ՆՇՄԱՐ.- Ազգային Ինքնութեան Որոնում – Ս. Մահսէրէճեան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

21 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – Ազգային Ինքնութեան Որոնում:

ՆՇՄԱՐ.- Ազգային Ինքնութեան Որոնում

Ս. Մահսէրէճեան

Գերմանական պատկերասփիւռի լրատու կայանի մը թղթակիցը, Չորեքշաբթի, 19 Յունիսին, գիւտ մը ընելով ոճով լուր մը հաղորդեց. Ղազախստանի մէջ որոշում տրուած է, որ մինչեւ 2025, Կիրիլեան տառերը վերջնականապէս պիտի փոխարինուին լատինական տառերու պատշաճեցուած այբուբենով մը։ Ղազախերէնը պիտի ունենայ 42 տառ։ Թղթակիցը քանի մը հապճեպ բացատրութիւն տուաւ, նշելով, որ Կիրիլեանէն հեռացում պիտի չնշանակէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց նսեմացում, այլ այս քայլը կþառնուի՝ ազգային ինքնութեան հաստատման հետամտութեամբ. չըսաւ, թէ ըստ ամենայնի օտար տառեր այլ օտար տառերով փոխարինելը ի՞նչ ձեւով «ազգային ինքնութեան հետամտութիւն» է…։ Բացատրութիւններէն մէկն ալ, եւ քիչ մը աւելի՛ տրամաբանականը, այն էր, որ համակարգչային՝ թուայնացեալ աշխարհի հարկադրանքները դեր ունին այս «դիմաշրջում»ին մէջ։

Հաղորդուած լուրը նոր գիւտ մը չէ, յամենայնդէպս։ Եթէ մէկը արագ պրպտում մը կատարէ, պիտի տեսնէ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ու տարանջատումէն ասդին, բազմաթիւ երկիրներ, որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանը, տարբեր պատճառաբանութիւնմերով կը փորձեն հեռաւորութիւն ստեղծել Ռուսիոյ հետ. այս ընթացքին մէջ քաղաքական որոշ նկատառումներ եւ «մագնիսացումներ» ակներեւ են։

Յետոյ, Կիրիլեան տառերէն հրաժարելու ընթացքը նորութիւն չէ. հարցը սեղանի վրայ դրուած է 2005-7 տարիներէն ի վեր, առաջադրուած փոփոխութեան գետինը պատրաստելու նպատակով, տրամաբանական ժամանակ նկատի առնուած է, հաշուի առնուած է այն իրականութիւը, որ երկրին շուրջ 18 միլիոն բնակիչներուն շուրջ 95 առ հարիւրը վարժ է ռուսախօսութեան, շուրջ 75 առ հարիւրը վարժ է ղազախերէնին, տակաւին, երկիրը կը պարփակէ շուրջ 100 տեսակի ազգութիւններ ու ցեղային փոքրամասնութիւններ, ուրեմն, փոխանցման որոշ շրջան մը անխուսափելի նկատուած է։ Սկզբնական մտածումներէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք, 2017-ին, վերջապէս արձակուած է նախագահական հրամանագիր մը, որ ճշդած է անցումի վերջնական թուական-պայմանաժամը՝ 2025։ Ի դէպ, խորհրդային տարիներուն, որոշ շրջան մը օգտագործուած են նաեւ լատինական տառերուն թրքական տարբերակը, տեղւոյն լեզուին հնչաբանութեան նկատառումով։

***

Մեր նպատակը յիշեալ այդ հարցերը վերլուծել ու անոնց խորքը թափանցել չէ։

Ընթերցողս վստահաբար եւ արդարօրէն հարց պիտի տայ. «Մեզի ի՛նչ, թէ ղազախները կամ այլ ժողովուրդներ լատինակա՞ն, թրքակա՞ն, թէ՞ արաբական տառեր կամ անոնց պատշաճեցուած տարբերակները կþորդեգրեն։ Մենք այժմէական հրատապ հարցեր չունի՞նք, որ նման բաներու համար գլուխ յոգնեցնենք»։

Այո. թէ ղազախները կամ ուրիշները ի՞նչ տառեր կþորդեգրեն կամ ինչէ՞ կը հրաժարին՝ մեր գործը չեն, սակայն աչքի առջեւ ունենալով մեր իրականութիւնները՝ մտածելու դուռ կը բանան։

Մենք բարեբախտաբար ունինք սեփական տառեր, փառք Մեսրոպ Վարդապետին ու գործակիցներուն։ Ըստ էութեան, մեր Արբուբենը մեզի շնորհած է այնպիսի պատուանդան մը, որ «ազգային ինքնութիւն որոնելու» հարց ալ չունինք։ Սակայն եկուր տե՛ս, որ մենք ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑ ունինք՝ մեր լուզուի կարգ մը արժանիքներուն եւ ստորոգելիներուն անտեսման, բռնաբարմա՛ն հետեւանքով։

Մեր հայրենիքին մէջ, վերանկախացումէն ասդին, նաեւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» դարաշրջանին, լեզուական հինաւուրց ախտերէն ձերբազատելու ուղղութեամբ միայն կիսատ-պռատ քայլեր առնուած են, անոնք ալ շօշափելի հետք չեն արձանագրած։ Կայ աբեղեանական ուղղագրութեան կառչած մնալու ախտը. եթէ այս ախտը կոչենք իր իսկական՝ ՍՏԱԼԻՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ անունով, անոր ծանրութիւնը, կը կարծենք, աւելի զգալի կը դառնայ։ Ու զարմանալի է, թէ Հայաստանի մէջ եւ այլուր, երբ անկեղծ ճիգ կայ հեռանալու եւ անջատուելու ստալինականութեան բոլոր թափօններէն (թող վրացիք իրենց հաշիւներով պահպանեն Ստալինի ժառանգութիւնը, ա՛յդ ալ մեր գործը չէ), Հայաստանի մէջ ինչո՞ւ յաջողութիւն չեն գտներ ուղղագրական այդ թափօնէն ձերբազատելու ճիգերը (կþակնարկենք որոշ մտաւորականներու եւ լեզուագէտներու աշխատանքին, որ տասնամեակ մը առաջ աւելի աշխոյժ էր)։ Ղազախները այս գետնի վրայ կրնան անուղղակի խորհրդատու ըլլալ մեզի. տառերու փոփոխութեան հարցը հոն ալ հսկայական պիւտճէի եւ լայնածաւալ աշխատանքի հարց ստեղծած է, սակայն թէ՛ պետութիւնը եւ թէ անհատներ աչք առած են այդ հաշիւը, տրամադրած են բաւարար ժամանակ, որդեգրած են վարժեցումի դասընթացքներ՝ մանկապարտէզներէն սկսեալ։

Կայ տագնապին միւս երեսն ալ, որուն դարմանումը միայն նուազագոյն ճիգի եւ… ոչ մէկ լումայի կը կարօտի։ Մեր ակնարկութիւնը կþերթայ օտարաբանութիւններու աճող հեղեղին, որ այս ընթացքով կրնայ աւելի եւս ծանրացնել լեզուին հեղձումը։ Նախագահէն ու վարչապետէն սկսեալ մինչեւ երեսփոխաններ, նախարարներ, կուսակցութեանց պատասխանատուներ, պետական պաշտօնեաներ, լրագրողներ, խմբագիրներ, ուսանողներ ու հասարակ մահկանացուներ այս ախտին հետ անբուժելի սիրահարութիւն մը կը շարունակեն։ Հասած ենք հոն, ուր մարդիկ կորսնցուցած են կարողութիւնը հայերէն բառերը օտար բառերէ զանազանելու։ Լեզուի տեսչութիւնը մերթ ընդ մերթ մամուլին մէջ իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէ ողջունելի նախաձեռնութիւններով ու կոչերով, մինչեւ իսկ հրապարակային արձանագրութեանց մէջ «օտարերէն»ի գործածութեան դէմ տուգանքի սպառնալիք կþարձակուի, եւ սակայն, մեղանչումը յառաջ կը վազէ, ոտնակոխ ընելով ամէն բարի ճիգ։

Հայաստանի մէջ յիշեալ ախտերուն կառչածութիւնը անմեղութեան պատմուճան չի շնորհեր Սփիւռքին, որ ունի ի՛ր «առանձնայատկութիւնը»՝ հայերէնի նահանջին ու հայկականութեան նսեմացման յարաճուն ախտը։ Աւելորդ կը նկատենք երկար կանգ առնել այս ախտին վրայ. մինչ Հայաստանը ունի պետութիւն եւ այլ տեսչութիւններ, ու ինքզինք անգործութեան, տեղքայլի մատնած է յիշեալ ախտերուն դարմանումի գետիններուն վրայ, ալ ի՜նչ խօսք Սփիւռքին մասին, ուր անտիրութիւնը աւելի՛ ակներեւ է, հակառակ որոշ ճիգերու եւ նախաձեռնութիւններու։

…Ղազախներուն ընելիքն ու չընելիքը մեր գործը չէ. սակայն մե՛ր գործն է գիտակցիլ մեր հիւանդագին վիճակներուն, որդեգրել համապատասխան ծրագիրներ ու ստեղծել արդիւնքի հասցնող գործակցական դաշտեր։ «Յեղափոխական Հայաստան»էն կը սպասուի անյապաղ մտածել նա՛եւ լեզուի ու մշակոյթի յեղափոխութեան մասին, որ նոյնքան ու թերեւս աւելի՛ կարեւոր մարտահրաւէրի առջեւ կը դնէ բոլորս, որքան փտածութեան, կաշառակերութեան, չարաշահութեանց դէմ պայքարները, տնտեսական յեղափոխութիւնն ու դատական եւ յարակից համակարգերուն բարեկարգումը։

yerakouyn.com/2019/06/21/նշմար-ազգային-ինքնութեան-որոնում/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail