04 նոյեմբեր 2015
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Թեհրանէն յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուան գոյութիւն չունի` նշելով, որ «ատիկա գոյութիւն ունի միայն մտքին մէջ անոնց, որոնք իրողական գետնի վրայ չեն ապրիր»:
Մըքտատ յայտնեց. «Մենք կը խօսինք Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան, ընդլայնուած կառավարութեան ու սահմանադրական հոլովոյթի մասին եւ բացարձակապէս չենք խօսիր այսպէս կոչուած փոխանցման հանգրուանի մը մասին»:
http://www.aztagdaily.com/