Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իրանի Նախագահին Հետ

03 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռոուհանին ընդունեց ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ իրանական Mehr գործակալութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են շարք մը հարցեր, ներառեալ` երկկողմ կապերը եւ միջազգային ու տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Թեհրանի մէջ մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 16-րդ նիստին: Նիստի ընթացքին յանձնաժողովի անդամները քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման հարցը, անդրադարձած ուժանիւթի, բնապահպանութեան, փոխադրամիջոցներու, ֆինանսական, առեւտրատնտեսական, կրթութեան, մշակոյթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւններուն: Նիստի աւարտին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 16-րդ նիստի մասին փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը:

yerakouyn.com/2019/07/03/փոխվարչապետ-մհեր-գրիգորեան-թեհրանի-մ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail