտք է երթամ: Պէտք է հոգեբոյժի երթան անոնք, որոնք կը խորհին, թէ յաղթահարած են այդ բարդոյթը, մինչ ան հայրենազրկուած հայու ծիներուն մէջ նստած է, ինչպէս Արարատը՝ մեր բիբերուն մէջ:
Կրկին կը յիշեմ Յովհաննէս Շիրազի կտակը.
Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,
Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս` արդարութեանդ ուժն է ծով,
Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,
Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես
Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,
Որ շիրմում էլ` դարաւոր հուր կարօտից չմրսի:
Որքա՜ն պիտի ուզէի Արարատը այս կողմ շուռ չտալ, այլ տեսնել, որ ազգը շուռ կու գայ Արարատի միւս կողմ, պատմութիւնը եւ ազգը կը դրուին բնական հունի մէջ… Այս Հայ Դատի խտացած ռազմավարութիւն է, մարտավարութիւն է, մարտահրաւէր է, բառեր՝ որոնցմով կը զարդարենք տօնական օրերու ճառերը (stratégie, tactique, défi կամ challenge):
Բայց պիտի երթամ միւս կողմ, կտրուած թեւերով թռչունի պէս, որ նոյնիսկ իր կտուցով տերեւ պիտի չբերէ: Պիտի երթամ եւ վերադառնամ, ազգիս բոլոր զաւակներուն պէս, որոնք դեռ կը հաւատան հուր հեր ունեցող Վահագնին եւ Թլոլ Դաւիթին, գիտակից եւ անգիտակից մազոխականներ:
Խօսքը ձանձրոյթ յաղթահարող զբօսաշրջիկներու մասին չէ:
Բ. ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԷՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ
Մայիսի վերջն է: Համահայկական Համաշխարհային Խաղերու կազմակերպիչ մարմինը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն-արշաւ մը, այդ Խաղերու ջահի բոցը վառելու համար Մուսա Լեռնէն:
Յայտնուեցայ այդ արշաւախումբին մէջ: Քսաներեք հոգի, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պոլիսէն, ակադեմիկոս, դասախօսներ, պատմաբաններ, նախկին նախարար, բժիշկ, լրագրողներ, երգչուհի:
Հայաստանի սահմանները փակ են դէպի Թուրքիա եւ մեծ թիւով հայեր հոն կ’երթան արձակուրդի կամ առեւտուրի, անցնելով Վրաստանէն: Անակնկալ էր յատուկ արտօնութեամբ, վրացական փոքրիկ օդանաւով մը հատել կղպուած սահմանը եւ երեսուն հինգ վայրկեանէն (կամ րոպէէն) Զուարթնոցէն մեկնելով հասնիլ Վան, էջք կատարել Արտամէտի օդակայանը: Յիշեցի Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքը Արտամէտի խնձորի մասին, որուն մէջ եթէ որդ ալ ինկած ըլլայ, ան կը մնայ համեղ: Սեփականի իմաստութիւն… Հայը կը նմանի՞ Արտամետի խնձորին…
Կէս ժամ սաւառնելէ ետք, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի յուզումներ արթնցնող պատմութեան խիտ բանաձեւումով, հայոց վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաքըոտք դրինք: Երկուքը միացնող պատմական առաջին թռիչքը: Աշոտ Մելքոնեանի ձայնը՝ Երուանդաշատի վրայով անցանք Երկիր, հեռուն կը պարզուէր Բարթող լեռը… ձախին Գայլատու լիճը (Պալըք կէօլ): Բռնագրաւեալ Էրգրի վրայ էինք… Հեռուն Ալաշկերտի դաշտը, վարը՝ Հայկական Պարը, լեռնաշղթայ՝ մինչեւ Տաւրոս, յետոյ Պատմոս լիճը, Բերկրիի բնակավայրը, եւ հեռուն, լերան կողին կէտ մը՝ Վարագայ վանքը, Վանայ դիմաց՝ մեր հէքիաթներու Նեմրութ սարը…
Այս բոլորը բանգէտի գիրք չէր: Արուեստի պատկեր չէր: Շնչող եւ լռութեամբ խօսող էրգիր էր:
Խոնաւ աչքեր կը թաքցնեն պատկերները եւ օդանաւի տուփին մէջ լսուող վկայութեան ձայնը կը հիպնոսացնէ…
Մղկտացող մրմուր ուխտաւորի՝ որ զբօսաշրջիկ չէ. Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, մինչեւ ե՞րբ…
Վանայ ծովակը, փռուած կապոյտ, կրկին ձայնը՝ Լիմ կղզին…
Մաքուր օդանաւակայան մը: Դուրս կու գանք եւ մեզ սպասող արդիական, պերճ եւ հանգստաւէտ հանրակառք մը (autobus), լայն, խնամուած եւ մաքուր ճամբաներով մեզ կը տանի Վանի ամերիկեան շքեղ Հիլթըն հիւրանոցը, որուն մուտքէն կը պարզուի հէքեաթ դարձած Վանայ ծովակը եւ անոր խորքէն վեր խոյացող Արթոս լեռը:
Պահ մը կը պատկերացնեմ Վանէն գաղթողներու ողբերգական պատկերը, եւ ես, հիմա, անոնց յղփացած յետնորդը, ի՞նչ կը փնտռեմ… Կրկին կը մտածեմ, իրենք զիրենք դիտելու ատակ բոլոր մարդոց պէս, որ կուշտ մազոխական մըն եմ:
Բոլոր զբօսաշրջային խումբերու տիրական օրակարգ են շարայական համադամները: Այդպէս, կը լուացուինք եւ կը ճաշենք: Հանրակառքը մեզ կը սպասէ եւ Վանայ ծովակը եզերելով կը հասնինք նաւամատոյց: Կամրջակին վրայ ոտքի կանգնած խումբի անդամներու աչքերը յառած են դէպի Ախթամարի կղզին, որուն վրայ գեղանկարի պէս պարզուած է Ս. Խաչ եկեղեցին, անքա՜ն մտերիմ եւ երազուած: Ոմանք նախապէս եղած են Ախթամար: Ես դիտած եմ պատկերներ, լեռներով կազմուած աւազան մըն է Ծովակը, 1640 մեթր ծովէն բարձր, տարածութիւնը 3755 քառ.ք.մ., երկարութիւնը՝ 119 ք.մ., լայնքը՝ 80 ք.մ, կ’ըսէ Կուկըլը: Հայկական լեռնաշխարհի լեռնային ծովը, որ լիճ չէ:
Գիւղական նաւամատոյց մը: Նաւը մեզ կը տանի կղզի: Նաւուն աշխատաւորներէն մին կ’ըսէ, թէ նաւավարի նախնիները հայ են, բայց ինք չի խօսիր այդ մասին, չ’ընդունիր: Կ’իջնենք նաւէն եւ հողէ քարքարուտ արահետով կը բարձրանանք դէպի եկեղեցին: Հոս եղած են քանի մը եկեղեցիներ, մնացած է միայն Ս. Խաչը: Եղած են արքա-յական պալատներ եւ հիմա չկան, աւերուած են եւ անյայտացած: Ժ դարու առաջին քառորդին կառուցուած է եկեղեցին, Գագիկ Արծրունի թագաւորի յանձնարարութեամբ, Մանուէլ Ճարտարապետի արուեստի գործը, որ ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական հաւատքի խտացում գլուխ-գործոց մըն է: Կը դառնաք եկեղեցիին շուրջ եւ կը տեսնէք ասեղնագործուած որմնաքանդակները: Եւ եթէ տրամադրուիք խաղին, կը լսէք վարպետներու մուրճի հարուածներու ձայները: Կը մտածեմ, որ այս զէնքերու պատմութիւն չէ, այլ՝ ոգիի, հոգիի, մեր գոյութենական իմաստութիւնը: Այդ քանդակները կը պատմեն Աստուածաշունչը, մարդոց առօրեան, մեր աւանդութեան մաս կազմող խաղողի ողկոյզներով, եւ Արծրունի Գագիկ արքան:
Անխնամ մնացած քարէ աստիճաններով կը մտնեմ եկեղեցի: Աղօթելու փափաք մը: Կողքիս կանգնած պոլսեցի երգչուհի Սիպիլէն կը խնդրեմ, որ «Սուրբ Սուրբ» երգէ: Ժամանակը կանգ կ’առնէ, կը բացուին դռներ: Գերեվարուած հայ եկեղեցին եւ հայ միտքի սլացքի խորհրդանիշը: Կտակը արքային եւ ճարտարապետ Մանուէլին:
Կը վերդառնանք լճափ: Կրօնական տօն է եւ բնակիչները արձակուրդի են: Ծովահայեաց ճաշարան մը, կը սպասարկեն ձուկ: Բայց չհասկցայ, որ այդ Վանայ ծովակի տառե՞խն է…
Սիրալիր ընդունելութիւն երկու քաղաքապետներու մօտ, որոնցմէ մին կին էր: Համահայկական խաղերու կազմակերպիչները զանոնք հրաւիրեցին Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք խաղերուն:
Գ. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄ. ԲԵՐԿՐԻԻ ԴԱՇՏԷՆ ԴԷՊԻ ԻԳԴԻՐ
Շլացնող արեւին տակ կը շարունակենք մեր ճամբան, պիտի հասնինք Իգտիր:
Կ’եզերենք Վանայ ծովը երկար ատեն եւ կը հասկնանք որ ան լիճ չէ:
Նոր սերունդները չեն գիտեր, որ Բերկրիի լեռներով պաշտպանուած ընդարձակ դաշտը եղած է ցորենի շտեմարան եւ այդպէս է նաեւ այսօր: Ափսո՞ս… Վանայ նահանգին մաս կազմող հայաշխարհի այս ծիծղուն մասը ներխուժած են մոնկոլները, տիրած են, եւ այնտեղէն անհետացած է բնիկ հայ տարրին եւ անոր յեստնորդներուն ձգելով, իր հայրենիքը որպէս յուշերու զբօսաշրջիկ տեսնելու իրաւունքը, այնքա՜ն իրաւունք՝ որքան որ տրուած է ամերիկացիին, չինացիին, ֆրանսացիին, գերմանացիին…
Կը մրթմրթամ Կոմիտասի «Անտունի»ն.
Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր գերաններ, խախտեր է սներ,
Բուն պիտի դնեն մէջ վայրի հաւքեր…
Եւ միտքիս մէջ կը շարունակուի կրկնութիւնը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Անուններ եւ բառեր՝ որոնք մեր հայրենահանուածներու կեանքէն դուրս մնացած են: Ծաղկանց լեռներէն եկող Բերկրիի գետի ջրվէժին առջեւ կանգ կ’առնենք:
Ան կու գայ Թոնդրակ լեռնէն եւ կը հոսի դէպի Վանայ ծովակ: Բառերը յիշատակ կ’արթնցնեն, ինչպէս մեր պատութեան մէջ յայտնուած Թոնդրակեան աղանդաւորական շարժումը: Տեղացի զբօսաշրջիկներ ալ կան: Այ-ֆոնները կը նկարեն եւ մեզ կը քանդակեն ֆշշացող ջրվէժի տեսարանին մէջ: Ան բարձրերէն ինկող Նիակարա կամ Վիքթորիա չէ, բայց հայոց պատմութիւն է, ժամանակի գիծին վրայ կասած ազգի մը եւ հազարաւոր մարդոց կեանքի յիշեցում է, տաղող յիշատակ: Դրախտ կորուսեալի պատկեր… Մեր ո՞ր մեղքին համար: Երէկ եւ այսօր: Կոտարակումներ եւ կոտորած:
Աչքով տիրութիւն ընելէ ետք կը շարունակենք մեր ուխտաւորի ճանապարհը դէպի Իգդիր, որ թռչունի թեւերով միայն 40 ք.մ. հեռու է: Աչքերս յառած եմ փռուած դաշտին եւ միտքս կը թափառի գիրքերու աշխարհին մէջ: Բառը գիրք է, պատմութեան պատուհան: Լսելով Իգդիրը, կը կրկնեմ Իքդիրմաւա… Հոս ծնած է հայ վիշտի երգիչ Աւետիս Ահարոնեանը, յիշել՝ «Վազրիկը», Մետեխի բանտը դրուած Ահարոնեանը, յիշել այս մասին Սիամանթոյի «Պատգամաւոներս» բանաստեղծութիւնը: Յիշել՝ որ ան ստորագրած է մեր իրաւունքը սահմանած Սեւրի դաշնագիրը 10 օգոստոս 1920ին, եւ 1934ին ուղեղի արիւնախռնում կ’ունենայ Մարսիլիայի մէջ, բեմի վրայ, իր վերջին բառերը կ’ըլլան՝ «հայ ժո-ղո-ղո-ղո» եւ կը լռէ: Կը մեռնի 1948-ին: Շիրիմը կը գտնուի Փարիզի Փէր Լաշէզ գերեզմանատունը եւ էյֆէլասէր եւ փարիզասէր հայ տուրիստները չեն գիտեր, որ հոն կը հանգչի մեծ հայը, գիտցողներն ալ ժամանակ չունին մոմ եւ խունկ տանելու անոր շիրիմին: Այսպէս է սպառողական եւ զբօսնելու հետամուտ քաղաքակրթութիւնը:
Իգդիր նաեւ ծննդավայրն է մեր հերոսապատումի աւագ դերակատարներէն Դրոյի, Դրաստամատ Կանայեանի, հայատեաց փոխարքայ Նակաշիցէի ահաբեկիչին, Բաշ Աբարանի յաղթանակի հրամանատարին: Ծանօթագրութիւններ կ’ըսեն, որ Իգդիրը մաս կազմած է Երեւանի նահանգին: Հիմա՞…Կրկին հոգեմաշ հարցումը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Քաղաքի կեդրոնը խճողուած է: Կը սպասենք, որ համահայկական խաղերու պատասխանատուները վերադառնան քաղաքապետարանէն, ուր գացած են հրաւիրելու քաղաքը, որպէսզի ան ալ մասնակցի Ստեփանակերտի խաղերուն:
Կը դիտեմ քաղաքը, մարդիկը: Հայու դէմքեր չկան: Հայու քաղաքին մէջ հայեր չկան: Եթէ հրաշքով մը մեզի հետ ըլլային Ահարոնեան եւ Դրօ, ի՞նչ պիտի զգային: Իրենց ցաւը հայու ցաւ է, կարծէք անդարման: Ոմանք գնումներ կ’ընեն, ես նստած այգիի մը նստարանին վրայ, ընդարմացած ուղեղով կը մտածեմ: Աչքերս վեր կ’առնեմ եւ անցքի մը վրայ կը տեսնեմ «հերոսացած» Հայտար Ալիեւի անունը: Կը նշանակէ, որ հայատեացութեան եւ հայոց իրաւազրկման միտումը միշտ վառ է, հակառակ քաղաքակրթութեան յառաջացման եւ մարդկային իրաւունքներու յարգումի մասին մեծ բեմերէ հնչող ճառերուն:
Կը հաւաքուինք եւ կ’ուղղուինք օդակայան: Այս անգամ պիտի անցնինք Թուրքիոյ վրայով մինչեւ Անգարա, առանց հոն կանգ առնելու, օդանաւ պիտի փոխենք, անկէ թռելու համար Ատանա, Կիլիկիա, ուր թաւալած է մեր պատմութիւնը: Թագաւորներ եւ մշակոյթ:
Կը քալենք Անգարայի օդակայանի անցքերուն մէջ: Կանգ չենք առներ յորդող վաճառատուներուն առջեւ: Օտար ըլլալէ աւելի խոր զգացումով մը վարակուած եմ:
Կը տեղաւորուինք օդանաւին մէջ: Արդէն միտքերս այլ տեղ են, մեր պատմութեան միշտ ներկայ ժամանակին մէջ: Ինչպէ՞ս ձերբազատուիլ պատմութեան գեհենէն, ինչպէ՞ս չյիշել 1909ի Ատանայի ջարդերը, այդ օրերու ֆրանսական թերթերու այսօր մոռցուած ցնցող պատկերները: Տեսնել ֆրանսական Le Petit Journal թերթի 1909-ի 2 մայիսի գունաւոր կողքը եւ ցոյց տալ յիշողութեան կորուստէ տառապող աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներուն: Իրաւարարնե՞ր, թէ մեղսակիցներ:
«Նոր Ատանա»ն Պէյրութի կից Պուրճ Համուտի թաղամաս մըն է, որ ունէր Ատանայի «Աբգարեան վարժարան»ի անունը յաւերժացնող իր դպրոցը:
Ատանան աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեամբ քաղաք է հիմա, ուրկէ չքացած է հայկական հետքը:
Մեր ողբերգութեան եւ ցաւի քաղաք Ատանան, զոր այսօր կը յիշենք ողբի երգով…
Դ. ԱՏԱՆԱ, ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ, ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՊՐՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԱՔԻՖ
Ատանա կը հասնինք երեկոյեան: Արդիական հիւրանոցը խճողուած է, տեղացիներով եւ օտարականներով: Հոս ալ ուտեստները բազմազան են եւ առատ: Կը շրջինք հիւրանոցի շուրջ եւ կը քալենք բազմադարեան կամուրջի մը վրայ: Հակառակ լայն փողոցներու եւ պողոտաներու, խճողումներ կան: Հոս ոչ մէկ անակնկալ կը սպասէ մեզ: Պարզապէս պիտի գիշերենք:
Յաջորդ օր կը մեկնինք Անտիոք, որ աշխարհի ամենէն հին քաղաքներէն մին է եւ եղած է նաեւ հայոց Տիգրան թագաւորին մայրաքաղաքը: Եղած է քրիստոնէական մեծ կեդրոն: Ալեքսանտրէթի սանճաքը եւ Անտիոքը Թուրքիոյ կցուած են 1939ին, որուն հետեւանքով կրկին տեղի ունեցած է հայերու գաղթ: Չորս տարեկան էի այդ գաղթին: Այդ գաղթի հետեւանքով ստեղծուած է Լիբանանի այսօրուած ծաղկուն Այնճար գիւղաքաղաքը:
Հանրակառքը կ’անցնի Կիլիկիոյ ճամբաներով: Ծանօթ անուններ կը կարդանք ուղղութիւն ճշդող ցուցանակներու վրայ. Մերսին, Փայաս, ծննդավայրս՝ Իսկէնտէրուն, Քրըք Խան, Տորթ Եոլ (Չորք Մարզպան)՝ հայրերուս եւ պապերուս նարնջենիներու պարտէզներով աշխարհը, Սամանտաղ, Սուէտիա…
Հայկական Կիլիկիոյ մէջ էինք, մեր Երկիրը… «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ»…
Հարազատութիւն կայ օդին մէջ:
Կը հասնինք Անտիոք, նեղ փողոցներով կը յառաջանանք եւ կանգ կ’առնենք մեծ դարպասի մը առջեւ: Հիւրանոցը հաւանօրէն եղած է նախկին իջեւան մը, այդ կ’ըսէ նաեւ իր անունը, Hotel Savon, հաւանօրէն՝ Խան Սապուն, փողոցին մէջ ալ կան տեղական օճառի վաճառատուներ:
Յաջորդ օրը կը մեկնինք դէպի մեր նորագոյն հերոսապատումի աշխարհներէն Մուսա Լեռ… Կը բարձրանանք լեռնային ճանապարհով, կանաչ պարտէզներ, ձիթենիներ, նարնջենիներ: Ուաքիֆ գիւղաքաղաքի եկեղեցիին առջեւն ենք, ինչ որ տեսած էինք պատկերով: Չկան Մուսա լեռան գիւղերը, չկան անոնց բնակիչները: Բայց մնացած են վերջին մոհիկանները, որոնք մեզ կը դիմաւորեն: Հայրենի աշխարհի հողին կառչած մարդոց հետ այս հանդիպումը ինչպիսի խառն զգացումներու ծնունդ կու տայ… Չեմ մտածեր, կը նայիմ: Եւ կրկին, յաճախանքի պէս ինքզինքիս հետ կը խօսիմ. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Եկեղեցիի շրջափակը հազիւ մտած կը տեսնեմ համակրելի երիտասարդ եկեղեցական մը, հայր Թաթուլ Անուշեանը, որուն արդէն հանդիպած էի Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ Հայաստան: Եկած էր Պոլսէն: Ան յատուկ արարողութեամբ կ’օրհնէ Համահայկական Խաղերու ջահիբոցը, որ հայկական դիմադրութեան այս արծուեբոյնէն պիտի տարուի Ստեփանակերտ:
Ամբողջ օրը հոն կը մնանք: Հետզհետէ կը բազմանան ուաքիֆցիները: Կը ճաշենք միասին: Վերակազմուած ընտանիք մը, ուրիշ բացատրութիւն կեղծ պիտի հնչէր:
Խտըրբէկ գիւղի հազարամեայ կաղնին
Ճաշէն ետք կը ցրուինք: Կ’երթանք ինծի միայն անունով ծանօթ Խտըրբէկ գիւղը: Այդպէս կը կոչուի նաեւ Այնճարի թաղամասերէն մէկը: Այնճարի խտըրբէկցիները յաճախ կը խօսէին իրենց հռչակաւոր հազարամեայ կաղնիին մասին: Անոր շուրջ այսօր զբօսավայրեր կան: Տօնական օր է, եկած են տեղացի դարձած նոր տէրերը: Եւ ի հարկէ արշաւախումբի անդամները, այրեր եւ կիներ, կը լուսանկարուին, կը մտնեն ծառի խորշը, կը բարձրանան անոր ժայռանման կողը: Կը վե-րադառնանք եկեղեցի:
Երեկոյեան, պղնձեայ մեծ կաթսաներու մէջ կը պատրաստուի մատաղը: Միջին տարիքի զուարթ արտայայտութեամբ կնոջ մը հետ խօսած էի կէսօրին: Ըսելու համար որ քիչ մը իրենցմէ եմ, հարցուցած էի, թէ «ո՞ւր է պանտրում հաց»ը: Երեկոյեան բոլոր սեղաններու վրայ կը գտնեմ «պանտրում հաց»ը: Միջոցին, տուն գացեր եւ պատրաստեր է… Ճառերով չբացատրուող սրտբացութիւն: Յետոյ պիտի իմանայի, որ ան սգաւոր էր, իր աղջիկը նոր կորսնցուցեր էր ամուսինը:
Երիտասարդները նոյնիսկ եթէ լաւ չէին խօսեր հայերէնը, հայերէն կ’երգէին: Նոյնիսկ ուրիշ քաղաք ուսանելու գացածներ, կապուած կը մնան իրենց հայրենի հողին:
Ընթրիքին, եկեղեցիի հաւաքոյթներու սրահը կը թնդայ հայերէն երգերով: Ցերեկը երկար է յունիսի առաջին օրը: Պատշգամին վրայ բացուող լայն պատուհաններէն կը փռուի գեղածիծաղ Կիլիկիան: Խօսակից մը ցոյց կու տայ ձորակի տուները, որոնց հայ բնակիչները մեռած են կամ մեկնած:
Հայաստանէն եկած դասատու կար: Հալէպէն եկած եւ հոն բնակութիւն հաստատած երիտասարդ կար:
Ուշ ատեն, երբ Անտիոքի հիւրանոցը վերադարձանք, փորձեցի տպաւորութիւններս արձանագրել: Անկարելի եղաւ: Զգացումներս կը պղտորէին եւ զիրար կը հրմշտկէին պատկերներ: Հիմա ալ, պատկերները իրարու չեն յաջորդեր, միագիծ չեն: Խանգարուած է յիշողութեանս ճօճանակը:
Ե. ՋԱՀԻ ԲՈՑԸ՝ ՄԱՐՏՆՉՈՂՆԵՐՈՒ ԼԵՌՆԷՆ
Արշաւախումբէն հինգ հոգի պիտի բարձրանան Մուսա լերան գագաթը, հոն ուր ապաստանած եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղած էին մուսալեռցիները: Պատմութիւնը ծանօթ է: Կրկին կարդալ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը», որ թարգմանուած է նաեւ օտար լեզուներու (Les quarante jours de Musa Dagh, Franz Werfel): Հանրակառքը (autobus) բոլորս կը տանի կրկին Ուաքիֆ, Թորոսի սրճարան-ճաշարանը, ուրկէ լեռնագնացները պիտի երթան Մուսա Լեռ: Բեռնատար մը զիրենք կը սպասէր, Թորոսը եւ իր որդին զանոնք պիտի առաջնորդէին:
Ժամ մը մնացինք Թորոսի նարնջենիներով, ձիթենիներով, սալորենիներով եւ այլ պտղատու ծառերով շրջապատուած սրճարանը:: Խումբէն մաս մը, առաւօտ կանուխ արդէն մեկնած էր Այնթապ, իսկ մնացողներս գացինք ծովափ, ուր լողաւազան կար: Այրող արեւ կար:
Եթէ տեսակ մը ուխտաւոր եղած չըլլայինք, ծովափը, ուր գացինք սպասելու լեռնագնացներու վերադարձը, լողաւազանը, հոն եկած տեղացիները եւ զբօսաշրջիկները, ջուր ճողբացնողները, գարեջուր խմողները, մերկացած այրերը եւ կիները, պարզապէս պիտի յիշեցնէին Լիբանանի, Ֆրանսայի, Յունաստանի ծովափը, յոգնելով զուարճացողները:
Այդ ծովափին եթէ հետեւէինք, թերեւս նոյնիսկ քալելով, կը հասնէինք Քեսապ, Գարատուրանի ծովափը: Այդ նոյն ծովափին կը գտնուէին ծննդավայրս եւ հայրերուս ու նախահայրերուս քաղաքը: Ինչպէ՞ս կարելի է զգացումներէն անդին, չմտածել քաղաքականութեան եւ իրաւունքի մասին: Կը տարուիմ միտքերով:
Բեմերէն, մեծ ատեաններէն կը գոռան արդարութեան եւ իրաւունքի մասին. Etat de droit, droits de l’homme, human rights, խաղաղութիւն, Միջազգային ատեաններ: Այս մոլորակի վրայ ապրող բնակիչ, որուն համար կ’ըսուի, թէ երաշխաւաորուած հաւասար իրաւունքներ ունի բոլորին հետ, բոլորին պէս, առանց բառերու ետին թաք-նուելու, կ’ուզեմ գիտնալ, թէ ո՞ւր են իմ իրաւունքներս, ոչ թէ մեր ժողովուրդի անդամներուն այսօր որպէս շնորհ շալկած զանազան քաղաքացիութիւններու ապահովութիւնները, այլ հայ մարդուիրաւունքներս: Ամերիկացիի, ֆրանսացիի, արժանթինցիի, աւստրալիացիի իրաւունքներ ունինք, բայց մեզմէ խլուած են մեր իսկական իրաւունքները: Յաճախ կը յիշեմ յոյն գրողին խօսքը, որ իրմէ խլած են իր հայրերու կողքին թաղուելու իրաւունքը: Յոյն գրողը՝ Տիմիդրիոս Վիքելաս, Լուքիս Լարաս 1988ին լոյս տեսած վէպին մէջ գրած է.
«Այս մատրան մէջ ամուսնացած են ծնողքս, անոնց բաղձանքն էր հոն թաղուիլ, իրարու կողքին, եկեղեցիի նախամուտի սալաքարերուն տակ: Բայց ոչ ծնողներս հոն գտան իրենց հանգիստը, ոչ ալ իմ ոսկորներս պիտի կարենան փոշի ըլլալ հայրենիքիս այդ սիրելի անկիւնը: Այսօր, կ’ապրինք եւ պիտի մեռնինք մէկս հոս, միւսը անդին, կեանքի մէջ թափառողներ, աքսորուած մահուան մէջ, սփիւռքի փոթորիկը ցնցած է եւ ջարդած սրբազան կապերը, որոնք կը միացնէին զաւակներու սրտերը նախնիներու հողին»:
Այսօր փոքրացած հայրենիքէն դուրս ապրող հայ ժողովուրդը, ստուար մեծամասնութիւնը ազգին, եթէ պահ մը դուրս գայ սպառողական ընկերութեան,ընչաքաղցութեան եւ բարօրութեան իր հետապնդումէն, եւ բառ առ բառ կարդայ Տիմիդրիոս Վիքելասի խօսքերը, մեզի գինովութիւն առթող հինգ միլիոն հայու տեսական համրանքի ապագան տարբեր կ’ըլլայ:
Երեկոյեան կրկին գացինք Ուաքիֆ, լեռնագնացներուն հետ հիւրանոց վերադառնալու համար:
Լեռնագնացները, բեռնատարով լերան ստորոտը հասած են, ուրկէ սկսած է մագլցումը: Քարքարուտ կածաններով բարձրացած են, հոնկէ վառելու համար ջահը: Հակառակ դժուարութեան եւ յոգնութեան հասած են գագաթ: Դիմադրական Քառասուն Օրերու կռիւներու ընթացքին մեռածներու եւ զոհերու գերեզմանները քանդուած գտած են: Զինադադարէն ետք վերադարձողները, լերան վրայ, քարերով կանգնած են զիրենք փրկածԿիշէն նաւուն կոթողը: Այդ կոթողն ալ գտած են ականուած, մնացած է միայն ցռուկը:
Բերին բոցը: Նկարահանած են Լեռը:
Ուաքիֆի փոքրիկ գերեզմանատան մէջ դամբաններ կան: Հայերէն անուններ, հայու թրքացուած անուններ: Թրքատառ անուններ:
Կրկին կ’արձագանգէ մազոխականի հոգեմաշ մտալլկող հարցումը. Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ…
Զ. ՍԻՍ, ԼԵՒՈՆԻ ԲԵՐԴ, ՍՈՒԼՈՒԽԻ ԿԱՄՈՒՐՋ
Կիլիկիա կրկին: Հայրենիք՝ ուր հայկական այրուձին պետութիւն ստեղծած էր, ապրած եւ իշխած էին թագաւորներ, Ռուբէն, Հեթում եւ Լեւոններ, կաթողիկոսներ, Ներսէս Շնորհալի բանաստեղծ-կաթողիկոս եւ շնորհալի մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին:
Ծաղր է: Սիսը կոչած են Քոզան, Լեւոն Բ արքայի բերդը՝ Եիլան գալէ, Օձի բերդ:
Ի զուր չէ որ կը գործածեմ մազոխական բառը, քանի այս բոլորը տեսնել, լսել եւ արձանագրել գիտակիցի եւ անգիտակիցի խորշերուն մէջ, առանց տարուելու այ-ֆոնի խաղով, պատժուածի եւ անզօրութեան զգացումով հոգիները կը ճմլէ:
Ատանայէն կը հասնինք Սիս, թագաւորանիստ եւ կաթողիկոսանիստ հայկական մայրաքաղաքը: Քաղաքի կեդրոնէն բերդի ստորոտը կը բարձրանանք փոքրիկ ինքնաշարժներով: Հոս ալ կան տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ: Մենք ալ հոն էինք, յիշատակներու որսորդ զբօսաշրջիկ՝ մեր հողին վրայ:
Քարքարուտ ճամբով կը բարձրանամ մինչեւ ամրոցի դարպասը: Ապա, կը վերադառնամ պարիսպի ստորոտը, կը դիտեմ պարիսպները, հաստ քարերը, հայ շինարարի աշխատանքի վկայութիւն: Թերեւս հոն կայ նախապապերուս քրտինքը: Մլեհի մայրաքաղաքը: Առեւանգուած, իւրացուած:
Մեզ ամրոց փոխադրած թուրք վարորդին հետ կը զրուցեմ մեծ-մօրմէս սորված կաղ թրքերէնովս: Վստահութեան հաստատումէ ետք կը հարցնեմ, թէ քաղաքին մէջ հայեր կա՞ն: Կ’ըսէ, թէ չկան, բայց գիւղ մը կայ, որուն բնակիչներուն եօթանասուն առ հարիւրը հայեր են: Հոն պիտի չերթանք: Անոնք հայ պիտի չտեսնեն: Նոյնիսկ եթէ ընտանեկան յիշատակներ պահեն, դատապարտուած են դանդաղ կամ արագ անհետացման: Կա՞յ փրկութեան լաստ: Մնացած են հողին վրայ: Թերեւս տէր են իրենց տան կամ այգիին: Յետո՞յ…
Կը խմբուինք եւ կ’երթանք դէպի Լեւոն արքայի բերդը: Նոյն լքուած պարիսպները: Պատմութիւնը կանգ առած է: Անոր նոր տէրերուն համար բերդը սոսկ կոթող է, իրենց պատմութիւնը չէ, իսկ մեզմէ խլուած է տէր ըլլալու իրաւունքը: Մնացած է նկարելու, գիրք գրելու եւ յիշատակ պահելու մխիթարութիւն՝ լուսանկարելու եւ անցնելու իրաւունքը: Ուաքիֆ, Տորթ Եոլ, Ատանա, Սիս… մէկ ափի մէջ աշխարհ մը: Նոյնիսկ եթէ կան իրենց պապենական հողին եւ այգիին կառչածներ, ի՞նչ է վաղուան խոստումը: Ըլլալ բնակիչ եւ վերջին մոհիկան Ռոպէնսոնի կղզիին վրայ: Իսկ զբօսաշրջիկը ինչպէ՞ս հայրենատէր ըլլայ:
Ժամանակացոյցին վրայ չկան ոչ Հռոմկլան ոչ ալ Սասունը…
Իսկ եթէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը յաջողի օրէնքի ուժով շրջել պատմութեան անիւը եւ վերատիրանալ իր Սսոյ կաթողիկոսի իրաւունքներուն, այդ կ’ըլլայ անկիւնադարձ մեր լինելութեան ճանապարհին:
Ֆրանսացին կ’ըսէ. ով որ ոչինչ կը փորձէ ոչինչ կ’ունենայ. qui ne tente rien, n’a rien…
Ճանապարհը կը շարունակուի: Կը հասնինք հայ ազատագրական պայքարի խորհրդանշական թատերաբեմ Արածանիի վրայ ձգուած «Սուլուխի կամուրջը»:
Արածանի… բառ էր կամ քարտէսի վրայ գիծ մը, ան մեր աչքին առջեւ փռուող հայրենի կենսատու գետ է:
Ժամանակակից պատերազմներուն բաղդատած պարզ միջադէպ մըն է «Սուլուխի կռիւը», որուն ընթացքին կը սպաննուի պայծառ դէմքով Գէորգ Չաւուշը, Տարօն աշխարհի առասպելական հերոսը: Հոս քար, ջուր, տարածութիւն, պատմութիւն են: Երեւանէն դուրս հազիւ ելած, կը հանդիպինք «Գէորգ Չաւուշի» թաղի ցուցանակին, եւ կ’անցնինք: Հոս երկինքի տակ պատմութիւն կայ:
Այս կամուրջը հաւանօրէն ներծծած է Գէորգի եւ իր զինակիցներու հեղուած արիւնը: Անոնք իրենց աչքերը փակած էին լսելով հայրենի Արարածանիի ջուրերուն կարկաչը: Այսօր, կամուրջ եւ Արածանի պիտի արձանագրուին ուխտաւոր զբօսաշրջիկներու այ-ֆոններուն մէջ, ցոյց պիտի տրուին ընկեր բարեկամի, զաւակի եւ թոռներու:
Կը մտածեմ. ինքնութեան եւ անոր պատուանդան հողի համար հայ մարդիկ կեանք զոհած էին:
Պատմութիւնը կը վերագտնէ՞ իր բնական հունը: Յափշտակող եւ առեւանգող հոգեփովութիւն կ’ունենա՞ն, որպէսզի մարդը չըլլայ մարդուն գայլը… homo homini lupus: Յիշել Հոպզը…
Ուխտաւոր զբօսաշրջիկները Արածանիի վէտվէտացող ջուրերուն մէջ կարմիր վարդեր կը թափեն, որոնք կը ծփան եւ կ’երթան Գէորգ Չաւուշին յուշելու, որ եկած էինք, որ իր հետապնդած իրաւունքի դատը չէ մոռցուած: Ան պիտի ըսէ՞՝ ինչպէ՞ս շարունակել:
Ի՞նչ բանի խորհրդանիշ է Սուլուխի կամուրջը տասը միլիոն հայերուն համար: Անփափկանկատ հարցում մը. համաշխարհային դարձած ազգի ո՞ր տոկոսը գիտէ, թէ հոս հեղուած է հայ հերոսի արիւնը, որպէսզի մենք չըլլանք սոսկ անցեալ:
Արածանիի տարած կարմիր վարդերը ծէս էին:
Ի՞նչ կը սպասէ եւ կ’ընէ հայը ծէսէն անդին, Հայաստաններ եւ սփիւռքներ…
Ը. ՏԱՐՕՆ-ՏՈՒՐՈՒԲԵՐԱՆ, ՄՈՒՇ, ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ, ՀԱՅԿ-ՀԱՅՐԵՏՏԻՆ, ՆՇԱՆ-ՊՈՒՐՀԱՆ
Արածանին կը մնայ մեր ետին, Սուլուխի առասպելական կռիւի պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դաջուած է,- Հայաստան կ’ըսեն լեգենդը,- կը շարունակենք մեր ճանապարհը դէպի Մուշ: Հայաշխարհի հարթութեան վրայ ենք: Այս հողը հայոց պատմութիւն կը բուրէ: Հայկական արմատներով մարդիկ կան թաքնուած, բայց հայութիւնը բացակայ է:
Կ’անցնինք անծայրածիր տարածութիւններէ, որոնց վրայ գծուած են արդիական եւ մաքուր ճանապարհներ: Մանուկի հետաքրքրութեամբ կ’ուզեմ հասնիլ այնքան լսուած Մշոյ Դաշտ, շնչել հէքեաթի նմանող էջերու վրայ կարդացուած Մշոյ Հացի բոյրը: Օրը իրկանացած է: Մութին հետ տեսարանները կը խորանան, անուններ կ’արձագանգեն: Մշոյ Գեղամ, Եղեռնի զոհ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, 1991ին Պոլիս լոյս տեսած, հողերու ամայացումէն չորս տարի առաջ, գիրք գրած էր. «Հողային Հարցը հայաբնակ նահանգներու մէջ»… Ի՞նչ պիտի գրէր այսօր, ի՞նչ կը գրենք այսօր, ի՞նչ պիտի գրենք եւ ընենք վաղը, որ խօսք չըլլայ, հողին տէր ըլլալու համար:
Լայն ճամբայ մը: Կարմիր կակաչներու լամբերու լոյսով կը մտնենք լեռներով պարսպուած Մուշ:
Կը գիշերենք պանդոկի մը մէջ:
Առաւօտուն, խումբ մը սար պիտի բարձրանայ, երթալու համար Մուշի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի Գէորգ Չաւուշի դամ-բանը: Պիտի տանին կարմիր վարդեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի յանձնած Նարեկ աղօթամատեանը ազգին համար զոհուած հերոսի տապանաքարին տակ դնելու:
Հիւրանոցին առջեւ, քարի մը վրայ նստած, կը զրուցեմ մշեցի երկու հայերու հետ: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կոչեմ Հայրետտինը եւ Պուրհանը, իրենք կ’ըսեն, թէ կը կոչուինՀայկ եւ Նշան, թէեւ վստահ եմ, որ ոեւէ տեղ նման արձանագրութիւն չկայ, բացի իրենց հոգիի անկիւնէն: Կը խօսինք քիչ մը հայերէն, քիչ մը թրքերէն: Ազգականներ ունին Հայաստան, որոնց հետ կապ ունին, երբեմն այցելութեան կ’երթան:
Նշանին հարց կու տամ, որ տունը պահուած հայերէն գիրք ունի՞: Կը բացատրէ, որ ժամանակին բիրտ հետապնդումներ կային, կը խուզարկէին, կը փճացնէին ինչ որ գտնէին: Իրենց ծնողները կրօնափոխ եղած են, փոխած են անունները: Բայց պատժուած երեխայի պէս կ’ըսէ, որ «հայ է»: Զրոյցը կը շարունակուի եւ Նշան կ’ըսէ, թէ շրջանին մէջ կան շուրջ հարիւր հազար թաքնուած հայեր…
Ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղը՝ թաքնուած հայեր որակումը: Դար անցած է, եւ հայկական տռամը կը շարունակուի: Աշխարհի մեծերը, իրաւարարները, ամպագոռգոռ ժողովները տեղեա՞կ են, որ հայկական տռամը կը շարունակուի, որ ոգեկոչումներէ եւ ճանաչումներէ տարբեր ցաւի եւ ողբերգութեան խտութիւն ունի: Այս համամարդկային արժէք-ներու խնդիր է, բայց ան ոչ մէկ տեղ օրակարգ է: Նշան խոնաւ աչքերով ըսաւ, որ կ’ուզէր իր լիիրաւ ինքնութիւնը վերանուաճել:
Եւ մրճահարուող հարցումը. Ինչպէ՞ս, ո՞ւր, ե՞րբ…
Խումբը կը վերադառնայ սարի գերեզմանատունէն: Արձանագրութիւնը ջնջուած տապանաքար մը գտած են, այլ տապանաքարերու կողքին: Վերջիններուն վրայ դեռ կարելի եղած է կարդալ հայերէն տառեր: Աղօթած են, երգած են, Եռագոյն փռած են տապանաքարին վրայ, Նարեկը զետեղած քարին տակ: Ազգը չէ մոռցած իր արժանաւոր հերոս զաւակը: Այդ երախտագիտութիւնը կարեւոր է երէկուան համար կարեւոր է նաեւ այսօր, ջրդեղելու համար մեր սիրած միասնութիւնը:
Կէսօրը անցած էր, երբ «Մուշի հայեր»ը մեզ տարին իրենց կեդրոնը, որուն մուտքի ճակատին թրքերէնով գրուած է Մուշի հայկական կեդրոն: Ներսը, այրեր եւ կիներ, ոգի ի բռին լծուած էին ճաշի, աւանդական գառի պատրաստութեան: Պատին վրայ մեծատառ գրուած էր, հայերէն եւ ֆրանսերէն «Տարօն-Տուրուբերանի հայրենասիրական միութիւն»:
Մեր խումբին հետ այս հանդիպումը «Մուշի հայերուն» համար յիշատակ կ’ըլլայ, բայց նաեւ ոմանք հաւանօրէն կը փորձեն որոնել իրենց արմատները, իրենց ինքնութիւնը: Այդ ճիգը հաւաքական ըլլալու համար կը կարօտի ծրագրումի, կազմակերպութեան, նիւթական եւ մարդկային ներդրումի: Մեծամասնութիւնը վաղը պիտի գտնէ իր բնական առօրեան:
Մուշը մեր ետին ձգեցինք, բայց Մուշի հայերը կը տանինք մեզի հետ, որպէս խնդիր եւ յուզում:
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որ մէկուկէս միլիոնին վրայ չգումարուի այսօրուան թաքուն մշեցիներուն հարիւր հազարը…
Եթէ ոչինչ ընենք այսօր, վաղը մեր յետնորդները պիտի ոգեկոչե՞ն Մուշի եւ այլ վայրերու հարիւրաւոր հազարները, ճանաչումնե՞ր պիտի հետապնդեն…
Եթէ «թաքնուածներու» ինքնութեան գիտակցութիւնը զօրանայ, անոնց կեանքը պիտի երկբեղկուի եւ պիտի դժուարանայ:
Երբ արդէն ճանապարհին էինք դէպի Կարս, կը խորհէի, որ օր մը կարելի կ’ըլլա՞յ, իրենց ըսածին հետեւելով, շրջանի հարիւր հազար հայերուն համար դպրոցներ ստեղծել:
Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հայերէն սորվեցնել երբ դպրոցներուն մէջ կ’արգիլուի քրտերէնի ուսուցումը:
Թ. ԿԱՐՍ, ԲԵՐԴ, ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԱԽՈՒՐԵԱՆՈՎ ՄԱՅՐ ԵՐԿՐԷՆ ԶԱՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԱՆԻՆ
Հեռաւորութիւնները չեմ հաշուեր: Անոնք խրձիկ են: Այնքան խառն են տպաւորութիւնները եւ անոնցմէ ծնող ու բազմապատկուող միտքերը:
Մութ է արդէն երբ հանրակառքը (աւդոպուսը, autobus) կանգ կ’առնէ Կարսի հիւրանոցին առջեւ: Աշոտ Սողոմոնեան, պատմաբան, այնքա՜ն լաւ կազմակերպած է ճամբորդութիւնը, որ կարծէք մտաւորական չըլլայ:
Ընթրիքէն ետք ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի եւ դեկան Էդիկ Մինասեանի հետ կը ժամադրուինք առաւոտ կանուխ երթալու համար Կարսի Առաքելոց եկեղեցին եւ պատմական բերդը:
Առաւօտեան զովին կը բարձրանանք հիւրանոցի փողոցէն վեր, կը թեքինք աջ, քիչ ժամանակ անց դէմ առ դէմ կը գտնուինք Կարսի բերդին եւ Առաքելոց եկեղեցիին:
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կը խօսի ինքնիրեն եւ մեզի համար: Աբաս Բագրատունիի օրերուն, 940ական տարիներուն, կառուցուած է եկեղեցին, եւ 1579ին օսմանցի թուրքերը զայն վերածած են մզկիթի, երբ գրաւած են քաղաքը, ապա, ռուսական գրաւման շրջանին, ան վերածուած է ռուսական ուղղափառ եկեղեցիի: 1917ին, թուրքերը եկեղեցին կը վերածեն մզկիթի: Իսկ 1918ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրերուն, ան եղած է հայկական: 1920էն ի վեր ան կրկին մզկիթ է: Մօտեցանք: Դռները փակ էին: Գմբէթին խաչ չկար:
Ի՞նչ կ’ըսէ քաղաքակիրթ աշխարհը, ի՞նչ կ’ըսէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Ճիշդ հարցումներուն մէջ կը գտնուին անոնց ճիշդ պատասխանները:
Բարձունքին կը տիրէ Բերդը, որ կառուցուած է Կարսը գրաւող թուրքերուն կողմէ,1153ին:
Բայց կ’ըսուի նաեւ, որ հոն բերդ եղած է Ուրարտական վաղ ժամանակաշրջանին: Մեր պատմական գրականութեան մէջ ան կը յիշուի որպէս «Կարուց բերդ», երբ դեռ թուրքեր չկային: Անոր տիրած են ռուսերը: Քսաներորդ դարու սկիզբի մեր պատմութեան դժուար օրերուն, հոն տեղի ունեցած են ծանրակշիռ իրադարձութիւններ:
Կարսը հայկական քաղաք եղած էր: Իր մարդոցմով եւ բարբառով:
Կը վերադառնանք հիւրանոց: Համահայկական Խաղերու պատասխանատուները կ’երթան տեսնելու քաղաքապետը եւ զայն հրաւիրելու Ստեփանակերտի խաղերուն, իսկ մեր խումբը կ’ուղեւորուի դէպի Անի: Հաստաբեստ պարիսպները դեռ կանգուն են: Անոնց զով ստուերին նստած են մարդիկ:
Քարքարուտ արահետներով կը յառաջանանք: Եկեղեցիներ, որոնց անունները մեզմէ շատերուն մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը յուզած են, անոնք այնքա՜ն հարազատ կը թուին: Հովիւի եկեղեցին՝ պարիսպներէն դուրս, Ապու Ղամրենց, Տիգրան Հոնենց… Կողքէս քալող թրքուհին իր ամուսինին կը բացատրէ, որ մեծ վաճառական մը կառուցել տուած է այդ եկեղեցին: Վարէն կը հոսի հայ աշխարհը արուեստականօրէն բաժնելու դերին կոչուած Ախուրեանը: Ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, եւ այս պատկեր չէ, Հայաստանի Հանրապետութեան հողը քարընկեց մը հեռու է: Քաղաքական խենէշութիւններու անթաքոյց վկայութիւն…
Եւ Անիի մայր եկեղեցին…
Դարեր անցած են: Եկեղեցիին ներսը փողոցի պէս քարքարուտ է: Իսլամական տօն է, եկած են դիտելու, քանի մը օտարներ ալ կան: Եթէ հայ մարդիկ նկարելով չզբաղին, կրնան միայն լալ: Կրկին պոլսահայ Սիպիլ մեղմիւ կ’երգէ:
Գետնէն ճկոյթի չափով խիճ մը կը վերցնեմ, կը պահեմ ափիս մէջ: Չար աշխարհէն ինծի բաժին ինկած ժառանգութիւն:
Օր մը, տեղ մը, կարդացած էի, որ ահաբեկչութիւնը թշուառներուն հիւլէական ռումբն է:
Առանձին կը քալեմ դէպի ելքը: Կը հասնիմ պարիսպներու ստուերին, ուր սուրճի եւ զովացուցիչի շրջուն վաճառողներ աթոռակներ դրած են: Կու գան խումբի միւս անդամները:
Ի՜նչ ահաւորութիւն… Մեզի մնացած է մեր ժառանգութիւն եկեղեցիները միայն տեսնելու եւ նկարելու իրաւունքը:
Եւ կրկին ցաւի հարցումը. մինչեւ ե՞րբ…
Անի քաղաքին մէջ չկան միայն եկեղեցիներ: Տիրողը պարիսպներէն ներս հաստատած է նաեւ թիթեղածածուկ գոմեր, եկեղեցիներու անմիջական դրացնութեամբ:
Քաղաքակիրթ եւ մարդկային աշխարհի լրատուամիջոցները ինչո՞ւ նկարահանող խումբեր չեն ղրկեր հոս, յանուն մշակոյթներու պաշտպանութեան, որուն մասին այնքա՜ն կը սիրեն խօսիլ:
Հայաստան կ’ըսեն կրաֆիկը: Մեր ուղեւորութնիւնն ալ ունի իր կրաֆիկը, ուղին եւ ժամերը, պէտք է խմբուիլ եւ մեկնիլ: Կը մեկնինք՝ Անին մեր աչքերուն եւ մեր այ-ֆոններուն մէջ:
ԱՆԻԷՆ ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, ԳԻՒՄՐԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ
Մարդոց անարդարութեան գինը վճարելու պարտադրանքով, մեր ետին կը ձգենք հարազատ Անին: Կը մտածեմ, որ միշտ վառ պէտք է պահել Յոյսը: Աւետիս Ահարոնեան, մեր պատմութեան ամենէն մութ պահերուն, ըսած էր, թէ «դեռ կայ հրաշքը»: Իրաւ ազգային քաղաքականութեան առանցքին եղած է եւ կայ հրաշքի հաւատքը, այնքա՜ն տարբեր վկայեալ գործնապաշտներու նահանջականութենէն:
Թրքական եւ վրացական սահմանի Կարծախի լիճի եզերքով կը շարունակենք մեր ճանապարհը: Կարծախով պիտի մտնենք Վրաստան: Մուտքին տեղի ունեցաւ անհեթեթ միջադէպ մը, երբ սահմանապահները ակադեմիկոս, Ախալքալակ ծնած եւ նոյն տեղի «պատուաւոր քաքաղացի» Աշոտ Մելքոնեանի մուտքը արգիլեցին: Միջադէպ՝ որուն լայնօրէն անդրադարձաւ մամուլը:
Յետոյ իմացանք, որ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան միջամտութեամբ թոյատրուած էր Աշոտ Մելքոնեանի մուտքը, որպէսզի ան Հայաստան վերադառնար: Զարմանալի վերաբերում անձնաւորութեան մը նկատմամբ, որուն առջեւ աւելի քան քառասուն երկիրներու սահմանները բաց եղած են, իր իսկ վկայութեամբ: Ճանապարհի կէսին, Հայաստանի անցակէտը չհասած, Աշոտ Մելքոնեան եւ ճամբորդութեան առաջնորդը՝ Աշոտ Սողոմոնեան միացան մեզի:
Կարծախը հայկական գիւղ է Վրաստանի մէջ: Ան ծննդավայրն է նաեւ հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի:
Վրաստանի մէջ գտնուող Սամցքէ-Ջաւախքի Ախալքալաքի ճամբով պիտի հասնինք Գիւմրի: Տխրութեամբ կը հաստատենք, բաղդատելով Թիֆլիսի գեղեցկութեան, ճոխութեան եւ խնամքին, որ շրջանը լքուած եւ անխնամ տեսք ունի, ճամբաները գրեթէ անանցանելի են: Հատուած մը, դէպի Գիւմրի, արձանագրուած է 38 ք.մ., տեւեց չորս ժամ:
Մութ է արդէն երբ Գիւմրի կը հասնինք: Վերջին անգամ Գիւմրի եկած էի քառորդ դար առաջ: Ուրախացայ երբ տեսայ մաքրուած փողոցները եւ Քաղաքապետարանի լուսաւորուած շէնքը: Գեղատեսիլ վաճառատուներ կային եւ եկեղեցին, կանգուն, հոն էր միշտ: Որքա՜ն պիտի ուզէի կրկին տեսնել ֆրանսական թեքումով դպրոցը, ուր օր մը լրիւ անցուցած էի ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին հետ, զրուցած, եւ վերադաձիս խօսած անոնց մասին հայկական ձայնասփիւռէն:
Ճոխ ընթրիքէ մը ետք, որ կը ջնջէր հին անլոյս օրերու պատկերները, հրաժեշտ կու տանք Գիւմրիին, ուր պէտք է վերադառնալ, կրկին տեսնել եւ լսել մարդիկը, վկայել վերածնունդի մասին: Ուրիշ բառ չեմ գիտեր կացութիւնը եւ յոյսը բնորոշելու համար:
Գիշերուան ժամը երեքին հանրակառքէն կ’իջնենք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը:
Այս գրեթէ ճամբորդական նօթերը եւ տպաւորութիւնները եզրակացնելու եւ ամփոփելու համար, լուռ նստած եմ հակարգիչիս առ-ջեւ:
Ի՞նչ եզրակացնել, ի՞նչ ըսելու համար:
Պահ մը նոյնիսկ մտածեցի, որ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար այս ճամբորդութիւնը չընել, որպէսզի ցաւի եւ կորուստի զգացումները բաց վէրք չդառնային:
Հիմա միտքերս կը նմանին խռիւ մազերու, հայրերուս նարնջենիներու բոյրին եւ կանաչին կը միաձուլուին հերոսապատումի Մուսա Լեռը, Վանայ Ծովակի կապոյտը, Արթոս եւ Սիփան լեռները, Արածանին, Ախուրեանը, Արաքսը, բերդերը՝ ուր ժամանակը կանգ առած է, լուռ սպասումի մատնուած Ախթամարի, Կարսի Առաքելոց եւ Անիի եկեղեցիները…
Եւ ինչպէս կրնամ ազատագրուիլ Հայրետտին-Հայկի եւ Պուրհան-Նշանի բացած պատուհանի մութէն, ուր կան անհետ կորած հինգ հարիւր եկեղեցիներ եւ լռած-թաքնուած հարիւր հազարաւոր հայեր:
Կ’ըսեն, թէ սորվելու եւ ապրելու համար, պէտք է մոռնալ գիտնալ:
Երանի անոնց որ այդ հոգիի տկարութիւնը եւ ուժը ունին:
Բայց Արարատը հոն կանգնած է եւ կ’ըսէ, թէ «թէ դուն հոն ես եւ ես հեռու, իրարմէ այնքա՜ն հեռու եւ այնքա՜ն մօտ»:
Բանաստեղծները միշտ գիտցած են գտնել ամոքող գաղտնաբառերը:
Հայրենի կարօտ, դու ծանրանում ես,
Իմ դատարկ հոգում դու խորանում ես,
Ամէն ինչ գնաց, փշրուեց, անցաւ,
Բայց դու բարձրանում ու ծովանում ես:
(Վահան Թոթովենց)
Ծովանում ես, կ’ըսէ բանաստեղծը իր կարօտին:
Եթէ մեր ժողովուրդին ըսէինք՝ ծովանանք հայրենի իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ, այդ կ’ըլլար այսօրուան եւ վաղուան յաղթանակ:
Այս ընելու համար պէտք է լսել քսաներորդ դարու ներհուն գրող Վիգէն Խեչումեանը, որ պատգամած է, թէ՝ «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:
Ըլլալ «ծագումով հայ» եզրակացութիւնը չէ՞ Վիգէն Խեչումեանի խարանող խօսքին: Իսկ ի՞նչ ընել «թաքնուած հայ»երուն համար:
ճամբորդեցի, տեսարանները գեղեցիկ էին, բայց մնացի տգէտ, չեղայ այ-ֆոնովզբօսաշրջիկ… թմրած ուղեղով տուրիստ… պատմութեան բեռը եւ անարդարութեան դէմ ընդվզումը շալկած գացի եւ եկայ:
(30 Մայիս – 11 Յունիս 2019), Երեւան
yerakouyn.com/2019/06/13/աշխարհ-հայաստանի-ուխտաւոր՝-վաղուան-հ/