Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակը Պատրաստ է 50 Հոգիով Աշխատանքին

04 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան կարեւոր կը համարէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու բարելաւումը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Սինանեան ըսած է Յուլիս 3-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

Անդրադառնալով գրասենեակի աշխատանքի վերաբերեալ իր տեսալակնին` Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը նշած է, որ ան պատրաստ է 50 հոգիով աշխատելու:

«Գրասենեակը դեռեւս ամբողջովին չէ ձեւաւորուած, սակայն կը կարծեմ, որ 50 հոգիով շատ լաւ կրնանք աշխատիլ: Մենք ամավարկ չունինք, վարչապետի գրասենեակի ամավարկի մէկ մասը կ՛օգտագործենք»,- նշած Սինանեան:

Անդրադառնալով Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործընթացին` ան յայտնած է, որ այժմ իր ղեկավարած գրասենեակը կը վերականգնէ Հայաստանի նկատմամբ վստահութիւնը:

Զարեհ Սինանեան պնդեց, որ գալով Հայաստան` կը ցանկայ Հայրենիքի զարգացման գործին մէջ իր լուման ունենալ, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ իր աշխատանքը ցանկալի արդիւնքներ պիտի տայ:

yerakouyn.com/2019/07/04/սփիւռքի-գործերու-գլխաւոր-յանձնակատա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail