02 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ:
Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց երէկ` չորեքշաբթի, 3 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Համագումարի Ե. նիստին հիմնական նիւթն էր «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը», իսկ ատենապետն էր Արա Պուլուզեան, որ դիտել տուաւ, թէ տեղեկատուութիւնը զէնք է նաեւ, ուստի կարելի է օգտագործել զայն քաղաքական, ազգային եւ տարբեր նպատակներով եւս` միշտ յարգելով կարմիր գիծերը, որոնց շրջանցումը նոր վտանգներու դէմ յանդիման կրնայ դնել մեզ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ բաց համակարգ է, ամէն մարդ կրնայ տեղեկատուական դաշտ ստեղծել, անկախ որակէն, ուստի հաւաստիութիւնը կը պակսի, եւ հարցականները կ՛աւելնան: Այս առումով ան կարեւոր նկատեց լրատուամիջոցներուն դերը` ուղղորդելու եւ ճիշդը ներկայացնելու առումով:
Առաջին զեկուցաբերը` Նորեկ Գասպարեան, ներկայացուց «Սեփական ստորագրութեան հաւաստիութիւնը» նիւթը: Ան դիտել տուաւ, որ լրագրողները յաճախ սովորութեան վերածած են թշնամիները փնտռել ներքին ճակատի վրայ` բոլորն ալ պատրաստ ըլլալով ղեկավարի դեր ստանձնելու, ինչ որ կրնայ վնասակար ըլլալ ընդհանուր շահերուն: Գասպարեան շեշտը դրաւ քառօրեայ պատերազմին ընթացքին լրագրութեան ասպարէզին մէջ գործողներուն զգօնութեան, միասնականութեան եւ շինիչ դերակատարութեան վրայ` հաստատելով, որ անոնք փաստեցին, թէ խօսքը զէնքի ուժգնութիւն ունի, ուստի պէտք է լաւապէս տիրապետել անոր, գիտակցիլ, որ այլապէս անիկա կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ: Զեկուցաբերին համաձայն, դասական լրագրութիւնը անիմաստ էր այդ օրերուն, որովհետեւ կարեւոր էր գետնի վրայ լրագրող ըլլալը, ժողովուրդին, զինուորին, նահատակներու պարագաներուն կողքին ըլլալն ու անոնց ոգի, հաւատք ու ներշնչում փոխանցելը:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Արտակ Ալեքսանեան, որ անդրադարձաւ «Տեղեկատուութեան անվտանգութիւններու լրատուութեան հաւաստիութիւնը հեռարձակուող մամուլին մէջ» նիւթին` դիտել տալով, թէ պատկերասփռուող լրատուամիջոցներուն պարագան ամբողջովին տարբեր է տպագիր կամ գրաւոր մամուլէն, որովհետեւ հոն օրէնքները, գործելաոճը, պայմաններն ու կարելիութիւնները այլ են: Ըստ անոր, հեռարձակուող մամուլին մէջ կասկածելի, ոչ ստուգուած լուրերը տեղ չունին, որովհետեւ նման քայլ մը ներքին ճակատի վրայ կրնայ անտեղի ցնցում յառաջացնել, արտաքին ճակատի վրայ տարածել ոչ հաւաստի լուրեր, ինչպէս նաեւ ծառայել թշնամիին, որ կրնայ իր փափաքներուն համաձայն օգտագործել սփռուածը: Ալեքսանեան շեշտեց, որ պէտք է միշտ գիտակցիլ, որ թշնամին կը դիտէ մեր կայանները, ուստի զգուշ պէտք է ըլլալ, օրինակ` Արցախի ներքաղաքական խնդիրները մեծապէս լուսարձակի տակ չբերել, որովհետեւ անիկա լաւապէս կը ծառայէ Ազրպէյճանին: Առ այդ, ան հրամայական նկատեց խելամիտ, արհեստավարժ եւ պատասխանատու մամուլ ըլլալը: Լրատուական դաշտին հիմնական դժուարութիւններէն նկատեց մարդուժի պատրաստութիւնը:
Արա Գոչունեան յաջորդ զեկուցաբերն էր, որ ներկայացուց «Հայ մամուլը իբրեւ աշխարհատարած ցանց» նիւթը` շեշտելով, թէ այսօր, աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալով, իւրաքանչիւրը ունի իր աշխատելադաշտը, սակայն անհրաժեշտ նկատեց տարբեր որակի ու մակարդակի ցանցի ստեղծման աշխատանքի լծուիլ: Այս ծիրին մէջ ալ ան դիտել տուաւ, թէ լրագրողներու համախմբումները պէտք է որակական փոփոխութեան ենթարկել, տեսականէն փոխադրուիլ գործնական դաշտ, յառաջացնել միաւորում մը, որ մասնագիտական օրակարգ ու առաջադրանք պիտի ունենայ: Գոչունեան ըսաւ, թէ միասնաբար պէտք է գործենք մարդուժի պատրաստութեան, գովազդներու ապահովման, լեզուի պահպանման ուղղութեամբ` արեւմտահայերէնի ճակատագիրին տէրը միայն սփիւռքը չնկատելով, ինչպէս նաեւ ձեռնարկելու պտոյտներ` Հայաստան-սփիւռք եւ սփիւռք-սփիւռք ճանաչողութեան նպատակով: Արա Գոչունեան շեշտեց, որ հայաստանեան լրատուամիջոցները պէտք է նախանձախնդիր ըլլան սփիւռքահայութեան վերաբերող զգայուն նիւթերու լուսաբանման ընթացքին` միշտ հիմնուելով հաւաստի աղբիւրներու վրայ, որպէսզի լարուած վիճակները չհրահրեն աւելիով, աղաւաղուած տեղեկութիւն չտարածեն:
Ե. նիստի վերջին զեկուցաբերը` Թաթուլ Յակոբեան, անդրադարձաւ «Արցախին մէջ հող յանձնելու թեման հայկական լրատուամիջոցներու մէջ» նիւթին, որ, ըստ անոր, յաճախ օգտագործուած է անհարկի ատելութիւն սերմանելու այս կամ այն ղեկավարին դէմ, զայն քննադատելու եւ անոր դէմ անվստահութիւն ստեղծելու: Ան շեշտեց, որ Արցախի հողային զիջումներուն վերաբերող լուրերուն մէջ կան իրականն ու ոչ իրականը. իրականութիւն է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչուող բանակցութիւններուն ընթացքին (տարբեր տարիներուն) քննարկումի նիւթ եղած են 6,5-7 շրջաններու յանձնման պարագան, սակայն այս բոլորին մեկնաբանման ձեւերն ու լուրի փոխանցման ոճերը կը տարբերին` իւրաքանչիւր թերթի որդեգրած քաղաքականութենէն մեկնած: Թաթուլ Յակոբեան դիտել տուաւ, որ այս մթնոլորտը ներհայկական տիրոյթին մէջ բանավէճի եւ կառուցողական բանավէճի առիթ չի ձգեր, իսկ «հող ծախելու» մեղադրանքով տարբեր ղեկավարներ պատասխանատու նկատելը անպայման իր անդրադարձը կ՛ունենայ անոնց վրայ:
Կարճ դադարէ ետք ժողովը սկսաւ իր Զ. նիստին` «Համահայկական խնդիրներ եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորում» նիւթով եւ Սեւակ Յակոբեանի ատենապետութեամբ: Ան խօսեցաւ արտաքին եւ ներքին ճակատի վրայ հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան մասին` շեշտելով, որ մանրամասնութիւններով զբաղելու եւ անոնցմով տարուելու փոխարէն, պէտք է թափանցել խորքային հարցերուն էութեան մէջ եւ ըստ այնմ աշխատանքի լծուիլ` միասնաբար, համակարգուած կերպով:
Աննա Կարապետեան լուսարձակի տակ առաւ «Համացանցային կայքէջեր եւ մամուլի խնդիրներ»-ը` յայտնելով, որ լրատուական միջոցներու տեղեկատուութիւնը ունի երեք բաժին` հայերէնով լուրեր, օտար լեզուով լուրեր, որոնք կ՛ընթերցուին հայերէն չգիտցող հայերուն կողմէ, նաեւ օտար լեզուով հայկական լուրեր, որոնց թիրախը օտար հանրային կարծիքն է: Ան յատկապէս անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ թշնամին մեզի դէմ կազմակերպուած եւ հետեւողական աշխատանք կը տանի լրատուական դաշտերուն մէջ, ուստի մենք ալ կոչուած ենք մշակուած լրատուական ցանց ունենալու, ստեղծելու համակարգող-վերլուծական կեդրոն, որ պիտի ճշդէ հայկական ազգային լրատուական քաղաքականութիւնը: Ըստ Կարապետեանի, այս կառոյցը նաեւ պարտականութիւն պիտի ունենայ ներքին մակարդակէն արտաքին, միջազգային բեմահարթակ բարձրացնելու մեր խնդիրները: Աւարտին ան նշեց, որ հայկական լրատուամիջոցներուն աշխատանքը շատ աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ տարակարծութիւններու խորացման փոխարէն հարցերը միասնաբար լուծելու նախաձեռնեն անոնք:
Յաջորդ զեկուցաբերը` Արտաշէս Շահպազեան, խօսեցաւ «Միասնական հայ մամուլը համահայկական խնդիրների հետապնդման ճակատում» նիւթին մասին: Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան փարոսը պէտք է իր դերը ունենայ նաեւ հայկական լրատուադաշտին մէջ` նշելով, թէ ատիկա կարելի է, իսկ փաստը` Սուրիոյ պատերազմական վիճակին մէջ գտնուող հայութեան ապրած վիճակին, Քեսապի գրաւումին արձագանգելու ատեն որդեգրուած համահայկական ուղեգիծն էր, որ իր շինիչ դերակատարութիւնը ունեցաւ նաեւ արտաքին աշխարհին վրայ ազդելու առումով: Ա. Շահպազեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ հայ մամուլը համազգային խօսափող է, ուստի պէտք է լաւապէս ու ճիշդ ձեւով գործէ, հասնի միջազգային հարթակներու, կարծիք ձեւաւորէ, միանայ համազգային հարցերու շուրջ, հանդիսանայ համահայկական ճակատ: Զեկուցաբերը ըսաւ, թէ պէտք է արժեւորել ներուժը, ինքնակամ վար չդնել այն զէնքը, առանց որուն կը դադրինք մեր առաքելութիւնը կատարելու կարողութենէն:
Այս նիստին վերջին զեկուցաբերը` Ռոպեր Աթթարեան, լուսարձակի տակ առաւ «Հանրային կարծիքի ձեւաւորումը եկեղեցական միջավայրին մէջ. փորձեր եւ ձեռքբերումներ» նիւթը եւ ներկայացուց Իտալիոյ մէջ իրենց կողմէ կատարուած ու յաջողած նախաձեռնութիւնը, որ կը միտէր եկեղեցւոյ ճամբով հասնիլ հանրային կարծիքին: Ըստ անոր, հայութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իտալացիները իրազեկ դարձնելու առաջադրանքով դիմում կատարուած է իտալական հոգեւոր կառոյցներուն` խնդրելով, որ 24 ապրիլի մօտիկ կիրակի օրը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչուի, ինչ որ ո՛չ միայն լայն ընդառաջում գտաւ, այլ նաեւ այսօր պետական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող օրէնքներու որդեգրման հասաւ արդէն: Ասիկա դուռ բացաւ թերթերուն կողմէ այս մասին հարցազրոյցներ եւ լրատուութիւն պատրաստելու: Աթթարեան շեշտեց, որ նման նախաձեռնութիւն յաջողցնելու համար պէտք է լաւատեղեակ ըլլալ տուեալ միջավայրին եւ ատոր համաձայն քայլերու դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդունելի եւ ընկալելի դառնալ:
Ճաշի դադարէն ետք Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` իբրեւ նիւթ ունենալով «Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ. լեզու եւ մշակոյթ», իսկ ատենապետն էր Անի Եփրեմեան: Ան յայտնեց, որ հայ կեանքի հայելին է հայ մամուլը, մեր հաւաքական խիղճին ձայնը, նաեւ յուսատու փարոսը, որ պէտք է դէպի ապահով եւ առողջ ափ առաջնորդէ ժողովուրդը: Անոր համաձայն, թէեւ այսօր սունկի նման բուսած են բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք ոչ հաւաստի եւ անորակ լուրեր կը հաղորդեն, բայց եւ այնպէս պատասխանատու մամուլին դերը կը մնայ անփոխարինելի, որովհետեւ անոր համար այս աշխատանքը առաքելութիւն է, ոչ թէ գործարարութիւն: Առ այդ, Եփրեմեան դիտել տուաւ, որ, հակառակ բազում դժուարութիւններուն, ազգային նկարագիր կերտելու, լեզու եւ մշակոյթ պահպանելու մամուլի առաքելութեան ճամբուն վրայ նուիրեալները կը մնան կառչած իրենց գործին:
Առաջին զեկուցաբերն էր Հրաչ Սէփէթճեան, իսկ նիւթը` «Արեւմտահայերէնի խնդիրները եւ այսօրուան հայ մամուլը»: Ան դիտել տուաւ, որ արեւմտահայերէնին կենդանի մնալուն միջավայրերն են տունը, դպրոցը, եկեղեցին եւ մամուլը` նշելով, թէ այսօր որոշ նահանջ կայ ամէնուրեք, թէեւ տարածաշրջանի համաձայն անկումի այդ մակարդակը կը տարբերի: Նշելով, որ սփիւռքահայ մամուլին պարագան տարբեր է, որովհետեւ իր ոտքին տակ չունի հայրենի հողը եւ պետութիւն մը, Հ. Սէփէթճեան յայտնեց, որ լեզուն պէտք է հարստացնել, ուստի ան առաջարկեց ստեղծել համակարգող եւ մնայուն յանձնախումբ մը, որ այս առնչութեամբ աշխատանք տանի: Նաեւ նշեց, որ պէտք է նկատի ունենալ սերնդափոխութիւնը եւ ճիգ թափել նորօրեայ զարգացումներուն ու արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելով պահպանել արեւմտահայերէնը, զայն մատչելի դարձնել նոր սերունդներուն: Զեկուցաբերը անհրաժեշտ նկատեց Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մէկ գրելաձեւ որդեգրելու նպատակով ստեղծել մարմին մը` մասնագէտներէ կազմուած, որ պիտի սերտէ այս պարագան:
Յակոբ Պալեանի նիւթն էր «Հայ մամուլը (հայաբարբառ եւ օտարաբարբառ)` յանձնառու ինքնութեան պատուանդան»: Ան ըսաւ, որ ինքնութեան պահպանման համար գրաւոր եւ մնայուն մամուլը կարեւոր է` անդրադառնալով ընդհանրապէս մամուլին եւ լրագրողի կերպարին: Պալեան շեշտը դրաւ յատկապէս հայ մամուլին վրայ` շեշտելով, որ ան պէտք է պահպանէ առարկայականութիւնն ու բարոյական ըմբռնումը, մանաւանդ որ ունի ընկերային-քաղաքական կարեւոր դեր, կը հանդիսանայ ինքնութեան, մշակոյթի, լեզուի պահպանման կռուան, ուստի պէտք է հասնի իւրաքանչիւր ընտանիքի: Ըստ զեկուցաբերին, որդեգրելով մարդորսական քաղաքականութիւն, օտարաբարբառ դարձնելով հայ մամուլը, ինքնութեան կորուստի անցումային շրջան բացինք, ազգային լեզուէ եւ մշակոյթէ խորթացումը ընդունելի նկատեցինք` շեշտելով, որ օտարալեզու մամուլը պէտք է օտարին խօսելու ծառայէ: Պալեան ըսաւ, որ, ժամանակին հետ քայլ պահելով հանդերձ, հայկական մամուլը որակով եւ բովանդակութեամբ պէտք է ըլլայ այնպէս, որ ընթերցողը կարիք չզգայ օտար թերթի դիմելու: Աւարտին ան կատարեց առաջարկներ, որոնք կը միտին մամուլը իր բարձրութեան վրայ պահել:
Վարուժան արք. Հերկելեան ներկայացուց «Եկեղեցական մամուլը ի սպաս հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման» նիւթը: Ան դիտել տուաւ, որ առողջ ժողովուրդ կը նշանակէ առողջ ոգի, առողջ միտք, ինչպէս նաեւ առողջ վարք ու լեզու, որոնք կ՛ապահովեն առողջ գալիք ու ապագայ, իսկ հոգեւոր գրականութիւնը չի սահմանափակուիր Աստուածաշունչի եւ Աւետարանի դասերէ կամ սուրբերու կեանքէն օրինակներ քաղելով, այլ հոն կը թարգմանուի Աւետարանի ոգին, որ ուղղակի ու անուղղակի կերպով ենթահող կը հանդիսանայ հայ մարդակերտումին: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր մամուլ դպրոց մըն է, եւ մեծ եղաւ հոգեւոր մամուլին դերն ու պատասխանատուութիւնը մամուլի ճամբով ժողովուրդի հոգեկան աշխարհին կերտման մէջ: Սրբազանը անդրադարձաւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան «Սիոն» եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթերուն` իբրեւ եկեղեցական գլխաւոր հաստատութիւններու պաշտօնաթերթեր եւ մասամբ մըն ալ «Արծիւ» պաշտօնաթերթին, ու դիտել տուաւ, որ ճի՛շդ է, թէ անոնց նիւթերը զուտ կրօնական շահեկան քարոզներ ու աստուածաշնչական եւ այլ հոգեւոր գրական մեկնութիւններ են, բայց այս բոլորը աղերս ունին հայապահպանման հետ: Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց հարց տալով, թէ եթէ ուժը կը միաւորէ մեզ, ապա ո՛ւր է այդ միաւորումը, ու ըսաւ, որ դարձած ենք անհատական իշխանութիւններ ու իրարամերժ եսեր, որոնց պատճառով լեզուն անկում կ՛ապրի, եւ հոգեկան արժէքները կը լճանան:
Է. նիստի վերջին զեկուցաբերը` Աւետիս Փօշողլեան անդրադարձաւ «Մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը» նիւթին: Ան հաստատեց, որ մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը անքակտելի են` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով մամուլին դերակատարութիւնը մայրենիին եւ մշակութային արժէքներու պահպանման մէջ: Ապա անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այսօր մամուլի լեզուն երկընտրանքի առջեւ է` կա՛մ բարձրորակ լեզու, որ կրնայ մատչելի չըլլալ նոր սերունդին, կա՛մ անորակ, պարզունակ լեզու, որ ընդունելի կրնայ չըլլալ ընթերցողներու զանգուածին կողմէ: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ հզօր ուժ ունեցող լեզուն ըլլայ ճկուն, հայութիւնը իրարու կապելու ծառայէ եւ ոչ հեռացնելու, ինչպէս է իրականութիւնը այսօր հայրենի մամուլին, որուն լեզուն շատ հեռու է սփիւռքահայուն մատչելի ըլլալէ, որովհետեւ լի է օտարաբանութեամբ եւ խորթ բառերով: Ա. Փօշողլեան շեշտեց, որ մամուլը առաքելութիւն է լեզուին եւ մշակոյթին նկատմամբ:
Երկրորդ օրուան վերջին նիստին նիւթն էր «Հայ մամուլն ու բազմակարծութեան կարեւորութիւնը. խօսքի ազատութեան խնդիրներ», իսկ ատենապետը` Դաւիթ Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ իբրեւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդ, որ կ՛ապրի տարբեր երկիրներու մէջ, հայկական մամուլը եւս ունի տուեալ երկրին համապատասխան պայմանները, պահանջները, առաջադրանքները, պատասխանատուութիւնները: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ միշտ ալ մամուլի ազատութիւն գոյութիւն ունեցած է, մանաւանդ անոնց համար, որոնք ազատութիւն ունին իրենց էութեան մէջ եւ պարկեշտ են` աւելցնելով, որ պէտք է միշտ յարգել չափն ու սահմանը, խօսքի ուժին գիտակցիլ եւ զայն համապատասխան օգտագործել:
Առաջին զեկուցաբերն էր Արմինէ Օհանեան, իսկ նիւթը` «Խօսքի ազատութեան կայացման 30-ամեայ ուղին. հանրային աջակցութիւն եւ իշխանութեան դիմադրութիւն»: Ան ըսաւ, թէ 30 տարուան ուղին բաւական բարդ եղած է, լի դժուարութիւններով, սակայն իւրաքանչիւր փուլի ալ կարելի եղած է տարբեր ձեւերով լուծումներ ու ելքեր գտնել: Օհանեան խօսեցաւ հիմնական երեք ժամանակաշրջաններու մասին` Խորհրդային տարիներ, երբ անազատութեան եւ վախի մթնոլորտ կը տիրէր, 1991-էն ետք, երբ ազատութեան գինն ու արժէքը գիտցան ո՛չ միայն լրագրողները, այլ նաեւ ժողովուրդը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը արգիլելու եւ դաշնակցական մամուլը փակելու մասին` հաստատելով, որ անիկա մեծ հարուած էր, որովհետեւ թշնամական վերաբերումի կ՛ենթարկուէին կուսակցութիւնն ու անոր օրկանները, խօսքի ազատութիւնը: Ապա զեկուցաբերը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն, յատկապէս Հայաստանի ժողովրդային շարժումին յաջորդած ժամանակաշրջանին մամուլին մէջ պարզուած պատկերին, ըսաւ, որ հայաստանեան մամուլին մէջ մեծ անկում կայ, ժամանակը իր պահանջները կը պարտադրէ, տպագիր մամուլը ճգնաժամի մէջ է:
Զարմիկ Պօղիկեան խօսեցաւ «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր»-ուն մասին` նախ անդրադառնալով սփիւռքահայ մամուլի յառաջացման ու զարգացման տուն տուած պատճառներուն, անցած ուղիին: Ան նշեց, թէ սփիւռքահայ մամուլը միշտ ալ ունեցած է ազատ խօսելու եւ գործելու տարածք, նպատակ ունեցած է քննական միտք պատրաստել, մշակոյթ ու լեզու պահպանել եւ տարածել: Ապա ան անդրադարձաւ ազատ խօսքի ընկալման տարբեր երեսներու, քննադատելու եւ քննադատութիւն ընդունելու երեւոյթներուն` շեշտելով, որ այսօր համացանցային աշխարհին մէջ կարելի չէ կաշկանդումներ դնել, այլ միշտ առկայ է կարծիքն ու հակակարծիքը: Ան հաստատեց, որ բոլոր պարագաներուն ալ պէտք է քաղաքավարական սկզբունքները պահել, խորքային քննարկում կատարել, սրտբաց խօսիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ շինիչ արդիւնքներու հասնիլ:
Երուանդ Ազատեանի նիւթն էր «Նշումներ սփիւռքահայ մամուլին մասին»: Ան ըսաւ, թէ մամուլին դերը միայն իրադարձութիւններուն մասին իրազեկել չէ, այլ անկէ անդին է, համախմբել է ընթերցողը հաւաքական որոշ նպատակներու շուրջ, մղիչ ուժ հանդիսանալ եւ հայութեան ձգտումներուն ծանօթացնել: Ապա սփիւռքահայ մամուլին մասին մանրամասն տուեալներ ներկայացուց` զայն բաժնելով երկու գլխաւոր խումբերու. կուսակցական մամուլ եւ անկախ-այլընտրանքային: Կուսակցական մամուլի պարագային ան նշեց տարբերութիւնները, կուսակցական պատկանելիութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ հասարակաց գիծերը` Հայ դատի հետապնդում, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, միացեալ նպատակներու շուրջ համախմբուածութիւն: Ան հաստատեց, որ կուսակցական մամուլը անկախէն կը տարբերի իր երկարակեցութեամբ, իսկ անկախի պարագային անդրադարձաւ անոր ունեցած յատկութիւններուն, որոնց մէջ հիմնականօրէն անհատական փափաքներն ու ուղղուածութիւնը տիրական են:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի կը յաջորդէին լայն քննարկումներ:
Համագումարը իր նիստերը պիտի փակէ այսօր:
aztagdaily.com/archives/444150