Ակնարկ. Էրտողանին Հետ Շրջագայող Սահմանադրական Լիազօրութիւններ

03 նոյեմբեր 2015

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նախագահ Էրտողանի համար կէս չափով բացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու դուռը: Առաջադրանքը այս փոփոխութիւններուն գերնախագահական համակարգի հաստատումն է, կամ այլ խօսքով` էրտողանական վարքագիծի միաբեւեռացումը: Իշխող կուսակցութեան ապահոված խորհրդարանական աթոռներուն թիւը չ՛արտօներ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի որոշումը առնէ խորհրդարանը: Այստեղ պէտք է միանան իշխող կուսակցութենէն դուրս խորհրդարանական այլ քուէներ, որպէսզի գոյանայ անհրաժեշտ թիւը:

Բայց առաջադրուած նուազագոյն թիւի անցողիկութիւն ապահովելը կը թուի, որ հեռահար եւ անյաղթահարելի հարց չէ էրտողանի գլխաւորած կուսակցութեան համար: Ուրեմն, պիտի փոխուի սահմանադրութիւնը եւ Էրտողանի սուլթանացումը սկիզբ պիտի առնէ: Գործող սահմանադրութիւնը Թուրքիոյ պարագային վարչապետական է: Թուրքիոյ քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողները գիտեն, համոզուած են սակայն, որ ուժի բեւեռացումը տակաւին այսօր նախագահական առաջադրուած լիազօրութիւններ չապահոված Էրտողանի մօտ է: Վարչապետի գործակատարը կամ երէկուան վարչապետը` Տաւութօղլուն Էրտողանի կայացուցած որոշումները դիւանագիտական արուեստով իրականացնողն է պարզապէս: Ի վերջոյ կ՛ենթադրուի, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու կարգապահութիւնը այնքան ուշագրաւ կատարելութեամբ չեն յատկանշուիր, որ վարչապետին թելադրեն իր լիազօրութիւններու կրճատման համար այս թափով աշխատիլ…

Այս վարկածը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ մտաբերենք մօտիկ անցեալին միեւնոյն սահմանադրութեամբ գործող նախագահ Կիւլ-վարչապետ Էրտողան զուգապետութիւնը, երբ տառացիօրէն կը յարգուէր սահմանադրութեամբ ամրագրուած վարչապետական համակարգը:

Սահմանադրութիւնը չէ փոխուած. փոխուած է նախագահը, որուն հետ նաեւ` իրողական լիազօրութիւնները: Խնդիրը այս պարագային Էրտողանի հետ շրջագայող իրողական լիազօրութիւններն են, որոնք Թուրքիան կը հեռացնեն սահմանադրական իրաւականութենէ:

Իրողապէս նախագահական համակարգը նաեւ սահմանադրականացնելու աշխատանքին կը ձեռնարկուի այս ձեւով: Պաշտօնապէս յայտարարուածն ալ այդ է արդէն: Յետընտրական Թուրքիան, սակայն, նախագծուած բեմագրութիւններու հիման վրայ հեզասահ ճամբաներէ չէ, որ պիտի ընթանայ: Թէ՛ ապահովական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով խմորումները սառելու միտումներ ցոյց չեն տար: Էրտողանի սուլթանացման վարքագիծը անպայման կը բախի ճակատագրորոշ խոչընդոտներու: Ներթրքական հարթութեան վրայ արտաքին միջամտութիւններուն եւ ներշնչումներուն Անգարան պատասխանեց պատանդի կարգավիճակի համազօրութեամբ իր մօտ պահած գաղթականներուն առաջին զանգուածային խմբաքանակը Եւրոպա ուղարկելով եւ մարդասիրական համաեւրոպական ճգնաժամ ստեղծելով: Մինչ, ազգայնական ծայրայեղականութեան եւ ձախակողմեան քաղաքացիութեան միջեւ երկակի խաղ բեմագրելով Էրտողանը թէ՛ սարսափի մթնոլորտ ստեղծեց ազգային փոքրամասնական շրջանակներու եւ քաղաքացիական շարժումներու մօտ եւ թէ՛ ծայրայեղ ազգայնականները զսպելու դեր ստանձնեց: Բոլորը ազդեցին ընտրական արդիւնքներուն վրայ: Նահանջը` ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պարագաներուն, աւելի քան պարզ է:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը նոյն օրը կայացան նաեւ Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այստեղ ո՛չ սահմանադրութիւն փոխելու հարց կայ, ո՛չ ալ ժողովրդավար կարգեր նոյնիսկ երեւութապէս ցուցադրելու: Եղածը ընտրական ձեռնարկ մըն է ալիեւեան վարչակարգի վերարտադրութեան արարողութիւնը կազմակերպելու:

Դէպի միանձնեայ հանրապետութիւն ուղղուող Թուրքիոյ եւ բռնատիրական Ազրպէյճանի հարեւանութեամբ Երեւանը կ՛ընթանայ դէպի յաւելեալ ժողովրդավարութիւն, դէպի օրէնսդիր-գործադիր-դատական իրար հակակշռման դրութիւն, դէպի խորհրդարանական համակարգ: Այստեղ ահա, դէտերուն, Եւրոպական Միութեան արեւելեան գործընկերներուն թէ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին համար երկակի չափանիշներ կամ համահաւասարեցման խաղեր կիրարկելու տեղ չկայ:

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail