Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ 12. Ժխտողականութիւնը, ՄԻԵԴ-ը Եւ Ֆրանսան

03 նոյեմբեր 2015

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Շուրջ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, ֆրանսահայ համայնքը իր բոլոր հոսանքներով կը հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման օրէնք մը հաստատելու քաղաքականութիւնը: Թէ որքանո՞վ ճիշդ ռազմավարութիւն է այս մէկը, այլ խօսքով` արդեօ՞ք ճիշդ էր ամբողջ տասնամեակ մը լրիւ գաղութին ներուժը կեդրոնացնել նման օրէնքի մը ձեռքբերման ի խնդիր, այստեղ ու մանաւանդ ներկայ պահու դրութեամբ գէթ մարտավարական առումով ճիշդ պիտի չըլլայ բարձրաձայնել: Սակայն պիտի գայ պահը հարկաւ, որ այս հարցը պիտի քննարկուի հանգամանօրէն եւ պիտի տրուի պատասխանը արդարացի այս հարցումին:

Այսօր մէկ բան յստակ է, սակայն, որ Սթրասպուրկի մէջ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) արձակած վճիռը Փերինչեքի հարցով, ոչ թէ անուղղակի, այլ ուղղակի հարուած է մեր հետապնդած վերոյիշեալ քաղաքականութեան: Նոյնն է պարագան բնականաբար Եւրոպայի մնացեալ երկիրներուն:

Այն պահուն, երբ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի համախոհները կը պատրաստուին անգամ մը եւս օրէնքի հարցը բերել խորհրդարանի օրակարգին վրայ, ինչպէս նախագահական ընտրապայքարի ժամանակ խոստացած էր Հոլլանտ, ՄԻԵԴ-ի այս վճիռը անցարգել մը կը հանդիսանայ անկասկած այս հոլովոյթին առջեւ, պարզապէս որովհետեւ բոլոր այն խորհրդարանականները, որոնք տարբեր պատճառներով դէմ կամ նոյնիսկ ձեռնպահ են նման օրէնքի մը որդեգրման համար, լաւագոյն պատրուակը կամ հակաճառութեան լաւագոյն խաղաքարտը ունեցան եւ զոր վաղը առաջին իսկ առիթին պիտի օգտագործեն անպայման: Նախագահ Սարքոզիի նախաձեռնութիւնը օրին ընդունեցինք վերապահութեամբ, միշտ նկատի ունենալով թրքական պետական թաքուն բայց նկատառելի լոպիինկը, որ փաստօրէն մետասաներորդ պահուն յաջողեցաւ իր կամքը պարտադրել Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վրայ եւ տապալել խորհրդարանի զոյգ պալատներուն կողմէ ընդունուած օրինագիծը: Ուստի, ժխտողականութիւնը ուղղակի քաջալերող ՄԻԵԴ-ի այս վճիռը այսօր բնականաբար աւելի կորով ու մանաւանդ վստահութիւն պիտի ներշնչէ նոյնինքն ժխտողականութեան ռահվիրաներուն, որոնք այս անգամ անկասկած պիտի բազմապատկեն իրենց ժխտողական յարձակողական արշաւը:

ՄԻԵԴ-ի վճիռը ոչ մէկ դատական-իրաւական հիմնաւորում ունի: Անիկա զուտ քաղաքական է, մեկնած` քաղաքական անմիջական շահերէ եւ հաշիւներէ: Այս մօտեցման եղանակը վտանգաւոր է ըստ ամենայնի ու տակաւին յղի` գալիք վտանգներով: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք` հայկական կողմը, հայրենի պետութիւն թէ սփիւռքեան քաղաքական-հասարակական դերակատարներ հաւասարապէս պարտինք շատ աւելի զգօն ըլլալ, շատ աւելի բազմակողմանի վերլուծել եւ արժեւորել ՄԻԵԴ-ի վճիռը, նախատեսել անոր ներգործօն հաւանական հետեւանքները վաղուան մեր աշխատանքներուն վրայ եւ առ այդ ըստ այնմ հաւաքաբար ճշդենք յառաջիկայ մեր ռազմավարական ուղղութիւնները: Վերջապէս, մենք, Հայ դատի անխտիր բոլո՛ր սպասարկուներս թէ հայրենի պետական այրերը իրաւունք չունինք սխալ ուղղութիւններով կողմնորոշել մեր ժողովուրդը, որ դժուար պահերուն մի՛շտ կանգնած է մեր կողքին, հաւատարիմ: Եւ ահա թէ ինչո՛ւ անհեթեթ յաղթանակ պիտի չգոռայինք անմիջապէս, ոչ ալ վճիռին մէջ այսպէս ըսած գոհացուցիչ նրբերանգներ պիտի փնտռէինք, այլ` դժգոհութիւն ու անբաւարարուածութիւն պիտի արտայայտէինք աշխարհով մէկ` խօսքի ազատութեան մշուշապատ կարգախօսին ետին թաքնուած ՄԻԵԴ-ի գձուձ վճիռին ի տես:

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail