Արցախի Հարցը Ֆրանսահայութեան Եւ Մաքրոնի Միջեւ Խզումի Հիմնական Պատճառը Կրնայ Դառնալ. Մուրատ Փափազեան

02 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ֆրանս-Արմէնի»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ կնքուած բարեկամութեան համաձայնագիրները ֆրանսական դատարանին կողմէ չեղարկելու որոշումին վերաբերող հարցումի մը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան ըսաւ. «Վստահաբար կը յիշէք, որ 5 Փետրուարին, նախագահ Մաքրոնի ներկայութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՖԿՀԽի տարեկան ընթրիքին ընթացքին, իմ խօսքին մէջ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցի բոլոր քաղաքապետներուն, որոնք Արցախի հետ ստորագրած են բարեկամութեան պայմանագիր եւ կոչ ուղղեցի նախագահին՝ ի նպաստ դիրքորոշուելու ապակեդրոն համագործակցութեան այս քայլերուն: Սակայն, հանրապետութեան նախագահը արդէն յստակօրէն դէմ արտայայտուած էր բարեկամութեան այս նախաձեռնութիւններուն. կէտ մը, որուն կարծրօրէն կ՛ընդդիմանանք: Այս իմաստով, ուրեմն, ան մեզի չդաւաճանեց, որովհետեւ ոչինչ խոստացած էր, ընդհակառակը: Այսուհանդերձ, երբեք մեր միտքէն իսկ չէինք անցըներ, որ պետութիւնը դատական համակարգի միջոցին կը դիմէ կասեցնելու քաղաքապետներուն առած ազնուական քայլը: Հետեւաբար, հանրապետութեան նախագահին հետ այժմ ունինք քաղաքական աննախընթաց հարց»:

Ըստ Մ. Փափազեանի՝ երկու շաբաթէ ի վեր կացութիւնը տխուր է. մէկ կողմէ կը լսուին ձայները դառնացած եւ ընդվզած քաղաքապետներուն, որոնք իրենց կամքը արտայայտած են ի նպաստ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան, որոնք կը բաժնեն ժողովրդավարական նոյն արժէքները, եւ միւս կողմէ՝ պետութեան, որ տեղի կու տայ Ատրպէյճանի կամայականութեան դիմաց։

«Յամենայնդէպս, շատ առարկայական կերպով պիտի վերլուծեմ կացութիւնը եւ ըսեմ հետեւեալը. Էմանուէլ Մաքրոն երկու թղթածրարի գծով յանձնառութիւն առած է.

  1. Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը՝ 24 Ապրիլը Ֆրանսայի մէջ հռչակել ազգային օր, զոր գործադրեց շատ արագ, եւ անշուշտ, մեծապէս կը գնահատենք:
  2. Որդեգրել պատժական օրէնք մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման գծով: Այս իմաստով ցարդ կը սպասենք Էլիզէէն յստակ կեցուածք:

Սակայն Հայ Դատը ամբողջութիւն մըն է, որ չի հատուիր: Այսինքն, չենք կրնար ի նպաստ գործել Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարին, բայց միւս կողմէ սպասարկել Ատրպէյճանին, որուն նպատակն է բնաջնջել Արցախի հայութիւնը: Ուրեմն, այստեղ հարցականներ կը ստեղծուին անկեղծութեան իմաստով:

Վերջապէս, յայտնեմ, որ այս ընթացքով, Արցախի հարցը ֆրանսահայութեան եւ Մաքրոնի միջեւ խզումի հիմնական պատճառը կրնայ դառնալ, սակայն տակաւին կայ առիթ համախոհութեան յանգելու, եւ յառաջիկայ ամիսները վճռական պիտի ըլլան այս գծով: Պէտք է յստակ դիրքորոշում ունենալ, որովհետեւ «միաժամանակ»ը ընդունելի չէ այլեւ։ «Միաժամանակ»՝ ի նպաստ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ «միաժամանակ» այսպէս կոչուած Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան։

«Ի վերջոյ, մենք մինչ այդ անդադար պիտի յիշեցնենք հանրապետութեան նախագահին, որ որքան հիմնարար արժէքներ են մեզի համար Արցախի հայութեան անկախութիւնը եւ ֆրանսական դիւանագիտութեան անկախութիւնը՝ ատրպէյճանական բռնապետութեան դիմաց», հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը։

asbarez.com/arm/349538/Արցախի-Հարցը-Ֆրանսահայութեան-Եւ-Մաքր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail