28 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Սինանեան՝ Հայրենադարձը
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Փաշինեան շատ դիպուկ նշանակում մը կատարեց յանձին Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի, իբրեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար, որ լքելով ամերիկեան իր հանգստաւէտ կեանքը, բարձրաստիճան պաշտօնները, իշխանութիւնը, անոնց առնչուած փառքն ու պատիւը, ընկերային ապահովութեան առաւելութիւնները, ընդունեց վերադառնալ Հայաստան՝ ծառայելու նոր Հայաստանին:
Անկախ պարոն Սինանեանի հայրենասիրական անձնական նախաձեռնութենէն, վարչապետ Փաշինեանի ընտրութիւնը կը պարունակէ քաղաքական թիրախաւորուած պատգամ, ուղղուած սփիւռքահայութեան ուսեալ, բարձր մասնագիտութեան տէր անձանց՝ վերադառնալու Հայաստան, մասնակցելու երկրին վերակառուցման, ոչ միայն նիւթական ներդրումով, այլեւ՝ անձնապէս, մարմինով եւ հո-գիով, երկրին տիրութիւն ընելու համար:
Սփիւռքի նախարարութեան վերացման յարուցած քննադատութիւնները, որքան որ իրաւացի էին, անոր հայեցակարգը կը մնար նախկին վարչակարգի ձեւաւորած համակարգի սահմաններուն մէջ: Որքան ալ նախարար կը պաշտօնը աւելի բարձր համարուի գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնէն, նախարարը մը մնայ կառչած Հայաստանի կառավարութեան կազմին, մինչ յանձնակատարը ունի շարժողունակութեան աւելի լայն կարելիութիւններ, վարչապետի հովանիին ներքոյ՝ զանազան նախարարութիւններու աշխատանքը համակարգելու իրաւասութիւն: Մանաւանդ՝ յանձնակատարութիւնը թոյլ կու տայ պաշտօնի կոչելու սփիւռքահայ անձնաւորութիւններ, որոնք Սփիւռքի իրականութիւնները աւելի մօտէն կը ճանչնան եւ կրնան աւելի ազատ, վարչական ու դիւանագիտական ձեւակերպութիւններէ նուազ կախեալ պայմաններու մէջ, շրջագայիլ Սփիւռքի չորս ծագերը, ուղղակի շփումներ հաստատելու համար զանազան համայնքներու հետ:
Սփիւռքը, ըլլալով բազմաշերտ, բազմատեսակ՝ բնականաբար յանձնակատարի ընտրութիւնը տեղի կու տայ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու, քննադատութիւններու, դժգոհութիւններու, թէ՛ Սփիւռքահայութեան պարագային, թէ ալ հաւանաբար օտար երկիրներու արտաքին գործերը կառավարող գերատեսչութիւններու կողմէ: Քաղաքապետական փորձառութիւնը մեծ առաւելութիւն մըն է քաղաքական զանազան հոսանքի ղեկավարներու հետ գործակցիլ կարենալու, ինչպէս նաեւ հասարակութեան խաւերու հետ հաղորդակցելու տեսանկիւնէն: Յանձնակատար Սինանեան հայաստանածին ըլլալով՝ ունի նաեւ հայաստանեան անցեալ եւ պատմութիւն, ինչ որ կը դիւրացնէ նաեւ տեղւոյն վարչակազմին հետ շփումները:
Յեղափոխական Փաշինեանի եւ վարչապետ Փաշինեանի համար հայրենադարձութիւնը կը մնայ գերնպատակ՝ պետութիւնը վերակառուցելու ճամբուն վրայ: Հայրենադարձութիւնը պիտի ըլլայ անոր յաջողութեան գլխաւոր երաշխիքը եւ ապացոյցը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ իբրեւ Սփիւռքէն հայրենադարձ դրական մեծ անակնկալ մըն էր, թերեւս Սերժ Սարգսեանի մեծագոյն պարգեւը Հայաստանին: Զարեհ Սինանեան կը հանդիսանայ երկրորդ բարձրաստիճան հրաւիրեալը, որմէ ակնկալիքները շատ-շատ մեծ են, ըլլա՛յ հայաստանեան կողմէն, ըլլայ՝ սփիւռքահայութեան:
asbarez.com/arm/349355/Սինանեան՝-Հայրենադարձը/