Խմբագրական – ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ ՄԵՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԳԱՆՁՆ Է
Մեր պատմութեան երկարատեւ ու դժուարին ճանապարհին վրայ, դարեր շարունակ, հայ ժողովուրդը եւ իր Մեծասքանչ լեզուն կազմած են մէկ, անքակտելի, միաձոյլ ամբողջութիւն մը: Մեր նախահայրերը, սկսեալ դիցակերպ Հայկ նահապետի օրերէն, այդ լեզուով առաջնորդեր են մեր ժողովուրդը հերոսական մարտերու, այդ լեզուով են տագնապեր ու տուայտեր, երազեր ու պայքարեր, սիրեր ու տառապեր, աղօթեր ու հաւատացեր….:
Այդ լեզուով են ստեղծագործեր ժողովրդական բանահիւսութեան անգին գանձերը: Այդ լեզուն է որ Մեսրոպեան հրաշազօր հանճարով դարձեր է գիր ու մագաղաթ, թարգմանչական թէ ինքնագիր հարուստ մատեաններ, որոնց գլուխգործոցը՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնն է, որ արդարօրէն կոչուեր է «Թագուհի թարգմանչաց»…:
Տակաւին, շնորհիւ Մեսրոպեան հրաշքին, կերտեր ենք Ոսկեդար, լուսաւորութեան մեծ շարժում, հարուստ դպրութիւն, գրականութիւն ու մշակոյթ, որոնք դարձեր են ոգեղէն բովանդակութիւնը մեր ժողովուրդին, անոր գոյութեան եւ յարատեւման խորին խորհուրդը: Անոր ինքնութիւնն ու էութիւնը:
Մեր փոթորկայոյզ պատմութեան ընթացքին, լեզուն եղած է մեր միակ անկողոպտելի գանձը, մեր ապրելու անընկճելի ոգին, տեւելու եւ տոկալու կորովը…:
Արդարեւ, բազում փորձութիւններ ու փորձանքներ տեւաբար սպառնացեր են մեր ժողովուրդի գոյութեան, մնացեր ենք ընդհանրապէս պետականութենէ զուրկ, աւերուեր են մեր քաղաքներն ու բերդերը, շէներն ու աւանները, կորսուեր են մեր թագաւորութիւններն ու հարստութիւնները, հուրի եւ սուրի մատնուեր է մեր ժողովուրդը, ենթարկուեր ենք տարբեր աշխարհներու պարտադրած այլասերող եւ ուծացնող պայմաններուն..: Այսուհանդերձ, միշտ ալ կենսունակ մնացած է մեր լեզուն եւ անաղարտ պահած-պահպանած է մեր էութիւնը՝ դարերու երթին մէջ:
Ի զուր չէ, որ նոյնիսկ գաղթի ճանապարհին, հայ մամիկը Տէր Զօրի հրաշէկ աւազին վրայ դրոշմեր է Այբ-Բեն-Գիմը, որպէս փրկութեան լաստ ու կռուան գալիք սերունդներուն:
Անգնահատելի է լեզուի ազգային-քաղաքական դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան ոչ միայն մեր ամէնէն շքեղ ստեղծագործութիւնն է եւ հիմքերու հիմքը մեր պանծալի մշակոյթին, այլեւ ազգը միաւորող անփոխարինելի գերագոյն ոյժը: Դարերն ու մեզ իրարմէ անջատող միջոցը կամարող, մեզ հոգեպէս միաւորող եւ ամրապնդող գերագոյն ոյժն է լեզուն, եւ որպէս այդպիսին, ան եղած է մեր յարատեւման խորհուրդը, մեր ամենահզօր վահանը ընդդէմ բարբարոսական բազում ներխուժումներուն ու տիրապետութիւններուն եւ կը շարունակէ ըլլալ, այսօր ալ, ազգային մեր մաքառումի գերագոյն ոյժը ընդդէմ մեզ ուծացնող, ձուլող, ամենակուլ յորձանքին:
Լեզուն ի՛նքն է ոգին եւ լեզուով կ’իմաստաւորուի ու կ’արժեւորուի «ազգային ինքնութիւն» հասկացողութիւնը, քանզի անոր մէն մի բառը ունի իր կենսագրութիւնը, իր պատմութիւնը, իր թելադրականութիւնը, իր ինքնուրոյն իմաստը, զոր կարելի չէ թարգմանել ուրիշ լեզուներու:
Լեզուն այն ոգեղէն, անխորտակելի կամուրջն է, որ կ’երթայ հոգիէ-հոգի եւ սիրտէ-սիրտ, կ’անցնի ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները, կը ճեղքէ դարերու թանձրախիտ խաւարը եւ մեզ հաղորդակից կ’ընէ մեր ժողովուրդի մօտիկ թէ հեռաւոր ձայներուն, անոր անցեալ թէ ներկայ ապրումներուն, անոր խորախորհուրդ արմատներուն հետ եւ կը կերտէ ու կ’ամրապնդէ հոգեկան ինքնուրոյն կառուցուածք մը, որ կը կոչուի ազգային դիմագիծ, ազգային ինքնութիւն եւ ազգային ոգի:
Այսպէս, ժողովուրդի հոգեւոր եւ գաղափարական միասնութիւնը կերտող, զայն ամրապնդող գերագոյն գործօն է լեզուն: Առանց լեզուին, հայապահպանումը կը դառնայ պատրանք, նահանջեց լեզուն, կը նահանջէ նաեւ հոգին:
Ի զուր չէ ըսուած որ լեզուն ազգի մը հոգին է. կենդանի է այդ հոգին, կենդանի է եւ ազգը. կենսունակ է առաջինը, ուրեմն կենսունակ է եւ երկրորդը:
Ուրեմն, լեզուն՝ որպէս ազգի մը կենսունակութեան խորհրդանիշը կամ կենդանի վկան, կենդանի մարմին մըն է, որ պէտք է նաեւ տեւաբար հարստանայ, նորոգուի ու զարգանայ, կեանքի եւ ժամանակի թելադրանքով:
Բայց ցաւով պիտի արձանագրել, որ այսօր որքան կ’աղաւաղուի ու կ’աղճատուի ան՝ օտար բառերու անխնայ ներխուժումովը մեր լեզուին՝ հեռուստացոյցէն, մամուլի էջերուն մէջ, հայ մարդկանց շուրթերուն…: Կ’աղաւաղուի ու կ’աղճատուի ան լատինատառ գրութիւններով՝ համացանցի եւ դիմատետրի տարածքին վրայ, եթերէն եւ քիչ մը ամենուր հնչող կոպիտ սխալախօսութեամբ, որ հայերէնէն անչափ հեռու կը թուի ըլլալ…
Մենք կարծես դադրած ենք, ըստ էութեան, արժանի գուրգուրանք տածելէ հայոց լեզուին, զայն ուսուցանող հայ դպրոցին, մասնաւորաբար Սփիւռքի օտար ափերուն վրայ, ուր յետ-Եղեռնեան սերունդը՝ անչափելի զոհողութիւններու ու զրկանքներու գնով, բացաւ հայ դպրոցներու շարքը՝ բոլոր հայագաղութներու մէջ ալ, միշտ հաւատալով հայոց լեզուի վճռորոշ դերին՝ հայը հայ պահելու սրբազան առաքելութեան մէջ: Տակաւ կ’աղքատանայ մեր լեզուն, անոր բառապաշարը, կ’այլասերին անոր շարահիւսութիւնը, անոր հնչերանգը….Եւ դպրոց-դպրոցի ետեւէ կը փակուին թեթեւ ձեռքով եւ թեթեւ հոգիով…
«Կարեւորը հայ զգալն է», կամ «500 հայերէն բառերու իմացութիւնը բաւարար է» ըսողներ կան կարեւոր կազմակերպութեանց եւ միութեանց ղեկավարի դեր ստանձնած մարդոց բերնով, որոնց համար հայ դպրոց պահելը տնտեսական գործունէութիւն է սոսկ, նպարավաճառի կրպակ է, «պիզնես»ի տրամաբանութեամբ գործող վայր է:
Եւ այսպէս կը նահանջէ մեր լեզուն, կը նահանջէ մեր լեզուն, կը նահանջեն հայ հոգին եւ հայեցի ինքնութիւնը….
Մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին:
Այսօր հայոց լեզուին նոր թափ ու նոր մակարդակ տալու լրջագոյն խնդիր ունինք: Այսօր հայ դպրոցին գուրգուրալու, անոր նոր որակ տալու ճակատագրական խնդիր ունինք…
Եւ վերջապէս, այսօր ազգային ոգիին ու հոգիին ազգային գիտակցութեան նոր զարթօնք մը տալու գերխնդիրը ունինք…«օդի, ջուրի, հացի նման» կենսական:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
azadkhosk.com/khempakragan9201.html