«Եթէ Ուաշինկթըն «Էֆ-35»-ները Չյանձնէ Եւ Պատժամիջոցներ Հաստատէ, Պիտի Դիմենք Միջազգային Դատարան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

28 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ «Էս-400» համակարգերու գնման հարցը պիտի լուծենք մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշինքին ու գործընկերութեան ծիրին մէջ»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպումս արտակարգ պիտի ըլլայ` մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ լճացումը վերցնելու եւ մեր գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով», ըսաւ ան:

«Եթէ Ուաշինկթըն մերժէ Թուրքիոյ յանձնել «Էֆ-35» հալածիչները, որոնց գինին մէկ մասը վճարած ենք, եւ պատժամիջոցներ հաստատէ, ապա հարցը պիտի փոխանցենք միջազգային դատարանին», նշեց Թուրքիոյ նախագահը:

Միւս կողմէ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պարագային Թուրքիան նաեւ բացասական տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովէն ետք հանդիպում տեղի ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ Փենթակոնի ղեկավարի պաշտօնակատար Մարք Էսփըրի միջեւ: Կը հաղորդուի, որ Էսփըր նախազգուշացուցած է Թուրքիան, որ «Էս-400»-ներու գնման պարագային Թուրքիան տնտեսական վնասներ պիտի կրէ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրուցած անանուն ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին նշած է, որ «Փենթակոն անգամ մը եւս հաստատած է, որ անկարելի է միաժամանակ ձեռք բերել թէ՛ «Էֆ-35», թէ՛ «Էս-400»: Եթէ «Էս-400»-ները ստանձնեն, միայն «Էֆ-35»-ներու ծրագիրէն չէ, որ դուրս պիտի մղուին, այլ նաեւ տնտեսական հետեւանքներ պիտի կրեն»:

«Թուրքիան «Էֆ-35»-ներ Պիտի Չստանայ, Եթէ «Էս-400»-ներ Ձեռք Բերէ» Կ՛ըսէ Հոֆմըն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճոնաթան Հոֆմըն յայտարարած է, թէ Թուրքիան ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներ պիտի չստանայ, եթէ ձեռք բերէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը:

Հոֆմընի համաձայն, Թուրքիոյ կողմէ «Էս-400» համակարգերու գնումը համատեղելի չէ «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին հետ:

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր այս մասին յայտնած է թրքական կողմին:

Ամերիկեան կողմը յայտարարած է, որ կը դադրեցնէ «Էֆ-35» հալածիչներու կառավարման համար թուրք օդաչուներու վերապատրաստումը, այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ հրաժարած ռուսական համակարգերու ձեռքբերումէն:

Նշենք, որ «Էս-400» համակարգերու Թուրքիոյ մատակարարումը պիտի սկսի յուլիսին եւ կը նախատեսուի զայն իր աւարտին հասցնել մինչեւ տարեվերջ:

aztagdaily.com/archives/443397

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail