02 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովի բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 100 մամուլի մշակներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։
«Տէրունական Աղօթք»ին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ու «Կիլիկիա» քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որմէ ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ընթերցեց Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը։ Ապա, Տիկին Աննա Յակոբեան, համաժողովին պատուոյ հիւրը, ներկաներուն փոխանցեց իր խօսքը։
hayernaysor.am/cl/archives/314652?