Նոր Է՞ջ, Նոր Աւի՞շ…Թէ՞ – Ան որ կը կորսնցնէ Պոլիսը, կը կորսնցնէ Թուրքիան

28 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

«Ան որ կը կորսնցնէ Պոլիսը, կը կորսնցնէ Թուրքիան»

Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան

Շարունակելով նոյնինքն Թուրքիոյ նախագահին հաստատումը, տեղին է հարցադրել, թէ որքա՜ն ծանր պէտք է ըլլայ այդ կորուստը, երբ երկու անգամ կը պատահի եւ այդ ալ՝ հազիւ քանի մը ամսուան տարբերութեամբ: Իսկ երբ երկրորդ պարտութիւնը, համեմատած առաջինին, քուէներու շատ աւելի բարձր տարբերութեամբ տեղի ունեցած է, այդ պարագային Էրտողանի վերոյիշեալ կարճ հաստատումը գործնական դարձած է, արդէն խոր արմատներ նետելով։

Ո՛չ արդարութեան եւ ո՛չ ալ բարգաւաճման ձեռք երկարելով եւ նեցուկ կանգնելով, Կիրակի, Յունիս 23-ին, Պոլսոյ բնակչութեան 54 առ հարիւրը պարտութեան մատնեց «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնն (AKP) ու անոր թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմը, որ քուէներուն հազիւ 45 առ հարիւրը ստացաւ:

Էրտողանի մօտիկ գործակիցներէն եւ ընտրարշաւին մասնակցողներէն շատեր, մօտենալով Սուլթանին, փսփսացին, թէ «սխալ գործեցինք: Երանի Մարտ 31-ի արդիւնքը վաւերացուած նկատէինք, քան թէ նմանօրինակ լայն պարտութիւն»:

Գործի լծելով բոլոր լծակները, Էրտողանի ընտրական մեքենան չկրցաւ մոգական գաւազանով մը շրջել կացութիւնը:

Դիմացի կողմը հետզհետէ սկսած էր համախմբուիլ եւ կազմել շատ աւելի զօրաւոր եւ ազդեցիկ գործօն մը: Ասոր ցայտուն օրինակը եղաւ, երբ քուէարկութիւնը վերստին կատարելու որոշումը հազիւ առնուած էր, Թուրքիոյ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան թեկնածու Մուամէր Այտընի իր թեկնածութիւնը յետս կոչելը, քայլ մը, որ ուղղակիօրէն նպաստած էր Իմամօղլուի։ Այսպէս, փոքրամասնութիւններն ու մանաւանդ քրտական գործօնը իրենց դրական դերը խաղացին ի նպաստ ընդդիմադիր «Ժողովուրդի Հանրապետական» կուսակցութեան (CHP) թեկնածուին:

Արդարեւ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ընտրութեան վերջին օրերուն յայտարարած էր ընդդիմադիր Էքրեմ Իմամօղլուին սատարելու մասին: Սոյն կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան արդի առցանցային միջոցներով կոչ ուղղած էր ուղղուելու քուէտուփ եւ քուէարկելու Իմամօղլուին, հաստատելով, թէ «Եկէ՛ք քուէներու տարբերութիւնը հասցնենք ամէնէն քիչը մէկ միլիոնի»:

Նոյնանման յայտարարութիւններ ունեցաւ Իմամօղլուի կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի նախկին երեսփոխան՝ Սելինա Տողանը, որ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի աւագանիի անդամ է եւ այդ գծով բաւական պայքար մղած է շրջանի բնակիչները հրահրելու, որպէսզի ուղղուին քուէարկութեան կեդրոններ:

Պոլսեցիին համար, Մարտ Մարտ 31-ին ծիլ առած եւ Յունիս 23-ին ծաղկած յեղաշրջումը մեծ յոյսերու դուռ բացած է, իսկ պոլսահայը ի՞նչ կ՛ակնկալէ այս իրադարձութենէն:

Արձանագրած յաղթանակէն ժամեր ետք, Իմամօղլու յայտարարեց, թէ պէտք է յարգանքով վերաբերիլ հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, շեշտելով, թէ Պոլսոյ բոլոր բնակիչները, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, պէտք է հաւասար իրաւունքներ ունենան:

Այս բոլորին լոյսին տակ, նոր է՞ջ, նոր աւի՞շ…թէ՞ պարզապէս հայորդիին համար չարեաց փոքրագոյնն է որ ձեռք առած է Պոլսոյ բանալին:

yerakouyn.com/2019/06/28/նոր-է՞ջ-նոր-աւի՞շթէ՞/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail