ՈՂՋՈ՛ՅՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական

ՈՂՋՈ՛ՅՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Ոեւէ ազգի թէ երկրի երիտասարդութիւնը անոր ապագայի յո՛յսն ու լո՛յսն է. ան է որ կը պայմանաւորէ անոր գալիքը՝ իր գիտակցութեան մակարդակով, կրթութեան որակով, պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան չափով, քաղաքացիական իրաւունքի եւ պարտաւորութեան գիտակցութեամբ, մարդկային-ազգային-բարոյական արժէքներով եւ այլ տուեալներով: Այս օրերուն, մենք հպարտ ականատեսը եղանք ազգովին հայրենի երիտասարդութեան գիտակցութեան բարձր որակին, անոր անկոտրում ոգիին, կորովին, քաղաքացիական իրաւապահանջութեան յանձնառութեան, ինչ որ մեզ կը յուսադրէ հայոց հայրենիքի պայծառ ապագային եւ հայութեան լինելութեան ուղղութեամբ:

Վերջերս, ելեկտրական սակի բարձրացումը դարձաւ ա՛յն վերջին կաթիլը՝ հայրենի կեղեքուած եւ կեղեքուուղ հասարակութեան համբերութեան բաժակին, որ իր երիտասարդութեամբ ոտքի ելաւ՝ սրբազան ըմբոստութեամբ մը, ընդվզելու համար անխնայ կատարուող հարստահարութեանց այս հերթական երեւոյթին դէմ: Այն հարստահարութեանց՝ որոնք յատկանշական են վայրագ դրամատիրութեան անարդար համակարգով ապրող երկիրներու, որոնց մէջ է նաեւ մեր երկիրը՝ յետ-անկախացման իր աւելի քան քսանամեայ կեանքին տեւողութեան: Արդարեւ, այս համակարգին մէջ, միշտ ալ դրամատէրն է չարաշահողն ու վաշխառուն՝ ներքին թէ արտաքին, իսկ շարքային քաղաքացին՝ տեւաբար տուժողն ու տակաւ աղքատութեան եզրին հասնողը, ինչ որ տուն տուած է արտագաղթի արիւնահոսութեան, Հայաստանի հայաթափման, տեսակ մը երկրորդ անարիւն ցեղասպանութեան….

«Ո՛չ թալանին» եւ «Մե՛նք ենք տէրը մեր երկրին» պերճախօս եւ խորիմաստ կարգախօսներով հրապարակ իջան հայրենի երիտասարդներու ներկայացուցիչները, ողողելով Բաղրամեան պողոտան՝ տասնեակ հազարներով, տիւ եւ գիշեր, արհամարհելով ցուրտն ու անձրեւը, տօթն ու ոստիկանական բռնութիւնները:

Պահանջատէր այս սերունդը, անկախ շարժումին ընթացքէն, որ կրնայ առժամապէս յօդս ցնդիլ, յոյս ու լոյս կը ներշնչէ մեզի՝ համակ հայութեան, քանզի ան կը պահանջէ իշխանութիւններէն եւ պատկան անձերէն ու կառոյցներէն, վերջ տալ կողոպուտին, թալանին, որպէսզի ա՛լ հաստատուի արդարութիւնը, որ հիմքերու հիմքն է ամէն երկրի, ամէն պետութեան, ամէն տեսակ մարդկային առողջ եւ կայուն փոխյարաբերութեանց….

Իրաւատէր այս սերունդը արդարօրէն բարձրաձայնեց որ ի՛նքն է տէրը իր երկրին, եւ ո՛չ մէկ ոյժ՝ ներքին թէ արտաքին, թող յաւակնութիւնը ունենայ իր կամքն ու կամայականութիւնները պարտադրելու հայրենի հասարակութեան, քաղաքացիին, ժողովուրդին…..

Սերունդ մը՝ այս, որ լաւ սերտած է իշխանութեանց կիրառած՝ հասարակական ամէն արդար ընդվզում ճնշելու, ահաբեկելու, կոխկռտելու մեքենայութիւնները, գիտէ թէ ի՛նչ սադրանքներ կրնան գործել ներքին թէ արտաքին ուժերը, իր բուն նպատակէն շեղելու այս արդար, համաժողովրդական շարժումը….

Սերունդ մը՝ գիտակից եւ լայնահորիզոն, որ լաւ սերտած է «Մէյտան»ի խաղերը, արաբական գարնան ետին թաքնուած ուժերու լարած թակարդը…

Սերունդ մը՝ որ իր հայրենանուէր ծառայութեան ապացոյցը տուած է իր զինուորական ծառայութեամբը՝ հայկական բանակէն ներս եւ այլապէս ալ….
Սերունդ՝ որ օժտուած է մասնագիտական կրթութեամբ, նեղ օրերու տաք ու պաղ փորձառութեամբ, մնալով սակայն բարեկիրթ եւ ազնիւ….
Սերունդ՝ վերջապէս, որ պատրաստ է պայքարելու յանուն վաղուան արդար, ազատ եւ արժանապատիւ Հայաստանի, տիրոջ գիտակցութեամբ, տիրոջ պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Իսկ տան մը հարազատ եւ ճշմարիտ տէրը երբե՛ք չի թողուր որ իր տունը թալանուի, կողոպտուի, աւերուի, ասպատակուի ներքին թէ արտաքին թշնամիներու ձեռամբ:

Հայրենի երիտասարդութեան արդարակորով այս կեցուածքը պարտաւորեցնող է բոլորին համար ալ: Իշխանութեանց եւ անոնց հետ սերտաճած օլիգարխներուն յղուած յստակ ուղերձ է ան, առաջին հերթին, որ ա՛լ ժամը հնչած է արմատական, համակարգային բարեփոխութեանց, որ ա՛լ կարելի չէ այսպէս շարունակել ալան-թալանի, հարստահարութեանց վարքագիծը: Ուղերձ՝ իշխանական բուրգին, որ քայլ առ քայլ, աստիճանաբար, ան կրնայ գործ ունենալ տակաւ քաղաքականացուող, փորձառութեամբ աճող եւ զօրացող զանգուածներու արդարապահանջ պայքարին հետ: Ուղերձ է նաեւ հայրենի հասարակութեան, որ կաշառողին դիմաց կայ կաշառուողը, կողոպտողին դիմաց կայ կողոպտուողը, անարդարողին դիմաց կայ անարդարուողը…: Հետեւաբար, ժամանակն է վերջ տալու յարմարողական եւ համակերպողական կրաւորական վարքագիծին: Ուղերձ՝ հետեւաբար, հայրենի ժողովուրդին, արթննալու իր թմբիրէն, վերականգնելու իր հաւատքը սեփական հաւաքական կարողութեան, սեփական ուժերուն նկատմամբ, իրաւապահանջ, արդարապահանջ պատասխանատուութեամբ: Ուղերձ է վերջապէս օտար ուժերուն ալ, որ՝ «Մենք ենք տէրը մեր երկրի», եւ կարելի չէ մեզ ստրկացնել, մեզ գնել երեսուն խեղճ արծաթով….

Երիտասարդութիւնը իրաւամբ կը պայմանաւորէ ազգի թէ երկրի գալիքը….Մենք կը յուսադրուինք որ դեռ կանգուն է ոգին Հայկեան, անշէջ կը մնայ մեր հերոսներու, ազատամարտիկներու ոգին…, 88-ի ոգին Ղարաբաղեան, որ կը թուէր մարած ըլլալ ընդմիշտ…. Քաղաքացիական այս արթնցած ներուժը, եթէ ճիշդ հունաւորուի եւ հեռու մնայ արտաքին միջամտութիւններու վտանգաւոր թակարդէն, որ միշտ ալ առկայ է, շատ բան կրնայ արմատապէս բարեփոխել մեր երկրին մէջ, անոր կառավարման համակարգին մէջ ի մասնաւորի, նոյնիսկ եթէ ըմբոստութեան ալիքը պահ մը նահանջէ, եթէ նոյնիսկ թուի ան յօդս ցնդած ըլլալ, քանզի արդար ընդվզումի կրակը կրնայ անթեղուիլ միայն, ան չի մարիր երբե՛ք…
Վստահաբար, սա ազգային-պետական գիտակցութեան եւ ոգիի զարթօնքի մը ցուցանիշն է, անոր աւետաբերը:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
http://www.azadkhosk.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail